Շնորհահանդէս` Արամ Մանուկեանի Նամակներու Ժողովածուին
- (0)

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի ծիրին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքի շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին ներկայ էին դաշնակցական գործիչներ, գրողներ, պատմաբաններ, գիտնականներ, հիւրեր Վրաստանէն եւ սփիւռքէն: Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հիմնադիր, պետական, հասարակական գործիչ, ՀՅԴ-ի անդամ Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուն կազմած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Ժողովածուն կազմելու ընթացքին պատմաբանը մեծամասնութեամբ օգտուած է ՀՅԴ-ի արխիւներէն: Պատմական այս բացառիկ փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն Արամ Մանուկեանի` 1904-1915 թուականներուն ծաւալած գործունէութեան վրայ: Ժողովածուին մէջ հրապարակուած են Արամ Մանուկեանի նամակներէն 354-ը, որոնցմէ 325-ը երբեւէ չեն տպագրուած: Նամակներէն 260-ը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպման համար անհրաժեշտ զէնք-զինամթերքի մատակարարման:
«Նամակները նոր լոյս կը սփռեն եւ կը վկայեն ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Արամ Մանուկեանի ունեցած բախտորոշ դերակատարութեան մասին», իր ելոյթին մէջ նշեց հեղինակը:
Փամպուքեան նկատել տուաւ, որ միայն տարուան մը ընթացքին` 1904-1905 թուականներուն Մանուկեան 240-է աւելի նամակներ գրած է: «Դժբախտաբար 1914-1915 թուականներուն Արամ Մանուկեանէն սակաւաթիւ գրութիւններ պահպանուած են: Այդ տարիներուն Վասպուրականի, ինչպէս նաեւ միւս հայկական շրջաններու կուսակցութեան արխիւները ժամանակին Ժընեւ չփոխադրելու իբրեւ արդիւնք ոչնչացուած են», նշեց Փամպուքեան:
Ըստ ժողովածուի հեղինակին, Արամ Մանուկեան բաւական ընթեռնլի ձեռագիր ունեցած է, հակառակ անոր որ նամակներէն շատերը հապճեպօրէն գրուած են: Նամակներուն մէջ կ՛առանձնանան Արամ Մանուկեանի լեզուական եւ ուղղագրական առանձնայատկութիւնները:
Փամպուքեան նշեց, որ Արամ Մանուկեան իր նամակներուն մէջ յաճախակի գործածած է ծածկանուններ, որոնք հիմնականին մէջ վերաբերած են տեղանուններուն: Գաղտնիութեան նկատառումներէն մեկնելով` դաշնակցական գործիչը յաճախ գործածած է թուանշանային ծածկագիրներ:
Խօսելով Արամ Մանուկեան պետական եւ հասարակական գործիչին մասին` Փամպուքեան ըսաւ. «Արամ Մանուկեան խստապահանջ եւ կարգապահ կուսակցական էր: Ան օժտուած էր մարդիկը համախմբելու արտասովոր հմայքով եւ կարողութեամբ: Անոր խօսքը յանդուգն էր եւ համոզիչ»:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան նշեց, որ ասիկա Արամ Մանուկեանի փաստաթուղթերու վերաբերեալ երրորդ հրատարակութիւնն է. «Արամ Մանուկեանի փաստաթուղթերը առաջին անգամ հրատարակուած են Պէյրութի մէջ` Հրաչ Տասնապետեանի կողմէ, երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է ազգային արխիւին մէջ պահուած նիւթերու հիման վրայ, իսկ երրորդը Փամպուքեանի խմբագրած հրատարակութիւնն է, որ հաճելի զուգադիպութեամբ համընկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին հետ»:
Նշենք, որ նամակներու ժողովածուն լոյս տեսած է 1000 օրինակով: Հատորը տեղադրուած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի historyofarmenia.am կայքին վրայ: