Շաքիի մէջ հայ կնոջ վրայ կրակ բացած ատրպէյճանցի զինուորին գործը փոխանցուած է դատարան
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը դատարան փոխանցած է Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ ներթափանցած եւ հայ կնոջ մը վրայ կրակ բացած ատրպէյճանցի զինուոր Նասիմի Մուսաեւի քրէական գործը։
Դատախազութեան 16 նոյեմբերի հաղորդումին համաձայն՝ նախաքննութիւնը աւարտած է, իսկ մեղադրական եզրակացութիւնը ներկայացուած է Սիւնիքի մարզի առաջին ատեանի դատարան։
Դէպքը պատահած էր 1 հոկտեմբերին, երբ ատրպէյճանցի զինուորը ապօրինաբար մուտք գործած էր Սիսիան համայնքի Շաքի գիւղի բնակելի տուներէն մէկը։ Տան բնակիչներուն կողմէ յայտնաբերուելէ ետք ան կրակ բացած էր՝ վիրաւորելով 1987-ին ծնած Անի Աւետիսեանը։
Տուժածին քրոջ փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ զինուորը սպառնացած էր նաեւ տան երեխաներուն, իսկ Աւետիսեան, փորձելով պաշտպանել զանոնք, ստացած էր ծանր վնասուածքներ, ներառեալ ձախ ձեռքի երեք մատներու կորուստը։
Դէպքէն ետք զինուորը փախուստ տուած էր, սակայն հետագային յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած էր նոյն գիւղի ուրիշ տան մը մէջ։ Անոր նկատմամբ մեղադրանքներ ներկայացուած են Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի հինգ յօդուածներով։
Այս ծանր միջադէպը անգամ մը եւս ուշադրութեան կեդրոն կը բերէ Սիւնիքի սահմանամերձ բնակավայրերու ապահովութեան եւ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան հարցերը, որոնք կը շարունակեն մնալ լուրջ մտահոգութեան առարկայ։