«Շարունակէ՛ք մեր սուրբ գործը». Ընկեր Ռուբէն Գույումճեանի յիշատակին

Ստորեւ Վիգէն Աբրահամեանի դամբանական խօսքը՝ յանուն ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին, ընկ. Ռուբէն Գույումճեանի յուղարկաւորութեան, Մոնթրէալի մէջ, 19 նոյեմբեր 2021-ին։

Ընկեր Ռուբէն Գույումճեանի մասին դժուար է ամփոփ խօսիլ։ Մեր համայնքի անցնող կէս դարը երբ դիտենք, այնտեղ մեծ տառերով գրուած են իր եւ իր սիրելի կողակիցին՝ ընկերուհի Անահիտի անունները որպէս ամենաեռանդուն մասնակիցներու մեր համայնքային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս։

Եւ պատահական չէր այդ եռանդը։ Երկուքն ալ աճած էին յետ-եղեռնեան Պոլսոյ այն շրջանակներուն մէջ, որոնք հայութեան տուած էին Արշաւիր Շիրակեանի, Վահագն Տատրեանի նման առաջամարտիկներ, ժառանգած էին անոնց եռանդն ու կիրքը եւ իրենց հետ բերած Մոնթրէալ։

Ընկեր Ռուբէն հասակ առած էր Եղեռնէն վերապրողներու ընդլայնեալ ընտանիքի մը մէջ, մեծ գերդաստանի միակ արու շառաւիղը, ինչպէս եւ իր հայրն էր։ «Եղեռնի պատմութիւնը ես տունը սերտեցի, այդ վերապրողներու խօսակցութիւնները լսելով, երբ, օրինակ, կը վիճէին թէ իրենց ծանօթներէն ո՞վ ո՞ր ծառին կամ թուփին տակ սպանեցին» կը բացատրէր։

Համալսարանական ուսումը աւարտելով, ան զօրակոչուած էր թրքական բանակ որպէս ծովային սպայ, եւ պաշտօնի նշանակուած Անգարա, Ծովուժի գլխաւոր հրամանատարութեան շէնքին մէջ։ Օժտուած դիտելու բնատուր ձիրքերով, ան մօտէն ուսումնասիրեց թուրքը իր բոլոր տեսակներով. գիտութիւն մը որ հետագային մեծապէս օգտակար պիտի ըլլար իր Հայ Դատի աշխատանքներուն համար։

1967-ին Մոնթրէալ հաստատուելով, Գույումճեան երիտասարդ ընտանիքը չէր կրնար բաւարարուիլ միայն իր սահմանափակ առօրեայով, այլ ոգի ի բռին մտաւ համայնքի կազմակերպական կեանքին մէջ։

Մանկութենէն մարզասէր եւ մարզիկ, Ռուբէն աշխոյժ էր ՀՄԸՄ-էն ներս, — 14 տարիներ մարզեց ոտնագնդակի աւագ տղոց խումբը եւ զայն առաջնորդեց մեծ յաջողութիւններու, — ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ Ս.Յակոբ վարժարանի հիմնադրման աշխատանքներուն՝ տարիներով անդամակցելով կրթական մարմնին։

1985-ին Ռուբէնին առաջարկուեցաւ մաս կազմել Օթթաուայի 3-ի պաշտպան յանձնախումբին։ Առաջարկը սիրով եւ, ինչու չէ, հպարտութեամբ ընդունեց իբրեւ նուազագոյնը որ կրնար ընել որպէս հայ, հակառակ որ զգուշացուած էր թէ իր այդ քայլը կրնայ ժխտական անդրադառնալ Պոլիս մնացած իր ազգականներուն վրայ։

Ընկեր Ռուբէն Դաշնակցութեան շարքերը մտաւ համեմատաբար ուշ՝ բայց ոչ ուշացած. մեզմէ շատեր հաւանաբար դեռ կը յիշեն այն հազուագիւտ իրադրութիւնը, երբ այս կեդրոնի յարկին տակ միաժամանակ իրենց դաշնակցականի երդումը տուին հայր եւ դուստր Գույումճեանները։ Եւ այդ օրէն սկսեալ, իր կեանքը նոյնացաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն հետ. իր կիրքը, եռանդը, գիտելիքները, ամբողջ ժամանակը նուիրեց մէկ եւ միակ նպատակի մը՝ իր ժողովուրդին արդար դատի առաջխաղացումին։ Մնայուն անդամն էր Հայ Դատի յանձնախումբերուն՝ շրջանային կամ տեղական։ Նահանգային թէ դաշնակցային խորհրդարաններն ու երեսփոխանները կը ճանչնար իր ձեռքի հինգ մատներուն պէս։ Եւ այդ եռանդը, սթափ կիրքը եւ աննահանջ յամառութիւնը, իր եւ իր գործակիցներուն աշխատանքները պսակեցին իրերյաջորդ յաջողութիւններով. Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր Ծերակոյտէն՝ 2002-ին, խորհրդարանէն՝ 2004-ին, կառավարական ճանաչման յայտարարութիւն՝ 2006-ին գլխաւոր հանգրուաններէն են այդ յաջողութիւններուն։

Այս յաջողութիւններէն ետք ընկեր Ռուբէն չքնացաւ իր դափնիներուն վրայ. հակառակ յառաջացած տարիքին եւ առողջական դժուարութիւններուն, ան մնաց պատնէշի վրայ, նոյնիսկ շրջան մը վարելով Հայ Դատի գրասենեակի վարիչի պաշտօնը։

Միշտ մտահոգ էր գալիքով, որովհետեւ լաւ կը ճանչնար թուրքը, լաւ գիտէր, թէ ան պիտի չհանգստանայ, պիտի շարունակէ դաւադրել այնքան ատեն որ կայ հայը։ Առաջին իսկ օրէն մտահոգ էր Հայաստանի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններով, «թաւշեայ» կոչուած յեղաշրջման հետեւանքներուն մասին։ Եւ դէպքերը եկան աւելիով արդարացնելու իր մտահոգութիւնները։

Սիրելի ընկեր,

Քիչ ետք, թարմ հողաթումբիդ վրայ պիտի երգենք դաշնակցական զինուորին հրաժեշտի երգը, որ կ՚աւարտի պատգամով մը. «Շարունակէ՛ք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»։

Առանց քաջութեան մասին յաւակնութիւններու, քու պատգամած կրքով ու յամառութեամբ, քու օրինակով պիտի շարունակենք մեր սուրբ գործը, մինչեւ հայութեան իղձերու ամբողջական կատարումը։ Դուն քու բաժին ճակատամարտերդ յաջողութեամբ պսակեցիր եւ այսօր կ՚երթաս վաստակած հանգիստի։

Վարձքդ աւելիով կատար,

յիշատակդ՝ միշտ անթառամ։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.