Շահան Գանտահարեան․ Լիբանանի մէջ հայկական համայնքը առայժմ վնաս չէ կրած, սակայն կացութիւնը կը մնայ անորոշ

Լիբանանի մէջ ընթացող ռազմական լարուածութեան լոյսին տակ, տեղւոյն հայկական համայնքը առայժմ մարդկային կորուստներ կամ ուղղակի վնասներ չէ արձանագրած։ Այս մասին Zarkerak-ին յայտնած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան՝ նշելով, որ հայկական համայնքային կառոյցները մինչ այժմ չեն տուժած, սակայն դեռ կանուխ է գնահատել զարգացումներու վերջնական ծաւալը։

Գանտահարեան ընդգծած է, որ ներկայիս խուճապային մթնոլորտ չկայ, սակայն երկրին մէջ կը տիրէ անորոշ եւ մտահոգիչ իրավիճակ։ Ան նաեւ նկատել տուած է, որ այս զարգացումները իրենց բնոյթով կը տարբերուին նախորդ բախումներէն, որովհետեւ անոնք լայն տարածաշրջանային ընդգրկում ունին։

Ապահովական կացութեան հետեւանքով երկրի մէջ շարք մը դպրոցներ փակուած են, իսկ որոշ պետական կրթական հաստատութիւններ տրամադրուած են հարաւային շրջաններներէն եկող տեղահանուածներուն։ Ներկայ պայմաններուն մէջ նաեւ կը փորձուի անցնիլ դասաւանդում չներառող տարբերակներու՝ նկատի ունենալով թէ՛ անվտանգութեան հարցերը եւ թէ փախստականներու աճող հոսքը։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 2-էն սկսեալ Իսրայէլ լայնածաւալ հարուածներ կը հասցնէ Լիբանանի տարածքին մէջ գտնուող «Հըզպոլլահ» շարժման կառոյցներուն՝ այն բանէն ետք, երբ կազմակերպութիւնը ստանձնեց Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններուն դէմ իրականացուած հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու յարձակումներու պատասխանատուութիւնը։ Թել Աւիւ յայտարարած է, թէ գործողութիւնները կը թիրախաւորեն Արեւմուտքի կողմէ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանաչուած «Հըզպոլլահ»-ի ենթակառոյցները ամբողջ Լիբանանի տարածքին մէջ։

Գանտահարեան նաեւ նշած է, որ Լիբանանը փաստօրէն ներքաշուած է տարածաշրջանային բնոյթի պատերազմական զարգացումներու մէջ։ Ան յիշեցուցած է, որ Իսրայէլը նախապէս զգուշացումներ ուղղած էր «Հըզպոլլահ»-ին՝ որեւէ ռազմական քայլ չձեռնարկելու մասին, սակայն նաեւ աւելցուցած է, որ իրական կացութիւնը ամբողջութեամբ յստակ չէ եւ տեղեկատուական պատերազմ եւս կը տարուի։

Ան նաեւ շեշտած է, որ Իսրայէլ երկար ժամանակէ ի վեր կը խախտէր հրադադարի պայմանները՝ շարունակելով թիրախաւորուած գործողութիւնները եւ անօդաչու սարքերու թռիչքները Լիբանանի օդային տարածքին մէջ։ Ներկայիս Իսրայէլ կը յայտարարէ, թէ հրադադարի համաձայնութիւնը չեղարկուած է եւ իրավիճակը մտած է բացայայտ պատերազմական փուլ։

Գանտահարեանի համաձայն, վերջին զարգացումներուն մէջ նոր հանգամանքն այն է, որ Լիբանանի նախագահը եւ կառավարութիւնը որոշում ընդունած են չարտօնելու «Հըզպոլլահ»-ի ռազմական եւ անվտանգային գործողութիւնները եւ կոչ ուղղած են, որ կազմակերպութիւնը վերածուի բացառապէս քաղաքական ուժի։

Ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին ոչ միայն երկրի հարաւային շրջաններուն մէջ, այլ նաեւ Պէյրութի հարաւային հատուածներուն մէջ։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ վերջին ժամերուն հարուած արձանագրուած է Պէյրութի քրիստոնէաբնակ շրջաններէն մէկուն մէջ գտնուող հիւրանոցի մը դէմ, ենթադրաբար այնտեղ գտնուող թիրախ մը ոչնչացնելու նպատակով։

Գանտահարեան նաեւ նշած է, որ Իսրայէլի հիմնական նպատակներէն մէկը կը թուի ըլլալ Լիբանանի հարաւին մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելը՝ ներխուժման միջոցաւ։ Անոր համաձայն՝ առաջին քայլերը արդէն իսկ նկատելի են, եւ իսրայէլեան ուժերու շարժեր արձանագրուած են դէպի Լիբանանեան սահման։

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, բախումներուն հետեւանքով Լիբանանի մէջ զոհերու թիւը անցած է 50-ը, կան հարիւրաւոր վիրաւորներ, իսկ շուրջ 58 հազար բնակիչներ ստիպուած եղած են լքել հարաւային շրջանները։

Իսրայէլ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ շարք մը գիւղերու բնակչութեան՝ լքելու իրենց տուները՝ զգուշացնելով, որ այդ շրջանները կրնան ենթարկուիլ հրթիռակոծութեան։ Թէեւ յայտարարուած է, որ հարուածները կը կատարուին ռազմական թիրախներու դէմ, սակայն վնասներ կը կրեն նաեւ քաղաքացիական ենթակառոյցներ եւ բնակելի շէնքեր։

Գանտահարեան ի վերջոյ զգուշացուցած է, որ եթէ տեղահանուածներու հոսքը շարունակէ աճիլ, Լիբանանը կրնայ կանգնիլ լուրջ մարդասիրական մարտահրաւէրի դիմաց, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ երկիրը արդէն կը գտնուի ծանր ընկերատնտեսական ճգնաժամի մէջ։