Շաբթուան ամփոփումը (9 ապրիլ 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Ապրիլ 11-12-ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովը, որ նպատակ ունի քննարկել վերջին տարիներուն հայաշխարհը ցնցած տագնապները եւ ձեւաւորել համահայկական միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք։ Խորհրդաժողովը պիտի համախմբէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ՝ աւելի քան 25 երկիրներէ, ներառեալ Գանատայէն, որոնց շարքին համայնքային ղեկավարներ, քաղաքական եւ հանրային գործիչներ, գիտնականներ եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Օրակարգին մէջ ընդգրկուած են սփիւռքի ռազմավարական դերը, ազգային արժէքներու եւ եկեղեցւոյ նշանակութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ սփիւռքի վերաշխուժացումը։ Վերջաւորութեան նախատեսուած է հրապարակել համահայկական կոչ-յայտարարութիւն եւ յաջորդական նախաձեռնութիւններու մեկնարկ։

– Ապրիլ 1-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, իր շքախումբով այցելեց Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարան, ուր ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին նահանգային երեսփոխան Արիս Պապիկեան ողջունեց Սրբազան Հօր եւ պատուիրակութեան ներկայութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը այցելեց անոր գրասենեակը եւ հանդիպումներ ունեցաւ կարգ մը նախարարներու հետ՝ քննարկելով Օնթարիոյի հայ համայնքին վերաբերող հարցեր։


ՀԱՅԱՍՏԱՆ

– Անցեալ շաբաթ Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, ուր յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ այլեւս պէտք չէ շարունակուի Ղարաբաղեան շարժումը՝ յղում կատարելով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման։ Իր կարգին, Փութին ընդգծեց, թէ Մոսկուան կը ցանկայ, որ Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը մասնակցին յառաջիկայ ընտրութիւններուն, մինչ Փաշինեան շեշտեց, որ մասնակցութիւնը սահմանափակուած է միայն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող անձերով, անուղղակիօրէն ակնարկելով Սամուէլ Կարապետեանի թեկնածութեան։ Կողմերը նաեւ անդրադարձան քաղաքական արտաքին ուղղութիւններուն՝ Փութին նշելով ԵՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի համատեղ անդամակցութեան անհնարութիւնը, իսկ Փաշինեան փորձեց պաշտպանել երկու ուղղութիւններու համադրումը։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան կրկին քննադատեց ՀԱՊԿ-ն՝ յիշեցնելով 2022-ի դէպքերուն ընթացքին անոր անգործութիւնը, ինչ որ կը շարունակէ լարուած պահել հայ-ռուսական յարաբերութիւնները։

– Անդրադառնալով Փաշինեանի կատարած անհիմն պնդումներուն, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան յայտարարած է, թէ Արցախի շուրջ հիմնական բոլոր հարցերը քննարկուած են Հայաստանի ղեկավարութեան հետ եւ կտրականապէս հերքած է Փաշինեանի այն պնդումները, թէ արցախցի ղեկավարները պատերազմի ընթացքին «փախած են»՝ զանոնք որակելով զառանցանք եւ պառակտիչ հռետորաբանութիւն։ Ան շեշտած է, որ պատերազմի օրերուն քաղաքական եւ դիւանագիտական պատասխանատուութիւնը կը կրէին Հայաստանի գործող իշխանութիւնները, որոնց որոշումներուն հետեւանքով ալ կորսուած է Արցախը։ Շահրամանեան նաեւ պարզաբանած է, որ նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը եղած է անձնական որոշում՝ առանց քաղաքական ճնշումի, եւ ընդգծած է, որ Արցախի ղեկավարութիւնը փորձած է խուսափիլ նոր բախումներէն։ Ան եզրափակած է՝ վերահաստատելով, որ հայաթափումէն ետք ալ արցախցիները պիտի շարունակեն պայքարիլ իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի պահպանման ի խնդիր։

– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան 18-րդ համագումարին ընթացքին երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերընտրուեցաւ կուսակցութեան առաջնորդ եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ուղղակիօրէն պիտի չմասնակցի յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ առաջնահերթութիւն տալով իշխանափոխութեան հասնելու նպատակին։ Իր ելոյթին մէջ ան խիստ կերպով քննադատեց գործող իշխանութիւնը՝ զայն որակելով «աղէտաբեր ռեժիմ» եւ պատասխանատու համարելով 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան։ Սարգսեան նշեց, որ կուսակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ ընդդիմադիր դաշտի աջակցութեան եւ ընտրողներու համախմբման վրայ՝ միաժամանակ ընդունելով, որ ընդդիմութեան մէջ աւելի բարձր վարկանիշ ունեցող ուժեր կան։

– ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան խիստ քննադատութեան ենթարկած է իշխանութեան նախընտրական ծրագիրը՝ պնդելով, թէ ան կ՚արտացոլէ Ալիեւի պահանջները եւ առաջին անգամ Հայաստանի պատմութեան մէջ՝ օտար օրակարգ կը ներկայացուի որպէս ներքին քաղաքական ծրագիր։ Ան յիշեցուցած է 2021-ի չկատարուած խոստումները՝ նշելով, որ իշխանութիւնը արդէն յանձնած է Արցախը եւ Հայաստանի որոշ տարածքներ, իսկ ներկայ ծրագիրը կը շարունակէ նոյն գիծը։ Սաղաթէլեան նաեւ մատնանշած է, որ ծրագրին մէջ ներառուած սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ «միջանցքներու» հարցը կը համընկնին ոչ միայն Ալիեւի, այլեւ Էրտողանի քաղաքական նպատակներուն հետ, իսկ եկեղեցական հարցերուն վերաբերող դրոյթները որակած է հակասահմանադրական՝ զգուշացնելով, որ այս ծրագրին աջակցիլը կը նշանակէ աջակցիլ արտաքին ուժերու օրակարգին։

– Հայաստանի Ազգային ժողովը ապրիլ 7-ին արտահերթ նիստի մը ընթացքին առաջին ընթերցմամբ ընդունած է «Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, որով իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը նախատեսէ արգիլել կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու անուններուն մէջ անձնանուններու գործածութիւնը։ Նախաձեռնութիւնը արդէն քաղաքական բարձր տաղտուկ յառաջացուցած է, եւ իրաւապաշտպան Գոհար Մելոյեան յայտնած է, թէ փոփոխութիւնը ուղղուած է մասնաւորապէս Սամուէլ Կարապետեանի անունի կիրառման դէմ՝ զայն գնահատելով որպէս ընտրական գործընթացի միջամտութիւն։ Ան ընդգծած է, որ խնդիրը կը վերաբերի բոլոր ընտրողներուն իրաւունքներուն եւ հարուած կը հասցնէ երկրի ժողովրդավարական հիմքերուն։


ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

– Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարուած երկու շաբթուան հրադադարը արդէն վտանգուած է, քանի որ անոր հրապարակումէն ժամեր անց հրթիռային եւ անօդաչու նոր յարձակումներ արձանագրուած են տարածաշրջանին մէջ։ Նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ հովանաւորուած համաձայնութիւնը, որուն փոխ-նախագահ Ճէյ Տի Վանս «փխրուն» բնոյթ տուած է, կը մնայ անորոշ բովանդակութեամբ, քանի որ կողմերը տարբեր կերպ կը մեկնաբանեն անոր պայմանները՝ յատկապէս Հորմուզի նեղուցի վերահսկողութեան, Իրանի միջուկային ծրագրին եւ Լիբանանի ճակատին վերաբերեալ։ Իսրայէլ շարունակած է իր գործողութիւնները Լիբանանի մէջ, մինչ «Հըզպալլա»-ն եւս ամբողջովին չէ պարտաւորուած հրադադարին, իսկ Իրանը կը պահպանէ իր ազդեցութիւնը նեղուցին վրայ։ Չնայած տնտեսական սկզբնական դրական արձագանգներուն՝ իրավիճակը կը մնայ ծայրայեղօրէն անկայուն, բազմաթիւ զոհերով եւ շարունակուող բախումներով, ինչ որ կը վկայէ, թէ համաձայնութիւնը աւելի ժամանակաւոր դադար մըն է, քան կայուն լուծում։