Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ Հ.Յ.Դ. «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Horizon Weekly Newspaper
12 Յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցան ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները։
Հանդիպման ներկայ էին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։
Անոնք Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին գաղութին մէջ կատարուելիք յառաջիկայ բոլոր ծրագիրները եւ ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները։