Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ նամակով դիմած է ԱՄՆ փոխ նախագահին Պաքուի հայ բանտարկեալներու ազատագրութեան հարցով

Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահին՝ Ճէյմս Տէյվիտ Վանսի օրեր առաջ գրած յատուկ նամակով մը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անոր ուշադրութեան յանձնած է Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարներուն եւ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման հարցերը՝ դիմելով անոր անձնական միջամտութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը։

Յիշեալ նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուցած է, որ միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը շեշտէ թէ՛ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ թէ՛ հոգեւոր-մշակութային կոթողներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ փետրուար ամսուան ընթացքին ԱՄՆ փոխ նախագահը յաջորդաբար պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։