Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմի այցելութիւնը, Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2025-ին։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութեան, իր զանազան երեսներով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ՝ նկատի ունենալով, որ դեսպանին դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատուութեան մաս կը կազմէ նաեւ Սուրիան։

Դեսպան ՄըքՔալըմ Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց, որ մօտ ապագային պիտի վերադառնայ Գանատա՝ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստանձնելու համար Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։ Այս գծով ան նշեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր սերտ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի հայ համայնքին հետ։

Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս դեսպանին նուիրեց վերջին հրատարակած գիրքը՝ «In Search of Self-Understanding»: