Նոր արեւելումով Հայ Դատի հետապնդման քաղաքականութիւն
Յ. Պալեան
Իրականութիւնները առարկայականութեամբ դիմագրաւել, նոյնիսկ դէմ երթալով սովորութեան, մանաւանդ՝ զգացականութեան:
9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ Յայտարարութենէն ետք, որ Հայաստանը դարձուց պարտուած երկիր, ենթակայ օտար ուժերու, անզօր՝ Հայ Դատի առաջնորդող եւ նեցուկ ըլլալու: Դեռ Թուրքիան (եւ Ատրպէյճանը) կրնայ յարաբերութիւններու ըստ իր հայեացքներու բնականոնացման համար պահանջել, որ Հայաստանի քաղաքական բառապաշարէն հանուի ցեղասպանութիւն բառը, չյիշատակուի զանազան ժողովներու մէջ եւ բեմերէ, նոյնիսկ փակուի Ծիծեռնակաբերդը: Այս խօսքերուն մէջ չարամտութիւն պէտք չէ փնտռել: Խաղաղութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման համար Հայաստան կրնա՞յ այս բաւարարութիւնը չտալ:
Մեկնելով այս կացութենէն, Հայ Դատի հետապնդումը վերատեսութեան պէտք է ենթարկել: Հայ Դատը ՀԱՅՐԵՆՀԱՆՈՒԱԾ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԴԱՏն է, հարկ է զայն վերանայիլ որպէս ռազմավարութիւն եւ որպէս մարտավարութիւն: Այս հարցը, պատմական իրադրութեան որպէս հետեւանք, այսօր դարձած է հայրենահանուած ժողովուրդի ամբողջական պատասխանատուութիւնը:
Սահմանում. Արեւմտահայութիւնը հայրենահանուած ժողովուրդ է, ոչ միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած: Բռնագրաւուած է անոր բազմադարեան օրրան հայրենիքը: Հայ Դատը ոչ թէ ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդում է,- ճանաչումը մխիթարական պարգեւ է,- այլ էապէս Արեւմտահայութեան Հայրենիքի եւ անոր վրայ ապրելու իրաւունքի վերականգնում: Իրադրութիւնը այնպէս է, որ տրորուած ազգի երկրէն դուրս գտնուող հաւաքականութեան անսակարկելի իրաւունքն է ճշմարիտ եւ ամբողջական իմաստով Հայ Դատի հետապնդումը:
Երէկ կարելի էր յուսալ, որ հայոց հայրենիք Հայաստանի պետութիւնը կրնար քաղաքական-դիւանագիտական նեցուկ ըլլալ, ըլլալով միջազգային ճանաչում եւ իրաւունքներ ունեցող քաղաքական իրաւասու ազդակ: Այսօր իրատեսութեամբ պէտք է ընդունիլ, որ ան այդ նեցուկը պիտի չըլլայ երկար ժամանակ: Այդ կ’ըսեն պարտութեան հետեւանքները, այն բոլոր զիջումները զորս կ’ուզեն պարտադրել: Պարտուած երկիր եւ իշխանութիւն իրենք զիրենք պարտադրելու համար ոչ մէկ խաղաթուղթ ունին, բախտաւոր պարագային կրնան խուսանաւել եւ զիջումները ձեւական բարեփոխումներու ենթարկել տալ:
Այս խոստովանութիւնը ընել շատ դժուար է, մանաւանդ երեսուն տարի փայփայուած այն գոհունակութենէն ետք, որ մեր ժողովուրդը դադրած էր հող կորսնցնելէ եւ հող ազատագրած էր, այդ դիտուած էր պատմութեան կորուստներէն ետք որպէս հայոց հայրենիքի ամբողջականութեան վերականգնումի քայլ:
Սփիւռքը, որպէս հայրենահանուած եւ հայրենազրկուած ժողովուրդի յետնորդներու հաւաքականութիւն, հրապարակ պէտք է գայ միջազգայնօրէն ճանաչելի կազմակերպութիւն: Միջազգային տեսանելիութեան անմիջական բեմ կրնայ ըլլալ UNPOն, (Unrepresented Nations and Peoples Organization), ՉՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԱԶԳԵՐՈՒ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆը, որ միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որուն անդամները բնիկ ժոովուրդներ են, փոքրամասնութիւններ, ոչ ինքնիշխան կամ բռնագրաւուած տարածքներ: Անոր կ’անդամակցին 44 ժողովուրդներ եւ ազգեր:
Արեւմտահայաստանի եւ անոր ժողովուրդի դատը ցեղասպանութեան ճանաչումով սահմանափակել կը նշանակէ հայ ժողովուրդի իրաւազրկման նպաստել:
Հայաստանի պարտադրուող նոր իրադրութիւնը կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկել Հայ Դատ ըմբռնումը, վերականգնել անոր հիմնական քաղաքական խարիսխը, որ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի ազատագրումն է եւ անոր վերադարձը այդ աշխարհէն հայրենահանուածներու յետնորդներուն:
Այս հեռանկարային քաղաքական ըմբռնում է, չի հակադրուիր ներազգային քաղաքական կազմակերպութիւններուն, այլ անոնց առջեւ կը բանայ ցարդ եղած ընթացիկէն տարբեր գործունէութեան եւ համագործակցութեան դաշտ:
Յաճախ գրող մը,- կամ բանաստեղծ մը,- ցոյց կու տայ քաջ յանձնառութեամբ նպատակ հետապնդելու ուղին: Հայրենահանուած հայ ժողովուրդի զաւակները եւ յետնորդները կրնան ներշնչուիլ ֆրանսացի մեծ գրող Անթուան տը Սէնթ Էքզուբերիի մարդկայնական իմաստութենէն: Ան կ’ըսէ, իր «Մարդոց Երկիր» (Terre des hommes) գիրքին մէջ. «Ընկերներու մօտ է որ սորվեցայ, պայքարի մէջ, քաջութեան իմաստը: Միշտ տեսած եմ որ մարդիկ եւ կիներ, կը վտանգեն իրենց կեանքը, եւ կը զոհեն զայն, գաղափարի մը համար: Տեսայ մարդիկ, որոնք բրտութիւնները եւ տանջանքները կը կրէին առանց տկարանալու, յայտնաբերելով աներեւակայլի ուժ եւ դիմադրականութիւն: Սորվեցայ, որ քաջութիւնը վախի բացակայութիւնը չէ, այլ զայն յաղթահարելու կարողութիւնը» (ընդգծ. Յ.Պ.):
Ինչպէ՞ս վերատեսութեան ենթարկել ՀԱՅ ԴԱՏի ըմբռնումը, անոր տալ քաղաքական-կազմակերպական կառոյց եւ տեսանելիութիւն, զայն միջազգայնացնել եւ դարձնել խօսակից, իրաւատէր եւ իրաւունք պահանջող բանակցող կողմ: Հայու բարոյական անշրջանցելի պարտքն է քաջութեամբ ընդգրկուիլ այդ ճամբուն վրայ:
Հայ Դատի ցարդ եղած ըմբռնումը, կառոյցը, գործունէութիւնը, ղեկավարումը պէտք չէ դրժել, այլ անոր տալ գաղափարական-քաղաքական նոր խարիսխ:
Ստեղծուած նոր կացութեան մէջ, եւ ցարդ ձեռք բերուած «յաջողութիւններ»ու լոյսին տակ, Արեւմտահայաստանի տիրութիւնը եւ անոր ժողովուրդի իրաւունքի վերականգնումը կը պահանջեն հոգեբանական եւ կազմակերպական յեղափոխութիւն: Նոր ծրագիր, նոր կազմակերպութիւն, քաղաքական նպատակասլաց ռազմավարութիւն, լայնածիր քարոզչութիւն զանգուածային յանձնառութեան հասնելու համար:
Սփիւռքի իսկական քաղաքական ղեկավարութիւններուն համար այս ճշմարտութեան պահ է:
Կամ հայրենահանուած արեւմտահայ ժողովուրդի դատը կը դառնայ միջազգային քաղաքական հարց, կը ստեղծուին միջոցները այդ հարցի հետապնդման համար, ան կը հետապնդուի ոչ-սիրողական եղանակով, պատրաստուած եւ յանձնառու ղեկավարներով, կամ կը շարունակենք գոհանալ անվաղորդայն ճանաչումներով:
Մտաւորականութիւն, քաղաքական գործիչներ, հայրենիքի կորուստի ցաւը պատմութեան շահ-վնասի տոմարներու մէջ չդասած հայրենասէրներ, հրապարակ պէտք է գան որպէս բռնագրաւուած հայրենիքի տէր, համահայկական պայքարի յանձնառութեամբ, նպատակ ունենալով բռանգրաւուած հայրենիքի ազատագրումը:
Այս ընելու համար դէմ պէտք է երթալ էսթէպլիշմընթի դասական յաւելեալ իրաւունքի ջլատող հոգեբանութիւն-փառասիրութեան, եւ ընթանալ յաւելեալ պարտքի եւ զոհաբերութեան ազնուական գաղափարախօսութեամբ:
Եւ Հայ Դատը կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ. ազատագրել բռնագրաւեալ հայրենիքը եւ իրականացնել ժողովուրդի հոն ապրելու իրաւունքը:
Այս ըմբռնումը պէտք է տանիլ իւրաքանչիւրի յարկին տակ, պատրաստելու համար վաղուան հաւաքական յաջողութիւնը:
Որպէսզի դուրս չդրուինք պատմութեան բեմէն եւ մեր մասին օր մը չխօսուի որպէս անցեալ:
Միջին ճամբաներով եւ պատշաճեցումներով տեւել ազգային քաղաքականութիւն չէ:
Անհատական եւ հաւաքական արժանապատուութեան հարց է Հայ Դատը, իր ամբողջական իմաստով, զոր ունինք կամ չունինք:
Այսինքն՝ անհետանալ, կամ տէր ըլլալ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանին:
Այս ԴԱՏը ինչպէ՞ս միջազգայնացնել, ինչպէ՞ս լսուիլ: Ինչպէ՞ս նկատի առնուիլ:
Այս մասին պէտք է խօսիլ եւ գործել: Ուրիշներ այս պիտի չընեն մեր փոխարէն:
Կրկնե՞նք, որ վաղը միշտ ուշ է…
Պայքարած, բանտերու մէջ իր երիտասարդութիւնը մաշեցուցած յեղափոխական եւ համաշխարհային արժէքով մարդկայնական քաղաքական մեծ դէմք Նելսըն Մանտէլայի վկայութիւնը կրնայ օրինակ է հայրենահանուած-հայրենազրկուած սերունդներու յետնորդներուն, մնալու համար պատնէշի վրայ, ըլլալ միասին՝ ընկերներու հետ: Այդ վկայութիւնը իրաւունքի համար մղուող պայքարներու առաջնորդող իմաստութիւն է:
Սաւառնող է Մանտելայի խօսքը, ուղեցոյց. «Ընկերներու քով է որ ես սորվեցայ, պայքարի ընթացքին, քաջութեան իմաստը: Միշտ տեսած եմ այրեր եւ կիներ, որոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկած են գաղափարի մը համար: Տեսած եմ մարդիկ որոնք տոկացած են բրտութիւններու եւ չարչարանքներու առանց ընկճուելու, ցոյց տալով ամէն կարգի երեւակայութիւն գերանցող ուժ եւ տոկունութիւն: Սորվեցայ, որ քաջութիւնը վախի բացակայութիւնը չէ, այլ կարենալ զայն յաղթահարելու ուժը»:
Պարզ պէտք է ըլլայ, որ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւման եւ հայրենահանուած արեւմտահայութեան հարցը էապէս քաղաքական է, ո՛չ բարեսիրական եւ ո՛չ մարդասիրական:
Ցեղասպանութեան ճանաչումները քաղաքական վերաբերում չեն, մխիթարական-մարդասիրական են: Մեզի յաղթանակի յուզումներ առթած ճանաչումները պատահա՞ծ է որ միաժամանակ ըսեն, թէ ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար:
Մխիթարականէ եւ մարդասիրականէ դուրս գալու եւ պահանջատէր ըլլալու համար քաղաքական բեմ պէտք է ստեղծել, օրինակ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ԱՔՍՈՐԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ: