Նոր ասպատակութիւններ պիտի ըլլան եկեղեցւոյ դէմ. Սէյրան Օհանեան

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է, թէ դեկտեմբեր 18-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցածը ազգային խայտառակութիւն եւ անբարոյականութիւն էր, որ «բացայայտ կերպով հրահրուած էր Հայաստանի իշխանութիւնը զաւթած ուժերուն կողմէ՝ ներքին եւ արտաքին»։

Ըստ անոր՝ ակնյայտ է, որ յառաջիկային նոր զարգացումներ, նոր ասպատակութիւններ պիտի ըլլան եկեղեցւոյ դէմ։

«Մեր պետութեան եւ մեր ժողովուրդին դէմ ծանրագոյն յանցագործութիւններ գործած, մեղքերու մէջ թաթախուած իշխանութիւնը հերթական դաւադրութիւնը իրականացուց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ՝ փորձելով տապալել մեր պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան կարեւորագոյն հիմնասիւններէն մէկը։

Սակայն ամէնէն զազրելին այն էր, որուն ականատես եղանք նաեւ երէկ․ շարք մը բարձրաստիճան, տիրադաւ հոգեւորականներու եւ եպիսկոպոսներու դաւաճանութիւնը՝ իրենց սեփական ուխտին եւ հաւատաւոր եղբայրներուն նկատմամբ։ Անոր դիմաց հնչեց Վեհափառ Հայրապետին արժանապատիւ խօսքը, որ անկեղծ կոչ մըն էր ազգային համախմբումի եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան՝ իր հասցէին ուղղուած ատելութեան ու թշնամանքի խօսքերու փոխարէն։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ակնյայտ է, որ յառաջիկային նոր զարգացումներ, նոր ասպատակութիւններ պիտի ըլլան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ. իշխող խմբակը պիտի փորձէ ամէն գնով իրականացնել աշխարհաքաղաքական դաւադրութեան մաս կազմող նաեւ այս առաջադրանքը։

Այս պատճառով կոչ կ’ուղղեմ բոլորին՝ մնալ միասնական, ինչպէս երէկ, չտրուիլ սադրանքներու եւ համախմբուիլ, ամուր կանգնիլ ու պաշտպանել մեր հաւատքն ու եկեղեցին։ Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մենք յաջողութեան հասած ենք այն ատեն, երբ միասնական եղած ենք»,– կ’ըսուի գրառման մէջ։

Փաշինեանի հետ հանդիպած եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին հանգստի կոչ ընելու պահանջով հաւաքի կոչ ուղղած տասը եպիսկոպոսները դեկտեմբեր 18-ին Էջմիածնի մէջ հանդէս եկան յայտարարութեամբ եւ անմիջապէս հեռացան։ Նոյն ժամանակ Մայր Տաճարին մէջ կը շարունակուէր ժամերգութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մասնակցութեամբ։

«Սուրբ Էջմիածնի դիմաց ոտնձգութեան հերթական փորձը կատարուեցաւ այսօր, դժբախտաբար նաեւ մեր որոշ եկեղեցականներուն միջոցով, սակայն մեր հաւատաւոր ժողովուրդի զաւակները կը մնան աներեր եւ աներկիւղ։ Այս աղմուկը, որ կը բարձրացուի եկեղեցւոյ մէջ, երբեք չի կրնար խաթարել մեր առաքելութիւնը եւ մեր ծրագիրները, որոնք կոչուած են մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր երկրին շինութեան»,– ըսած է Գարեգին Բ.