Նշուեցաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ 40-ամեայ յոբելեանը

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ

Կիրակի, 19 Նոյեմբեր, 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, եկեղեցւոյս քառասնամեակի առթիւ, յոբելինական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի առընթերակայութեամբ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի եւ Արժ. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանի: Պատարագին ներկայ էին Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, Հոգեւոր Հովիւ եւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէաթայեան, Հոգեւոր Հովիւ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ:

Պատարագին սպասարկեցին Բարեշնորհ Սարկաւագներ, Կիսասարկաւագներ եւ Դպիրներ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Զարեհ Ազնաւորեան» Դպրաց Դասը:

Քարոզի պահուն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծ կարեւորութեամբ յիշեց անցնող քառասուն տարիներու գաղութիս զաւակներուն անխոնջ համայնական աշխատանքը ըսելով .- «Մենք որպէս մէկ ընտանիք եւ մեծ ընտանիք կ՚ապրինք, կ՚աշխատինք եւ կը համագործակցինք ի խնդիր մեր համայնքի զօրացման, ի խնդիր մեր զաւակներու հոգեւոր կարիքներուն գոհացման»։

Նախքան Հոգեհանգիստը, քառասուն ամեակի առթիւ, Զարեհ Ազնաւորեան դպրաց դասի նոր կարուած շապիկները օրհնուեցան ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Ապա հոգեհանգիստի պահուն տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, զոր հիւրասիրուած էր Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեան կողմէ ի յիշատակ անցնող քառասուն տարիներու առ յաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյս ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Նաեւ Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւններն ու Հոգաբարձութիւնը հոգեհանգստեան կարգ կատարեցին Եկեղեցւոյս առ յաւէտ բաժնուած կնքահայրերուն եւ «Վահաքն եւ Յասմիկ Յովնանեան» ամոլին՝ եկեղեցւոյս ներքնասրահի գլխաւոր բարերարին:

Յաւարտին, թափօրով եւ «Կիլիկիա»-ի երգեցողութեամբ, սարկաւագները Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղեցին դէպի դահլիճ ուր կատարուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն:

ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր, 2023-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցին հանդիսաւորապէս նշեց իր հիմանդրութեան 40 ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը: Արցախի ճգնաժամային պայմաններուն պատճառով, ճաշկերոյթի բաժինը զանց առնուեցաւ եւ պաշտօնական բաժինը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ ըստ պատշաճի: Օրուայ յոբելինական գլխաւոր հովանաւորներն էին Տէր եւ Տիկին Միքայէլ եւ Օքուքէմի Օլանեան, Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Ֆիմի Պալեան, Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Ռաքէլ Նահապետեան եւ Տէր եւ Տիկին Սէրգօ եւ Ատրիանա Միքայէլեան ընտանիքները.
Հանդիսութիւնը նախագահեց Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեան: Ներկայ էին Թորոնթոյի հայ գաղութի կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները։

Հանդիսութեան սկիզբը, Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան խօսք առաւ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ Ոտնկայս հրաւիրեց նշելու յիշատակը մեր նահատակներուն եւ տեղահաններուն. Ապա, երեք անգամ թակելով իր ձեռքին բռնած ուռնակը (մուրճ) ըսաւ., «33 տարիներ առաջ, առաջին անգամ ըլլալով, երջանակայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս թակեց այս Եկեղեցւոյ դռները, ԲԱՑ ՄԵԶ ՏԷՐ երգելով»։ Այնուհետեւ, Տաթեւ Աւ. Քհնյ. բաց յայտարարեց հանդիսութիւնը հրաւիրելով օրուայ հանդիսավար, Ս. Աստուծածին Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական Անդամ, Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեանը:

Սարգիս Սարկաւագ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ.- «Եւ եթէ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին իր աշխուժութեամբ, իր արարողութիւններով, իր կենսունակ ծառայողներու ներկայութեամբ, եւ իր մարդասիրական աշխատանքներով այսօր ճանչցուած է աշխարհի չորս կողմերէ՛ն, այդ բոլորը կրնանք պարտիլ մի միայն մեր նախնիներուն ջանքերուն ու աշխատանքներուն – ամէնէ մեծէն մինչեւ ամէնայ փոքր, հոգեւորականէն մինչեւ աշխարհականը»։

Ապա տեղի ուենցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, հանդիսավար Սարկաւագը հրաւիրեց 40 ամեակի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկին Մարալ Պէքարեանը որպէսզի իր ուղերձը փոխանցէ ժողովուրդին. Իր խօսքէն ետք, Տիկին Պէքարեան հրաւիրեց եկեղեցւոյս բարերարներուն եւ կնքահայրերուն որպէսզի 40 լապտերներ վառեն, եւ ապա անոնք Եկեղեցւոյս խորանին վրայ զետեղուին:
Ներկայ հաւատացեալները մեծապէս ուրախացան երբ ասումք կատարուեցաւ Կիրակնօրեայի աշակերտութեանց եւ Օրդ. Լոռի Պերպերեանի կողմէ: Վերջիններս ասմունքեցին Եկեղեցւոյս երկարամեայ ծառայողներուն՝ Տիար Գրիգոր Հոթոյեանի եւ հանգուցեալ Տիկին Օժենի Սիմոնեանի հեղինակած եկեղեցւոյ նուիրուած բանաստեղծութիւնները:

Սարգիս Սարկաւագ ապա հրաւիրեց Հոգաբարձութեան կողմէ խօսք արտասնող՝ Տոթք. Գրիգոր Կիսասարկաւագ Պէպէճեանը որ իր ատենապետի խօսքին մէջ ըսաւ «Մեր եկեղեցւոյ չափանիշները միշտ եղած են բարձր ու յառաջդիմական: Եւ մեր ժողովուրդի պահանջներու եւ սպասումներու բարձր նշացողը , մեզ համար եղած են մղիչ ուժ և ներշնչման աղբիւրներ»։

Երեկոն զարդարուեցաւ ջութակահար Տիկին Սոնա Գալթակեան, «Զարեհ Ազնաւորեան» Դպրաց Դասն ու դաշնակահար Տիկին Թալին Արթինեան-Գըլըպօզեանի երաժշտական կատարողութեամբ:

Հոգեւոր Հովիւի խօսք առաւ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանը։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ .- « Հաւաքուած ենք այստեղ այսօր եւ շղթայուած իրարու եւ իրարմով, մեր անցեալով եւ ներկայով, մեր յայտնիներով եւ անյայտներով, մեր ներկաներուն եւ բացականերուն շունչով, շարունակելու եւ առաւել ամրապնդելու մեր տարիներու ծառայութեան շղթային օղակները վերանորոգ կամքով, հաւատքի կրակով եւ յուսահայաց տեսիլքի ապագայով»։
Ապա, Բարեշնորհ հանդիսավարը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը որպէսզի շքանշաններու տուչութիւն կատարէ:

Իրենց ժրաջան աշխատանքին համար Եկեղեցւոյ գնահատագիրներ ստացան՝ Վարդան Սրկ. Գարակիւլէեան, Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեան, Ռաֆֆի Սրկ. Սարգիսեան, Անուշ Կալստեան, Սալփի Սարգիսեան, Ռիթա Սրապեան, Հայկ Սրկ. Ակոբեան, Թալին Քըլըպօզեան, Գէորգ Սրկ. Ալաճաճեան, Լիլիթ Անտոնեան, Սեւան Աթանոսեան, Մարալ Ճամճէքեան, Էլիզ Արթին, Մանուշ Մուրատեան, Հիլտա Գանտահարեան, Հրութ Սիմոնեան, Թալին Մահսերեճեան, Արփի Վեսոյեան, Սեդա Պետրոսեան, Մայտա Ալէքսանեան, Ալիս Զաքարեան եւ Մայտա Ուզունեան
Այս առթիւ, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներն ու Հոգաբարձութիւնը հարկ զգացին նաեւ պարգեւատրել Եկեղեցւոյս կնքահայրերը, որոնք իրենց լուման չզլացան բաժնեկցիլ մեր Եկեղեցւոյ բարօրութեան համար: Առ այդ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ կնքահայրերուն յուշանուէր մը փոխանցեց: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Յովնանեան Սրահի գլխաւոր բարերարին դուստրը որուն եւս յուշանուէր մը փոխանցուեցաւ:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ պարգեւատրումներ փոխանցեց: Առաջնորդի Գիր Օրհնութեան պարգեւ ստացան՝ Տիկին Նորա Սարգիսեան, Տիկին Մարալ Պէքարեան եւ Տիկին Անահիտ Զաքարեան: Անահիտ Շիրակացիի շքանշան ստացան, Տիկին Մարալ Գավասեան եւ Տիկին Մարիժան Պայրագտարեան-Զաթաար: Իսկ Յովնան Մանդակունի շքանշան ստացան, Տիար Յարութիւն Գասապեան եւ Բրշ. Մելքոն Սրկ. Քարկոցեան:

Ապա հանդիսավար Սարկաւագը հրաւիրեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոսը որպէսզի իր Հայրական յորդորը փոխանցէ ներկաներուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայր իր խօսքին մէջ ըսաւ «Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին իր հիմնադրութենէն ի վեր, օր ըստ օրէ կ՚աճի ու կը ծաղկի ու իր հաւաքական կամքով ու կեանքով կը առաւել կը պայծառանայ»։

Հանդիսութիւնը Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի «Պահպանիչ»ի աղօթքով վերջ գտաւ:

Յետ ձեռնարկին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, կարկանդակի հատում եւ վաճառք որուն բոլոր հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախահայութեան:

 

 

Comments are closed.