Նկատումներ` Հայաստանի Կողմէ Պաղեստինի Ճանաչման Յայարարութեան Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը 21 յունիսին հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը:

Թէեւ քիչ մը ուշացած, բայց եւ այնպէս ողջունելի այդ յայտարարութիւնը կը պարունակէր` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրականապէս կը մերժէ զինեալ հակամարտութեան ընթացքին քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը, քաղաքային բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքային անձերու պատանդառումն ու գերեվարումը եւ կը միանայ առանց նախապայմաններու անոնց ազատ արձակման միջազգային ընտանիքի պահանջներուն» բաժինը, որ թէ՛ ուղղակի կերպով, թէ՛ առերեւոյթ կը վերաբերի 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Կազայի իրադարձութիւններուն մէջ:

Ասիկա թէ՛ քննադատելի է, թէ՛ ալ ողջունելի. քննադատելի է, որովհետեւ հակամարտութեան երկու կողմերը` զոհն ու անոր 75-ամեայ դահիճը նոյն նժարին վրայ կը դնէ, սակայն, նաեւ տողատակի ակնարկ ու դատապարտանք է Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի գործած ոճիրներուն, ուստի եւ ողջունելի է:

Իրողութիւն մը, որ կը թուի վրիպած կամ անտեսուած ըլլալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: «Հետաքրքրական» էր վերջինիս Երեւանի քայլը ողջունող յայտարարութեան մէջ «Թուրքիան պիտի շարունակէ իր ջանքերը, որպէսզի յաւելեալ երկիրներ ճանչնան Պաղեստինը» ակնարկը: Տարածաշրջանի ղեկավարութեան յաւակնող Անգարան, այդպիսով կը փորձէ «քրետի»-ն ինք առնել. տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Թուրքիան Հայաստանը համոզած է Պաղեստինը ճանչնալու:

ՊԱԿ-ը, պաղեստինեան իշխանութիւնն ու պաղեստինեան Համաս շարժումը եւս անջատաբար ողջունեցին Հայաստանի քայլը: Սակայն արդեօք որեւէ ամօթ կամ զղջում զգացի՞ն, որ իրենք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւումը չդատապարտեցին:

ՊԱԿ-ն ու Պաղեստինեան իշխանութիւնը առնուազն լուռ մնացին. զաւեշտական-ողբերգականը այն է, որ Համասի բանբեր դոկտ. Սամի ապու Զուհրին 10 նոյեմբեր 2020-ին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով շնորհաւորեց Ազրպէյճանը` «ճակատամարտին մէջ իր արձանագրած յաղթանակին ու բռնագրաւեալ իր հողերուն վերատիրանալուն համար»` աւելցնելով.«Այս է իւրաքանչիւր բռնագրաւումի բնական վախճանը»: Այդպիսով իր հողին բռնագրաւումին դէմ պայքարող շարժումը ողջունած եղաւ մէկ այլ ժողովուրդի պատմական հողին բռնագրաւումը:

Comments are closed.