Նարեկ Կարապետեան. Միացեալ Նահանգներու դերը պէտք է վերածուի ոչ միայն դիտորդի, այլեւ իրական խաղաղութեան երաշխաւորի

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Նարեկ Կարապետեան յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրներու կարգաւորումէն ետք Հարաւային Կովկասը կրնայ վերածուիլ տարածաշրջանի միակ կայուն գօտին։

Կարապետեան այս դիտարկումները կատարած է ամերիկացի ձեռնարկատէր, IBC Group-ի հիմնադիր Մարիօ Նաւալիին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Ան նշած է, որ վերջին տարիներուն տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնը խախտուած է՝ յատկապէս Ռուսաստանի դերի թուլացման հետեւանքով՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի պայմաններուն մէջ։

Անոր համաձայն, Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ ուժային հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ազդեցութեան աճը, նպաստած են նոր պատերազմական զարգացումներու։ Այս ծիրին մէջ Կարապետեան կարեւոր նկատած է արտաքին դերակատարներու ներգրաւուածութիւնը՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու դերը պէտք է վերածուի ոչ միայն դիտորդի, այլեւ իրական խաղաղութեան երաշխաւորի։

Անդրադառնալով TRIPP նախաձեռնութեան՝ Կարապետեան նշած է, որ այն կրնայ նպաստել տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան վերականգնման եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասը հնարաւորութիւն ունի միջազգային հաղորդակցական շղթաներու մէջ դառնալու անվտանգ եւ ռազմավարական խաչմերուկ։