Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ. Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան Պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» Մետալով
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 մարտի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կ՛ընկերակցէին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ արցախցի պաշտօնատար այլ անձեր:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ողջոյնի խօսքէն ետք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս օրերուն Լիբանան գտնուելուն համար: Ան նաեւ յայտնեց, թէ իր Լիբանան ներկայութիւնը նաեւ առիթ է քննարկելու համահայկական ու Արցախի հետ կապ ունեցող հարցերը, ինչպէս նաեւ մեծարելու արցախեան պետականութեան կայացման մէջ իրենց նպաստը բերած անձնաւորութիւնները, որոնցմէ մէկն է հայագէտ եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Այնուհետեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան կարդաց նախագահական հրամանագիրը` պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը պարգեւատրելու գծով: 30 օգոստոս 2016-ին ստորագրուած հրամանագիրը կը նշէ, որ ղեկավարուելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 68-րդ յօդուածի 17-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու մասին» օրէնքը` հանրապետութեան նախագահը կ՛որոշէ ի նշանաւորումն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին եւ պետական, հասարակական, քաղաքական, իրաւական, կրթական, մշակոյթի եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար «Մխիթար Գոշ» մետալով պարգեւատրել հայագէտ եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը:
Փամպուքեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ յիշեց այն օրերը, երբ ղարաբաղեան շարժումի առաջին փուլին խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն կը տիրէր ժողովուրդին մէջ: Այս շարժումը նոր շունչ եւ խանդավառութիւն հաղորդեց մեր երիտասարդութեան, որ տեսաւ, թէ ինչպէս հայրենիքէն պոկուած մէկ մասին վերադարձին համար էր, որ այս աշխատանքը կը կատարուէր: Երուանդ Փամպուքեան վստահեցուց նախագահ Սահակեանին, որ ինչպէս արցախեան ազատագրական պայքարի ժամանակ, նոյնպէս այսօր լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ սատար կանգնիլ Ղարաբաղին:
Պարգեւատրման արարողութենէն ետք նախագահ Սահակեան եւ ՀՅԴ պատուիրակութեան միջեւ տեղի ունեցաւ բաց քննարկում` Արցախի Հանրապետութիւնը յուզող զանազան հարցերու շուրջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Արցախ – սփիւռք համագործակցութեան վերաբերող տարբեր հարցեր: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց արցախեան տագնապին շուրջ արձանագրուած նորագոյն զարգացումները եւ Ազրպէյճանի որդեգրած ռազմատենչ քաղաքականութեան իրերայաջորդ դրսեւորումները:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ արցախեան պայքարի պոռթկման առաջին օրերէն արդէն լիբանանահայութիւնը յատուկ վերաբերում ունեցաւ այս հարցին նկատմամբ, ասիկա մեզի համար ազգային-ազատագրական պայքարի նոր փուլ մըն էր, որ տակաւին չէ աւարտած: Մեզի համար Արցախի ազատագրումն ու անկախութեան հռչակումը փուլեր են Հայ դատի ամբողջական լուծման ճամբուն վրայ:
Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյց մեզի համար պայքարի առաջնահերթ դիրքերէն մէկն է Արցախի հզօրացումը այն բոլոր ոլորտներուն մէջ, որոնք հզօրացման կարիք ունին: Երեսփոխան Բագրատունի յիշատակեց լիբանանահայ դաշնակցական ազատամարտիկները, որոնք նահատակուեցան յանուն Արցախի ազատագրութեան: Բագրատունի նաեւ վստահեցուց, որ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը այդ ճիգէն վախցողը չէ եւ կը շարունակէ սատար կանգնիլ Արցախին:
Յակոբ Բագրատունի իր գոհունակութիւնը փոխանցեց նախագահին, վերջերս ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ը պարգեւատրելուն համար:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց այն, որ յառաջիկային կը նախատեսուի Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քոյր քաղաքներու հռչակում արցախեան շրջաններու հետ: Հանրապետութեան նախագահը մաղթեց, որ ասիկա նախաքայլը ըլլայ լիբանանեան այլ քաղաքներու հետ եւս «քոյր քաղաքներու» դրութիւնը հաստատելու: Շեշտուեցաւ նաեւ արցախեան հարցը արաբական աշխարհին ներկայացնելու կարեւորութիւնը, այս առնչութեամբ նախագահ Սահակեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն` ընդգծելով, որ «Ազդակ» իր առարկայական լուսաբանումներով, վերլուծումներով եւ երկու կայքերով ճշգրտօրէն կը ներկայացնէ տագնապի էութիւնը, եւ թէ «Ազդակ» դարձած է համահայկական տեղեկատուական դաշտի ամէնէն հիմնական յենասիւներէն մէկը: Նախագահ Բակօ Սահակեան համաձայն գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի այն դիտարկումին, որ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էին նախագահ Սահակեանի` Միացեալ Նահանգներ կատարած վերջին այցելութեան յաջողութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ: