Յուշ-երեկոյ՝ նուիրուած 1974-ին Նիկոսիոյ համար մղուող մարտերու ընթացքին նահատակուած յունահայ Բարսեղ Պիպերեանի յիշատակին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-սրահէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Կիպրոսի թրքական ներխուժման 50ամեակին առթիւ յուշ-երեկոյ մը, նուիրուած 1974 Օգոստոսին Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ համար մղուող մարտերու ընթացքին նահատակուած յունահայ հերոս Բարսեղ Պիպերեանի յիշատակին։
Ձեռնարկին ներկայ էր զոհուած զինուորի քոյրը Վիքթորիան ինչպէս նաեւ իր որդին, որոնք անընդմէջ ամէն տարի կ’այցելէն նահատակներու գերեզմանոցը, իրենց հարազատի շիրիմին ծաղկեփունջ մը զետեղելու եւ ննջեցեալի հոգիին համար աղօթելու։
Միջոցառման ներկայ էին՝ կիպրոսի ուղափառ եկեղեցւոյ՝ Արքեպիսկոպոս Եորիոսի ներկայացուցիչ Հայր Տիմոսդենիսը, Հայ Համայնքի Պետական ներկայացուցիչը, հոգեւոր հայրերը, Երեսփոխանական եւ Ազգային ժողովի ատենապետները, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, յոյն կիպրական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ստրովոլոս քաղաքի փոխ քաղաքապետը եւ շարք մը աւաքանիի անդամներ, ինչպէս նաեւ կիպրական եւ յունական բանակի սպաներ։
Բացման խօսք կատարեց յանձնախումբի անդամ Վարդենի Գասապեանը։ Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վարկեան ոտնկայս յարգելու բոլոր անոնց, որոնք զուհուեցան թուրքիոյ կիպրոս ներխուժման շրջանին։ Ապա խօսք առաւ պետական «ՐԻՔ» ռատիոկայանի ծանօթ հաղորդավար Լիցա Մաւրիտուն, որ աւելի քան երեք տասնամեակ կը զօրակցի զոհուած ազատամարտիկներու ծնողներու տարբեր ծրագիրներուն եւ իր հաղորդմներով հանրութեան կը տարածէ տարուելիք աշխատանքները։
Յաջորդեց քահանայ Հօր՝ Տէր Մաշտոցի պատգամը ներկաներուն, իսկ Արմէն Մկրտչեանի դուդուկի ճարտար նուագը տպաւորեց ներկաները։ Ապա, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, որպէս յիշատակ, յուշանուէր մը յանձնեց հերոսի քրոջը։ Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ տիկին Մաւրիտուին, իր մատուցած ծառայութեան համար։ Գեղարուեստական երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ Զարա Բարխուդարեանը, որուն հայերէն եւ յունարէն երգերու կատարումները հրապուրեց ներկաները։
Վերջին բաժինով, ներկաները առաջնորդուեցան նախասրահ, ուր աղօթքէ մը ետք, նահատակ հերոսի քոյրը Վիքթորիան, իր եղբօր՝ Բարսեղ Պիպերեանի քանդակի բացումը կատարեց։ Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։՚
Comments are closed.