Յունահայութիւնը 5000 Եւրոյով Օգնութեան Ձեռք Կը Մեկնէ Սուրիահայութեան
Միջին Արեւելքը հարուածած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքները ամոքելու հաւաքական ճիգին մասնակցելով եւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը ձեռնարկեց դրամահաւաքի արշաւի:
Հանգանակութենէն գոյացած 5000 եւրոյի գումարը՝ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով կը փոխանցուի Սուրիահայ գաղութին: Վերոնշեալ գումարը պիտի տրամադրուի երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու կարիքներուն, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակին համար կազմուած՝ Երկրաշարժի Կեդրոնական յանձնախումբի եւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան համատեղ ծրագիրներով ու դասաւորումով:
Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութիւն
Comments are closed.