Յիշելով Քեսապի գրաւումը. Կորուստներուն Կորուստը
Յուշիկ Ղազարեան
Ես Քեսապցի եմ:
Գիտէ՞ք ինչ կը նշանակէ քեսապցի ըլլալ… Վստահ աւելի նշանակութիւն ունի քան խնձորի պարտէզ ունենալը, ամառները Քեսապ անցընելը, քանի մը բառ Քեսպնօք ջարդելը, կամ քեսապցիներուն կէսը ազգականներդ ըլլալը (միւս կէսն ալ` խնամիներ): Այս բոլորէն շատ, շատ աւելի…
«Շատ աւելի»ն զգացած եմ միշտ, բայց բնաւ յստակ ձեւ կամ անուն չէ ունեցած ինծի համար մինչեւ… 21 Մարտ 2014…
Որքան տառապած եմ, դպրոցի օրերէն սկսեալ, ընկերներուս բացատրելու, թէ ես քեսապցի՛ եմ: «Այսինքն ո՞ր գաւառէն եկած էք հոս» կ՛ըլլար հարցումին շարունակութիւնը: Եկուր ալ բացատրէ: Հալէպի մէջ ընդհանրապէս «ո՞ր երկրացի ես» հարցումին պատասխանը պէտք է ըլլայ սասունցի, ուրֆացի, տիգրանակերտցի, այնթէպցի կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառցի մը, բայց Քեսապը չէ կորսուած: Ան հո՛ն է, կարճ ճամբով` Հալէպէն երեք ժամ անդին: Ո՞վ չի կրնար հասնիլ Քեսապ, բայց ոչ ոք կրնայ հասնիլ Սասուն, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, Այնթէպ կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառները… Ճակատագրի ինչ-ինչ խաղով` իմ հայրենիքս կորսուած գաւառ մը չէ… Եկուր ալ բացատրէ…
Մինչեւ 21 Մարտ 2014
Մինչեւ այն օրը, երբ ճակատագրի ինչ-ինչ խաղով` իմ հայրենիքս ալ կորսուեցաւ` ես ալ հետը… Հոգիիս սիւներէն մին փլաւ… Կարելի՞ է բացատրել անբացատրելին, նկարագրել աննկարագրելին, տրամաբանել անհեթեթը… Թերեւս գայ այն օրը, երբ կարենամ այդ երեք ամիսներու ապրումներս ձեւով մը արտայայտել: Երբ սկսայ այս յօդուածը գրել կը յուսայի որ հոս պատահէր այդ մէկը, բայց անգամ մը եւս զգացումներս ու մուսաներս դաւաճանեցին զիս: Որքա՜ն խաբուսիկ են բառերը եւ որքան մակերեսային են հոգիի պոռթկումները հայրենիքի՛ կորուստին դիմաց: Դէպքէն երկու տարի առաջ արդէն կորսնցուցած էի հայրս, սակայն միայն այդ երեք ամիսներու ընթացքին էր որ ինքզինքս ամբողջովին, իսկապէս եւ լիարժէքաբար որբ զգացի: Ամէն կորուստ կը նսեմանայ հողի՛ կորուստին դիմաց: Եւ այդ երեք ամիսներուն ընթացքին դադրեցայ քեսապցի ըլլալէն եւ եղայ կողմնացոյցը կորսնցուցած թափառական հայ…
Այսօր, երբ յետադարձ նայուածքով կը յիշեմ այդ երեք ամիսները, առաւել խորութեամբ կ՛ապրիմ մեր ազգային ողբերգութիւնը: Կ՛ուզեմ այս անգամ ե՛ս հարց տալ իմ սասունցի, ուրֆացի, տիգրանակերտցի, այնթէպցի կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառցի հայուն, թէ դուն ինչպէ՛ս կ՛ապրիս առանց հայրենիքի: Անոր համա՞ր երգերդ մելամաղձոտ են… Անոր համա՞ր շռայլօրէն ամէն բան կը բաշխես շուրջդ… որովհետեւ կորուստներուն կորուստը ճանչցողին համար ա՛լ սուղ բան չկա՞յ…
«Շատ բան»ը կորսնցուցի, բայց շատ բան ալ հասկցայ: Հասկցայ, թէ ինչո՛ւ այսպէս ենք, ինչո՛ւ աշխարհը այսպէս է… Բայց տակաւին չեմ հասկցած, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը զիջին հողը, որ արդէն իրենց ոտքերուն տակ է: Չեմ հասկցած, թէ ինչո՛ւ հայրենակորոյսի վիճակին մէջ կը մտնեն` կամովին: Ի՞նչը պիտի զիջիք, վասն ինչի՞… Դուք ձեզ մի առաջնորդէք հոգիներու նախճիրին: Ձեր ոտքերը ամու՛ր, ամուր փակցուցէք հողին, որովհետեւ ոտքերուն տակէն երբ հողը սահի` կը որբանա՜նք, կը խեղճանանք, կը հատուինք ու կը կրճատուինք: Մեր բառերը կ՛ըլլան սակաւ եւ նայուածքը` խամրած:
Ես քեսապցի եմ: 21 Մարտ 2014-էն մինչեւ 21 Յունիս` ես որբ էի: