Յիշատակներու երեկոյ
Մարտ 25-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Գեպէքի «Սանահին» մասնաճիւղը կազմակերպած էր յարգանքի երեկոյ՝ ի պատիւ մասնաճիւղի «Անի» պարախումբի տարիներու ղեկավար տիկին Եւա Հայրապետեանի 25-ամեայ ծառայութեան։ Աւելի քան 170 հրաւիրեալներ, գրեթէ բոլորը տիկին Հայրապետեանի հետ նախկին պարողներ, ներկայ էին այս ձեռնարկին:
Մշակոյթը, որեւէ մշակոյթ՝ կենդանի էութիւն է։ Կանգ չ՚առներ։ Չի կրնար կանգ առնել: Որպէսզի անիկա արժանի ըլլայ յարգանքի եւ օրուան համապատասխան, ան պէտք է ապրի, փոփոխուի, յաւելում կրէ, զարգանայ, ներառէ եւ այո, երբեմն նոյնիսկ իրմէ բաց թողելու պատրաստ ըլլայ:
Այս չի նշանակեր, որ պէտք է մոռնալ անցեալը։ Երբեք. այլ՝ կը նշանակէ, որ մշակոյթը պէտք է անընդհատ շարժման մէջ ըլլայ՝ արտացոլելու օրուան սերունդին մտքերը, զգացումները, գոյութեան պատճառը, որոնք մշակոյթը կը ներկայացնէ՝ պահպանելով իր ժառանգութիւնը եւ անոր աւելցնելով նորը: Իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է, հարկ է, որ նպաստէ այն շղթային, որը մշակոյթը կը կազմէ, եւ ինքզինք զգայ որպէս այդ մշակոյթի մասը: Հակառակ պարագային, մշակոյթը կը դառնայ պարզապէս nostalgia դէպի նախորդ սերունդները եւ ոչ աւելին:
Այս ամէնը դիւրին է ըսել, բայց շատ դժուար է գործադրել։ Այս տակնուվրայ ժամանակներուն մէջ, երբ մարդիկ ունին հարիւրաւոր այլ գործեր, որոնցմով պէտք է զբաղուին, որեւէ մշակոյթ կը պայքարի ոչ միայն գոյատեւելու, այլեւ զարգանալու համար:
Մեր պարագային, Համազգայինի պատասխանատուութիւնն է մշակոյթի եւ համայնքի համակարգումը։ Համազգայինին կը մնայ պաշտպանել անցեալը, բայց ներկայացնել այսօրը եւ հիման, ինչպէս նաեւ մեր համայնքի ապագան: Փոփոխութիւնը, յաջորդ փուլին ձգտիլը կեանքին մաս կը կազմեն: Աճիլն ու ընդլայնիլը կեանքին մէկ մասն է: Մշակոյթը պէտք է արտացոլացնէ մեր էութիւնը եւ նպաստէ մարդու բարօրութեան:
Այս աշխատանքը կրնան ընել միայն անոնք, որոնք նուիրուած են գործին եւ պատրաստ են ամէն ջանք գործադրելու՝ նպատակին հասնելու համար: Եւ ահա այստեղ է, որ կ՚անդրադառնանք տիկին Եւա Հայրապետեանին։
25 տարի առաջ, 1995 թուականին, տիկին Հայրապետեանը դարձաւ Համազգային Գեպէքի «Անի» պարախումբին գեղարուեստական ղեկավարն ու պարուսոյցը։ Տիկին Հայրապետեանը կը յաջորդէր շարք մը տաղանդաւոր մարդոց, որոնք մինչ այդ ղեկավարած էին պարախումբը: Անոնք կատարեցին իրենց բաժինը եւ յաջողութեամբ բարձրացուցին պարախումբին մակարդակը, երբ տիկին Հայրապետեան ստանձնեց իր պատասխանատուութիւնը:
Տիկին Հայրապետեան ծնած է Երեւան, Հայաստան։ Եղած է Հայաստանի ազգային օփերայի եւ պալէի թատրոնի առաջին պարուհին։ Աւարտած է միջազգային ճանաչում ունեցող դասական պալէի Պոլսոյ ակադեմիան, պարուսոյցի եւ պալէի մագիստրոսի աստիճանով։ Ան աւելի քան 15 գլխաւոր բեմադրութիւններու աստղային պարուհի եղած է Խորհրդային Միութեան, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ։
Իր 25 տարուան քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ, տիկին Հայրապետեան «Անի» պարախումբը հասցուց ժամանակակից հայկական պարարուեստի առաջնագիծին: Աւելի քան 15 ծաւալուն բեմադրութիւններու միջոցով, տիկին Հայրապետեան ամուսնացուց աւանդականը ժամանակակիցին հետ՝ պարի միջոցով հանրութեան ներկայացնելով հայոց պատմութեան տարբեր երեսները: Անոր ներկայացումներուն միջոցով մենք սորվեցանք մեր պատմութեան եւ մշակոյթին մասին, ինչպէս նաեւ վայելեցինք հոյակապ պարեր, ուր աւանդական, դասական եւ ժամանակակից պարագրութեան (choreography), մարզուած պարողներու, լոյսերու, բեմայարդարման, զգեստներու եւ երաժշտութեան համադրումը մեզ հասցուց գեղարուեստական շատ բարձր մակարդակի:
Հարկ է նշել, որ բացի «Անի» պարախումբէն, տիկին Հայրապետեանը պատրաստած եւ մղած է բազմաթիւ նոր պարողներու սերունդներ՝ պարեր սորվեցնելով 4-էն 18 տարեկան հարիւրաւոր եւ հարիւրաւոր երեխաներու եւ պատանիներու: Հայկական պարը Գեպէքի հայութեան հիմնական զբաղումներէն է եւ կը հանդիսանայ հայկական ծագում ունեցող երեխաներու մեծ մասին հայկական մշակոյթ մուտքի առաջին կէտը: Հազուադէպ չէ տեսնել Գեպէքի հայ ընտանիքներուն մէջ, որ 3 սերունդներ անցած ըլլան «Անի» պարախումբէն, երբեմն նոյնիսկ միաժամանակ բեմ ելլելով: Այս երեխաներուն երազանքն է 18 տարեկան դառնալէ ետք միանալ «մեծերու խումբին»: Անոնց համար, տիկին Հայրապետեանը հիմնական դեր խաղաց իրենց նպատակին պատրաստուելու եւ հասնելու համար: Եւ վերջապէս, տիկին Հայրապետեանը նաեւ իր տաղանդը ի գործ դրաւ աւագ սերունդները մարմնամարզի ճամբով առողջ ապրեցնելու գործին մէջ:
Երեկոյի ընթացքին, տիկին Հայրապետեանը պարգեւատրուեցաւ չորս անգամ. նախ՝ Համազգայինի Գեպէքի «Սանահին» մասնաճիւղի կողմէն՝ յանձինն Հրաչ Սէրայտարեանի, ապա՝ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Թամար Շահինեանի ձեռամբ, յետոյ Folklore Canada-ի ներկայացուցիչ պրն․Կի Լանտրիի կողմէ եւ վերջապէս՝ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Վարդապետ Յակոբեանի կողմէ, որ կը ներկայացնէր Գանատայի Հայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, եւ որ տիկին Հայրապետեանին շնորհած էր «Անանիա Շիրակացի» մրցանակը։
Մարի Յովհաննէսեանէ, Սեւան Աբանեանէ, Լորի Գոդիկեանէ, Խաչիկ Պալեանէ, Աննա Պուլկարեանէ, Կասիա Լախոյեանէ, Սիրուշօ Պապիկեանէ եւ Ալիք Պուլկարեանէ կազմուած յանձնախումբը հիանալի ձեռնարկ մը պատրաստած էր։ Տարբեր բեմադրութիւններու տեսերիզներուն ներկայացումով, երեկոյի հանդիսավար Լորի Գոդիկեանի խօսքով եւ Եւա Հայրապետեանի կենսագրութիւնը ներկայացնող Սեւան Աբանեանի նկարագրութեամբ, ներկաները անգամ մը եւս ապրեցան Եւա Հայրապետեանի եւ «Անի» պարախումբի 25 տարիները:
Շնորհակալութիւն յանձնախումբին, որ կազմակերպած էր այս սքանչելի եւ յիշարժան երեկոն։
Շնորհաւորութիւն տիկի՛ն Հայրապետեան։ Շնորհակալութիւն այն ամէն ինչին, որ ըրած էք «Անի» պարախումբին եւ ընդհանրապէս հայ համայնքին համար: Յաջողութիւն ձեր ապագայ ծրագիրներուն: Ձեր վարձքը կատար։
«Անի» պարախումբը ոչ միայն Գեպէքի, այլեւ միջազգային հայ համայնքի գանձերէն է: Յաջողութիւն կը մաղթենք յաջորդ պարուսոյցներուն եւ պարողներուն։ Մենք միշտ ներկայ ենք ձեզ ոգեւորելու համար:
Ատոմ Մալխասեան
«Անի» պարախումբի անդամ 1967-էն ի վեր
Comments are closed.