Յիշատակի Երթ` Եռաբլուր Պանթէոնին Մէջ
2377
0
18 դեկտեմբերին կազմակերպութեամբ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին Երեւանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն սկսաւ ջահերով երթ դէպի Եռաբլուր պանթէոն` ոգեկոչելու արցախեան պատերազմի հերոսներուն յիշատակը:
Բազմահազար մասնակիցները առաջնորդուեցան հոգեւորականներուն կողմէ: Երթի ամբողջ ընթացքին բարձրախօսներէն յայտարարուեցան վերջին պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն անունները:
Եռաբլուրի մէջ, նախքան հոգեհանգիստի արարողութիւնը, երթի մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Արարողութեան աւարտին քաղաքացիները իրենց բերած մոմերը տեղադրեցին զոհուած զինուորներուն, կամաւորներուն եւ ազատամարտիկներուն շիրիմներուն վրայ: