ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ
- (0)

(Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ…
2) բ.- Յ. Քիւրքճեանի սփիւռքեան ինքնութեան տեսաբանումը 1968-ին հրապարակ կու գար «Ահեկան» պարբերականին մէջ։ Անիկա «Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» վերնագրութիւնը ունէր։ Զայն ներշնչողը, գուցէ փութացնողը Հայաստանի գրողներէն՝ Վարդգէս Պետրոսեանի մէկ գրութիւնն էր. «Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով», լոյս տեսած 1968-ի «Գարուն» թիւ 3-ին մէջ (Պետրոսեան ետքը նոյն տիտղոսով հատոր մը հրատարակութեան պիտի յանձնէր։ Հատորը լոյս տեսած է 1977-ին, Երեւան)։
Պետրոսեանի գրութիւնը՝ խորհրդածութիւն մըն է, որ գրական մտահոգութեամբ կատարուած է, եւ կը վերաբերի «ազգային կերպար» հասկացողութեան։ Ան խնդրականացուցած է ատոր աւանդական ընկալումը, եւ նորին ընդառաջում առաջարկած։ Իսկ Քիւրքճեանի գրափորձը՝ նոյնը կատարած է, սակայն սեւեռուելով ինքնութեան հարցին։
Արդ, քանի իմ առաջադրութիւնս ինքնութեան մասին է, եւ քանի Քիւրքճեանի ծիրին մէջն ենք, Պետրոսեանի միտքերէն պիտի քաղեմ «հայ մարդու բնութագիր»ին, այլ խօսքով՝ ինքնութեան առնչուածները։
Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ Պետրոսեան ի մտի ունեցած էր 50-ական եւ 60-ական թուականներու հայաստանցի հայ մարդը։
Ան իր խորհրդածութիւնը սկսած է երիտասարդներու հետ երեկոյթի մը նշմարով։ Նոր վերադարձած Գանատայէն՝ զինք հրաւիրած էին Աշտարակի «Ծիծեռնակ» անուն սրճարանը։ Երիտասարդները հետաքրքրուած էին, թէ «ինչ կայ ովկիանոսից այն կողմ»։ Ամէնքը հաւաքուած էին շամփայնի եւ սուրճի սեղաններու շուրջ։ Պետրոսեան նկարագրած է, թէ երբ խօսակցութիւնը շատ կը լրջանար, կը միջամտէր գիւղի փոքրիկ ջազը։ Կը նուագէին եւ կ’երգէին Ժաք Բրել, Ազնաւուր, Կոմիտաս։ Նաեւ կը պարէին. թուիսթ, շէյք ալ կը փորձէին։ Այնտեղ ուշադրութիւն գրաւած էր ջրաղացպանին տղան, որ օրիորդի մը հետ թուիսթ կը պարէր…։
Պետրոսեան այս նշմարը գրի առած է՝ ըսելու համար, թէ պահը իրեն յայտնած է «մի շարք մտքերի» լուծում։ Պահը նոր վկայութիւն էր այն մասին, թէ երբ փոքր միջավայր մը նման պատկեր կը պարզէ, ապա «Հայաստանի երեսուն հազար քառակուսի կիլոմետրը…աւելի խայտաբղէտ, բարդ ու ծայրայեղութիւններով հարուստ է»։ Հայաստանը եւ հայը կենցաղի, սովորութիւններու զարգացման մակարդակի, մարդկային խառնուածքներու, հինի եւ նորի, հակասութիւններու գոքթէյլն է։ Գրած է. «…մենք ապրում ենք (…) ազգային խառնուածքի վերանորոգման բարդ պրոցես։ Այդ պրոցեսին նպաստում են բազմաթիւ երեւոյթներ՝ սոցիալական, տնտեսական վիթխարի փոփոխութիւնները, մեր անհանգիստ ու հիւանդագին դարաշրջանը, այն՝ որ համատարած գիւղերի երկրից՝ Հայաստանը դառնում է քաղաքների, տեխնիկական ինտլիգենցիայի, գիտութեան, ամենաժամանակակից արդիւնաբերութեան երկիր։ Ազգային խառնուածքի վերանորգման այդ պրոցեսին չէր կարող չազդել նաեւ այն, որ այդ տարիներին հայրենիք են վերադարձել ու շարունակում են վերադառնալ տարբեր պետութիւնների եւ ժողովուրդների կնիքը կրող մեր հազարաւոր հայրենակիցներ»։ Համաձայն իրեն, «նոյնիսկ պետականութեան պայմաններում», քաղաքակրթութեան բնական հանգրուաններն անցած ժողովուրդներու ազգային խառնուածքի, աւանդութիւններու, կենցաղի պատկերացումներուն մէջ հակասութիւններ եւ ծայրայեղութիւններ կան, իսկ փոքրաթիւ ժողովուրդներու պարագային, ինչպէս հայութեան, որ ապրեր է «անըմբռնելի ճակատագիր», եւ որուն գլխուն «հարիւրամեակներ շարունակ կախուած է եղել ֆիզիքական բնաջնջման վտանգը», այն հակասութիւններն ու ծայրայեղութիւնները «կողք կողքի» ըլլալով՝ աւելի կ’երեւան։ Այս իրողութիւնը կը ստիպէ, որ սրբագրուի «հայ մարդու ազգային նկարագրի աւանդական պատկերացումը»։ Արդ, ըստ իրեն, հայութեան որպէս մէկ բնաւորութիւն ըմբռնումը՝ անցեալին կը պատկանէր։ Գրած է. «ազգային կոլորիտ, ազգային բնաւորութիւն հասկացութիւնները պատմական երեւոյթ են, եւ ոչ՝ մէկընդմիշտ սահմանուած որակ»։ Հայութիւնը, ինչպէս ուրիշներ, բազամազան բնաւորութիւններով ազգ մըն է։
Հայաստանը «անհանգիստ դարի» ու աշխարհի բջիջներէն էր։ Եւ անոր մէջ տեղի կ’ունենային ժամանակակից կեանքի «բոլոր պրոցեսները»։ Այնտեղ ո՛չ միայն կը շարունակուէին աւանդները, այլեւ կը ծնէին նոր աւանդներ, նոր պատկերացումներ, «նոր կերպարներ» (նաեւ հասկնալ՝ նոր ինքնութիւններ)։
Փոփոխութիւններուն այս ընթացքը իր հայեացքը եւ բարոյականը կը պարտադրէ։ Այս համոզմամբ՝ ան գրած է. «Մենք իրաւունք չունենք այդ պրոցեսի, հին, երբեմն մեռնող մասը համարելու մեր ազգային կեանքին յատուկ, իսկ նորը, գուցէ առայժմ դեռ անհասկանալին՝ մերժենք»։
«Ազգային կերպարի հասկացողութիւն»ը, հետեւաբար՝ նաեւ ազգային ինքնութիւն հասկացողութիւնը շատ անյայտներ ունի։ «Գնալով բարդանում է մեր օրերի հայ մարդու բնութագիրը…քանի որ…նա ապրում է իբրեւ 20-րդ դարի երկրորդ կէսի մարդ՝ իր մարդկային, ազգային եւ համամարդկային հոգսերով», գրած է Պետրոսեան։
(Շարունակելի 5)