«Յանուն Արցախի, Ընդդէմ Ազրպէյճանի». Հանրահաւաք Կոռնիձորի Մէջ

Այսօր, մայիսի 20-ին Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ Կամավորական շարժում ՀԿ-ի  նախաձեռնած բազմահազարանոց հանրահաւաքը, որուն կը  մասնակցէին Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ Երեւանէն ժամանած քաղաքացիներ, քաղաքական- հասարակական գործիչներ:

Հանրահաւաքը սկսաւ ՀԱԵ Սիւնեաց թեմի հոգեւորականներու օրհնութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով:

Ելոյթներ ունեցան Սիսական գունդի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը («Աշոտ երկաթ»), ՀՅԴ ՀԵՄ ԿՎ նախագահ Գոռ Սարգսեանը, «Համախմբում» շարժման խորհուրդի անդամ Աւետիք Չալապեանը,ՀՅԴ քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, «Կամավորական շարժում» ՀԿ նախագահ Հրանտ Մարգարեանը։

Հանրահաւաքի աւարտին հնչեց ուղերձ՝ ուղղուած հայութեան եւ ի լուր աշխարհին:

Նշենք, որ նույն պահին Արցախի մէջ նոյնպէս երթ եւ հանրահաւաք տեղի ունեցած է՝  իբրեւ աջակցութիւն Կոռնիձորի հանրահաւաքին: Արցախցիները՝ Ստեփանակերտի Զինուորական Պանթէոնէն քայլերթով շարժած  են դէպի Արցախը Մայր Հայաստանին կապող ճանապարհի Զառին բաղ կոչուող տեղամաս։

Comments are closed.