ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ. «ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿՆ Է»

22 Հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ընդարձակ հարցազրոյց տուած է «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին, որուն ընթացքին անդրադարձած է տարածաշրջանի զարգացումներուն եւ մեզի առնչուող անոնց հետեւանքներուն: Ան կարեւոր համարած է նաեւ այս օրերուն ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ «Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը. Դասեր, Արժեւորումներ եւ Հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը մեր ժողովուրդին համար անընդունելի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին հետ առնչուած։ «Մենք կ’ուզէինք անպայման տեսնել զուգահեռներ 20-21 թուականներու դէպքերուն, այդ պայմանագիրներու ազդեցութեան եւ այսօրուան կացութեան միջեւ։ Այդ իմաստով մենք չէինք կրնար զանց առնել անցեալ դարու 20-ական թուականներու սկիզբի ռուս-թրքական պայմանագիրներու գիտական քննարկումը եւ արժեւորումը, որպէսզի դասեր քաղենք պատմութենէն եւ նաեւ տեսնենք, թէ ի՞նչ այլընտրանքներ ձեւաւորուած են հայ ժողովուրդին առջեւ, մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմին կրած այս պարտութենէն վերջ», խօսելով գիտաժողովի նպատակներուն մասին` ըսած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ շեշտած է, որ գիտաժողովը կարելի է յաջող համարել թէ՛ կազմակերպական բարձր մակարդակի եւ թէ՛ աշխարհի տարբեր ծագերէն մասնակիցներու իմաստով: «Գիտաժողովին անգամ մը եւս շեշտուեցաւ հայ ժողովուրդի համար վերոնշեալ պայմանագիրներու անարդարացի ըլլալու հանգամանքը եւ անոնց վերանայման անհրաժեշտութիւնը»,- աւելցուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսած է նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան աշխուժացման, որ արդիւնք է Արցախի հարցի կարգաւորման ոչ հայանպաստ զարգացումներուն: «Հակառակ մեզմէ տիրող անմիաբան վիճակին, մենք պիտի շարունակենք հայոց պետականութեան կողքին մնալ, ամէն ձեւով սատար հանդիսանալ Արցախին` մինչեւ անոր կարգավիճակի յստակեցումն ու անվտանգութեան երաշխիքներու ստեղծումը», շեշտած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.