Յակոբ Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Նախագահներու, Երեսփոխաններու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ
1673
0
Լիբանանի խորհրդարանին գումարած առաջին օրէնսդրական նիստին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ Նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամ:
Լիբանանի ներկայ կառավարական խոր ճգնաժամի պայմաններուն մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին վերընտրութիւնը` նման գործառոյթներ իրականացնելու կոչուած գերագոյն խորհուրդին, կ՛ընդգծէ համալիբանանեան առումով լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչին նկատմամբ առկայ վստահութիւնը։