Մօտ ապագային տեղի պիտի ունենայ Ազգային եկեղեցական ժողով
- (0)

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ մօտ ապագային կը ծրագրուի գումարել Ազգային եկեղեցական ժողով, որ Մայր աթոռի ամենաբարձր իշխանական մարմինն է։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ արդարադատութեան նախկին նախարար, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ Գէորգ Դանիէլեան։
«Մօտ ապագային այդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ, եւ բոլորդ ալ պիտի համոզուիք, որ այդ ենթադրեալ պառակտուածութիւնը, որ իբր թէ կայ եկեղեցւոյ մէջ, իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի։ Կան քանի մը անհատներ — ցաւալի է, որ կան — եւ մենք մեծ յոյս ունինք, որ ամեն ինչ իր տեղը պիտի գտնէ, անոնք պիտի սթափին»,– ըսած է Դանիէլեան։
Դանիէլեան չէ ճշդած ժողովի յստակ ժամկէտը՝ աւելցնելով, որ ժողովը պիտի չձգձգուի, քանի որ կան բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին այդ մակարդակի վրայ։
Ան յիշեցուցած է, որ վերջին անգամ նման ժողով տեղի ունեցած է 2017 թուականին։ Անկէ ետք, իր խօսքով, Հայ առաքելական եկեղեցին ստիպուած եղած է քանի մը անգամ յետաձգել ժողովը՝ պայմանաւորուած համաճարակով, պատերազմով եւ երկրի մէջ հաստատուած ռազմական դրութեամբ։
Ան նշած է, որ մօտ ապագային նախատեսուած է գումարել Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի ժողովի գումարման օրը։
Ազգային եկեղեցական ժողովը կը հանդիսանայ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ իշխանական կառոյցի բարձրագոյն մարմինը։ Ան համազգային եւ համաեկեղեցական հնագոյն ժողովական կառոյց մըն է, որուն նիստը կը գումարուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ։