Մուրատ Փափազեան. Իշխանափոխութիւնը նախապայման է երկրի անվտանգութեան եւ ազգային միասնականութեան վերականգնման համար

Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, անդրադառնալով Փարիզի մէջ օրերս կայացած «Սփիւռքի ազգային զօրաշարժ» խորագիրով խբրհրդաժողովին, շեշտած է, որ հայկական սփիւռքը հայ ժողովուրդի անբաժանելի մասն է, եւ ազգի ներուժը կը ձեւաւորուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միասնական ուժերով։

Ան ընդգծած է, որ Սփիւռքը, ներկայացուած ըլլալով շուրջ երեսուն երկիրներու մէջ, իր հաստատուած կառոյցներով եւ բազմամեայ գործունէութեամբ կարեւոր դեր ունի Հայաստանի համար։ Ըստ Փափազեանի՝ անցեալին, երբ Հայաստան–Սփիւռք համագործակցութիւնը դրական եղած է, արձանագրուած են համատեղ յաջողութիւններ, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը տարբեր երկիրներու մէջ։

Սակայն, Փափազեան նշած է, որ վերջին տարիներուն, յատկապէս 2018էն ետք, այդ համագործակցութիւնը խաթարուած է՝ վերածուելով հակադրութեան, ինչ որ կը նշանակէ փոխգործակցութեան բացակայութիւն։ Փափազեան շեշտած է, որ առանց այդ համագործակցութեան կարելի չէ արձանագրել նոր յաջողութիւններ։

Անդրադառնալով ներկայ քաղաքական իրավիճակին՝ ան քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումները՝ մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու եւ Արցախի հարցին վերաբերեալ՝ նշելով, որ այս ուղղութիւններով քայլեր չեն ձեռնարկուած։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ Սփիւռքը կը շարունակէ պայքարիլ իր առաջնահերթութիւններուն համար՝ ներառեալ Արցախի ազատութիւնը, հայերու վերադարձի իրաւունքը եւ պատանդներու ազատ արձակումը։

Փափազեան յայտնած է, թէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները չեն պաշտպաներ երկրի շահերը եւ կը ցուցաբերեն զիջողական քաղաքականութիւն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հանդէպ։ Ան նաեւ ըսած է, որ Սփիւռքի եւ իշխանութիւններու միջեւ կառուցողական համագործակցութիւնը ներկայիս բացակայ է։

Խօսելով յառաջիկայ քաղաքական զարգացումներուն մասին՝ ան կարեւոր նկատած է յունիս 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ ընդգծելով, որ իշխանափոխութիւնը անհրաժեշտ նախապայման է երկրի անվտանգութեան եւ ազգային միասնականութեան վերականգնման համար։

Ան նաեւ կարեւորած է Փարիզի խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են շուրջ 150 ներկայացուցիչներ՝ 25 երկիրներէ, նշելով, որ նման նախաձեռնութիւններ նպատակ ունին համակարգել Սփիւռքի գործունէութիւնը եւ ամրապնդել Հայաստան–Սփիւռք–Արցախ եռամիասնութիւնը։