Մուսա լերան հայութեան պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը․ Վահագն Գարագաշեանի բանախօսութիւնը
- (0)

Սեպտեմբեր 28-ին Վալերի Բրիուսովի անուան պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մուսա լեռէն Սփիւռք․ ինքնութիւն, յիշողութիւն եւ համայնք» խորագրով բանախօսութիւն։ Բանախօսն էր Գանատայի «Հորիզոն» եւ ԱՄՆ-ի «Հայրենիք» թերթերու նախկին գլխաւոր խմբագիր, գրող, հրապարակախօս եւ հետազօտող Վահագն Գարագաշեան։
Իր ելոյթին ընթացքին Գարագաշեան անդրադարձաւ Մուսա լերան հայութեան պատմութեան՝ ներկայացնելով տարածաշրջանին մէջ հայերու հաստատման պատմութիւնը, 1915-ի հերոսամարտը, մուսալեռցիներու հետագայ գաղթերը, Այնճարի հայկական համայնքի ձեւաւորումը եւ Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղիները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ կը յիշուի, որ 1570-ական թուականներուն Գիւտ Քահանայ Ղուկասեան Սիսէն եկած եւ իր գերդաստանով հաստատուած է Մուսա լերան Եողուն Օլուք գիւղը։ 1890-ական թուականներուն Հնչակեան կուսակցութիւնը, իսկ 1900-ականներու սկզբնաւորութեան՝ Դաշնակցութիւնը, սկսած են գործել Մուսա լերան գիւղերուն մէջ՝ տարածելով հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարները։
45 օր տեւած հերոսամարտը
Մուսա լերան հերոսամարտը սկիզբ առած է 1915 թուականի 31 յուլիսին, երբ ժողովուրդը բարձրացած է լեռ, եւ աւարտած՝ 13 սեպտեմբերին, երբ ժողովուրդը բարձրացած է ֆրանսական փրկարար նաւերը։ Հերոսամարտը տեւած է 45 օր։
Հայ դիմադրողներու ղեկավարը եղած է Մովսէս Տէր Գալուստեան։ Գարագաշեանի ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն՝ թրքական կանոնաւոր բանակին թիւը եղած է 5000, իսկ հայ կռուողներունը՝ 600։ Մարտերու ընթացքին զոհուած են 18 հայ հերոսներ, իսկ թշնամիին կորուստները, ըստ հայկական աղբիւրներու, եղած են աւելի քան 1000։
Հալէպի ԱՄՆ հիւպատոս Ճեսսի Բ. Ճեքսընը 1915 թուականի օգոստոս 19-ին հաղորդագրութիւն ուղարկած է Կոստանդնուպոլիս գտնուող դեսպան Հենրի Մորկենթաուին եւ թրքական բանակի կրած կորուստները գնահատած է 500։
Մարտերու ընթացքին ֆրանսական «Կիշէն» մարտանաւը նկատած է Մուսա լերան վրայ պարզուած կարմիր խաչով դրօշը։ Ծովակալ Տարթիժ Տէ Ֆուռնէ ֆրանսական բարձր հրամանատարութենէն Մուսա լերան հայերուն օգնելու հրաման խնդրած է։ Պատասխանի չսպասելով՝ իր անձնական պատասխանատուութեամբ սեպտեմբեր 12-13-ին 4000 հայեր հինգ ֆրանսական մարտանաւերով փոխադրուած են Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստ։
Առաջին աշխարհամարտին ֆրանսական բանակը ստեղծած է Արեւելեան լեգէոնը, որուն կորիզը կազմած են մուսալեռցի կամաւորները։ Ֆրանսական բանակի զօրասիւներէն մէկը հանդիսացող Հայկական լեգէոնը 1918 սեպտեմբերին քաջաբար մարտնչած է Պաղեստինի մէջ եւ Արարայի ճակատամարտին պարտութեան մատնած Օսմանեան Թուրքիոյ բանակը։
Օսմանեան Թուրքիոյ պարտութենէն ետք ֆրանսիացիները ստանձնած են Սուրիոյ Ալեքսանդրէթի վարչատարածքի վերահսկողութիւնը, որուն շնորհիւ Մուսա լերան հայերը 1919 թուականին վերադարձած են իրենց պապենական գիւղերը։
Մուսա լեռէն՝ Այնճար
1939 թուականին, երբ Ֆրանսան Ալեքսանդրէթը զիջած է Թուրքիոյ, մուսալեռցիները մերժած են ապրիլ թրքական լուծի ներքեւ եւ վերստին տարագիր դարձած են։ Ֆրանսական բանակին կողմէ անոնք տեղափոխուած են Լիբանանի Պեքաայի հովիտ, ուր հիմներ են Այնճար քաղաքը։ Մուսա լեռ մնացած են Վագըֆ գիւղի 70 ընտանիք։
1939 թուականի սեպտեմբերին Մուսա լեռէն 5125 գաղթականներ ժամանած են Լիբանանի ճահճոտ Այնճարի տարածք։ Սկզբնական շրջանին անոնք բնակած են վրաններու մէջ, ներառեալ սառնամանիքային ձմրան ընթացքին։ Բնակչութեան 800-1000-ը առաջին երկու տարիներուն ցուրտի եւ մալարիայի պատճառով մահացած է, մինչեւ որ յաջողած են չորցնել դեղնախտին պատճառ դարձող ճահիճները։
1946-1947 թուականներուն, հայրենադարձութեան շարժման ընթացքին, Այնճարի 5000 հայերու կէսը ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։
«Մուսա Լերան 40 օրը» պատմական յիշողութեան մէջ
Մուսա լերան պատմութեան անդրադառնալով՝ Գարագաշեան խօսեցաւ նաեւ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին մասին։
Վէպը Վերֆէլ գրած է Վիէննայի մէջ, իսկ առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1933-ին, Գերմանիոյ մէջ։ Այն թարգմանուած է 30 լեզուներով՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, ճաբոներէն, եբրայերէն, արաբերէն, թրքերէն եւ այլ լեզուներով։ Գիրքէն վաճառուած է աւելի քան մէկ միլիոն օրինակ, իսկ Բ. աշխարհամարտի ընթացքին ԱՄՆ կառավարութիւնը ձեռք բերած է 50 000 օրինակ՝ զինուած ուժերուն բաշխելու համար։
Վէպի ազդեցութեան մասին խօսելով Գարագաշեան զուգահեռ մը ներկայացուց նաեւ Վարշավայի հրէական համակեդրոնացման ճամբարի պատմութեան հետ։ Բ. աշխարհամարտի ընթացքին Վարշավայի հրէական համակեդրոնացման ճամբարի 60,000 բնակիչները 1943 թուականի ապրիլ 19-ին ապստամբած են գերմանացիներուն դէմ։ 27-օրեայ դիմադրութիւնը ճնշուած է։ Սպաննուած են 7000 հրեաներ, իսկ ողջերը տարուած են մահուան ճամբարներ։
Ըստ Գարագաշեանի ներկայացուցած տեղեկութեան՝ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքին օրինակները գաղտնի ներս բերուած եւ տարածուած էին Վարշավայի հրէական ճամբարին մէջ, ուր վէպը դարձած էր ամենաշատ ընթերցուող գիրքը։
Դիմադրութեան շարժման ղեկավարներէն Մորտեքայ Թենանպոմի խօսքերը նոյնպէս մէջբերուեցան ելոյթին ընթացքին․ «Մեզ միայն մէկ բան կը մնայ՝ ամէն գնով կազմակերպել հաւաքական դիմադրութիւն, եւ այս համակեդրոնացման ճամբարը համարել մեր «Մուսա լեռը»։
Վագըֆ եւ Այնճար․ ինքնութեան պահպանումը
Մուսալեռցիներու ազգային եւ կրօնական ինքնութեան պահպանման մասին խօսելով՝ Գարագաշեան առանձնացուց Վագըֆի եւ Այնճարի օրինակները։
1939-ին Վագըֆ գիւղի 70 ընտանիք որոշած է կառչած մնալ իրենց պապենական բնօրրանին։ Այսօր հոն կը գործէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, իսկ բնակիչները կը պահպանեն իրենց ազգային-կրօնական աւանդոյթները։
Այնճարի մէջ այսօր կը գործեն երեք հայկական վարժարաններ, հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիները։ Հոն կը գործեն նաեւ մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական հայկական կազմակերպութիւններ։ Այնճարը ամբողջութեամբ հայաբնակ է։
Մուսալեռցիները ունին յատուկ բարբառ, իսկ անոնց մշակոյթը հարուստ է շուրջպարերով, աւանդապատումներով եւ երգերով։
Մուսա լերան հերոսամարտի յիշողութիւնը պահպանուած է նաեւ յուշարձաններու եւ Սփիւռքի համայնքներու միջոցով։ Գարագաշեանի ներկայացմամբ՝ հերոսամարտի յուշարձաններ կան Ֆրեզնոյի, Այնճարի, Գեմպրիճի եւ Հայաստանի մէջ։ Մուսալեռցիներու գաղթօճախներ կան Լոս Անճելոսի, Ֆրեզնոյի, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Գեմպրիճի, Փարիզի եւ այլ վայրերու մէջ։
Մուսա լերան հարուստ մշակոյթը
Վահագն Գարագաշեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Մուսա լերան հարուստ մշակոյթին, մասնաւորապէս՝ «Կարմիր ֆստան» (կարմիր զգեստ) երգին, ապա՝ «Դափկի» եւ «Չալմը դանգը» պարերուն։
«Չալմը դանգը պարը հարսանեկան արարողութիւններու ընթացքին դիմացի հարսնեւորներուն մարտահրաւէր է, թէ՝ եթէ դուք մեր աղջիկը պիտի առնէք որպէս հարս, գիտցած եղէք, որ մենք ալ հարսի տէրն ենք։ Սա հարսանեկան աւանդական յարաբերութիւններու միջեւ եղած աւանդութիւններու շարունակութիւնն է»,– մանրամասնեց Վահագն Գարագաշեան։
Ան Մուսա լերան հարսանեկան դաշոյններով աւանդական ռազմապար է։ «Դանգը» կը նշանակէ դանակ, իսկ «չալմը»՝ խաղալ կամ ցուցադրել։
Այս պարին հետ կապուած վարկած մըն ալ կայ, ըստ որուն հին ժամանակներուն այս պարը պարած են ցոյց տալու զէնքի տիրապետման հմտութիւնը եւ առնականութիւնը՝ նորահարսը հնարաւոր յարձակումներէն պաշտպանելու համար։
«Բացի դաշոյններու պարէն, կար նաեւ Գաւազանի պար։ Ան մենապար էր։ Կը յիշեմ՝ այդ պարը կը պարէր հօրենական մեծ հայրս։ Գաւազանի պարի լաւագոյն պարողն իմ պապս էր։ Ես դաշոյններու պարը գիտեմ, բայց, դժբախտաբար, գաւազանի պարը չեմ յիշեր։ Եւ հիմա իմ առաքելութիւնն է, որ մուսալեռցի հայրենակից մը գտնեմ, որ գիտէ այդ պարը, որպէսզի մոռացութենէ փրկենք զայն։ Ես շատ փոքր էի, բայց կը յիշեմ, որ հարսանիքներու ժամանակ բոլորը մէկ կողմ կը քաշուէին, ու պապս կը պարէր գաւազանով մենապարը»,– պատմեց Վահագն Գարագաշեան։
Մուսա լերան պատմութիւնը՝ Հոլիվուտի մէջ
Ելոյթին ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Մուսա լերան պատմութիւնը ֆիլմի վերածելու փորձերուն։
Գարագաշեանի ներկայացմամբ, Հոլիվուտի ֆիլմարուեստի պատմութեան մէջ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան 40 օրերը» ֆիլմի վերածելու քանի մը փորձեր եղած են, որոնք թրքական պետութեան ճնշումներուն պատճառով ձախողած են։
1930-ական թուականներուն այդպիսի փորձ կատարած է բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան՝ դերասան Քլարք Կէյպըլի հետ, իսկ 21-րդ դարուն՝ Մէլ Լիպսըն եւ Սիլվէսթըր Սթալոն։
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ հայրենադարձութեան հարցը
Ելոյթին աւարտին Գարագաշեան անդրադարձաւ նաեւ մուսալեռցիներու փրկութեան գործին մէջ դեր ունեցած ֆրանսացի ծովակալ Տարթիժ Տիւ Ֆուռնէի յիշատակին։
Ծովակալը մահացած է 1940-ին, 84 տարեկանին, եւ թաղուած է Ֆրանսայի Սենթ Շամաս գիւղին մէջ։ Տարիներ ետք անոր գերեզմանաքարին վրայ զետեղուած է Մուսա լերան կարմիր խաչի քանդակը։
Գարագաշեանի ներկայացմամբ, այդ խաչը կը խորհրդանշէ այն խաչակնքուած դրօշը, որ հերոսամարտի ընթացքին մուսալեռցիներուն ներշնչած է «յոյս եւ հաւատք»։
«Հորիզոն»-ի Հայաստանի թղթակիցը, որ ներկայ էր միջոցառման, հարց ուղղեց Վահագն Գարագաշեանին, թէ Հայաստանի ու Սփիւռքի յարաբերութիւններուն մէջ ի՞նչ խնդիրներ կան այսօր, եւ որո՞նք են անոնց լուծման ուղիները։
«Աւելի քան 35 տարի ինծի համար միշտ մտահոգութեան առիթ եղած է, թէ ինչո՞ւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները հիմնուած չեն աւելի կազմակերպուած, աւելի սերտ հայեցակարգի վրայ։ Ինչո՞ւ Հայաստանի իրաւայաջորդ կառավարութիւնները, իշխանութիւնները չունին այդ հայեցակարգը։ Երէկ եւ այսօր գոյութիւն չունի, օրինակ, հայրենադարձութեան հայեցակարգ։
Գիտէք՝ Իսրայէլն ունի հայրենադարձութեան հայեցակարգ, եւ հրեայ պետութեան հիմնադրումէն ի վեր՝ 4 միլիոն հրեայ այդ ծրագիրով ներգաղթած է Իսրայէլ։ Իսրայէլն այսօր իր ներկայ բնակչութիւնը չէր ունենար, եթէ կազմակերպուած ձեւով ներգաղթ չունենար։
Այսօր ներգաղթը կարեւոր է Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու համար։ Իսկ Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը կապ ունի Հայաստանի անվտանգութեան հետ։
Իսկ այն, ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Սփիւռք հետագայ զարգացումներուն, իմ միակ բաղձանքն է, որ աւելի կազմակերպուած ըլլայ ու շեշտը դրուի յատկապէս հայրենադարձութեան հայեցակարգին վրայ։
Գիտէք՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք սուրիահայեր Հայաստան եկան, հաստատուեցան, այսօր կայ սուրիահայ համայնք, անոնք արդէն ընդգրկուած են Հայաստանի մէջ որպէս ՀՀ քաղաքացիներ։ Բայց գիտենք նաեւ, որ այդ սուրիահայերու որոշ բաժին մը չկրցաւ ընդգրկուիլ Հայաստանի մէջ եւ նախընտրեց արտագաղթել դէպի եւրոպական երկիրներ կամ այլուր։
Մերձաւոր Արեւելքի տագնապի մէջ գտնուող երկիրներու մէջ հայկական համայնքներ գոյութիւն ունին։ Եւ նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուին այնպիսի պայմաններ, որ անոնք ներգաղթեն ու հաստատուին Հայաստանի մէջ»։
ՅԱՍՄԻԿ ՊԱԼԷԵԱՆ
«Հորիզոն»