Մուշի պատմական հայկական Սուրբ Մարինէ եկեղեցին ոչնչանալու եզրին է, կը հաղորդէ ermenihaber-ը: Մուշի հին թաղամասերէն` Սուրբ Մարինէ կամ Հայկական թաղամասին մէջ (այժմ` Քալէ-բերդի թաղ) գտնուող եկեղեցւոյ մեծ մասը քանդուած է, իսկ տանիքը գոյութիւն չունի: Հակառակ այդ ամէնուն` գանձագողերը եկեղեցւոյ պատերը կը շարունակեն փորել ոսկի գտնելու մոլուցքով:
Տարօն աշխարհի ամենագեղեցիկ եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ Մուշի նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան կայքին մէջ ներառուած է պետութեան կողմէ պաշտպանուող տարածքներու ցանկին մէջ:
Սուրբ Մարինէ եկեղեցին եւ շրջակայքը գտնուող հին տուները 2012-ին Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի որոշումով առնուեցաւ «Քաղաքաշինութեան» ծրագրին մէջ: 2013-ին սկսաւ քաղաքաշինութեան ծրագիրը, որ կ՛ենթադրէր, թէ հայկական թաղամասի հին տուները եւ եկեղեցին պիտի քանդուէին ու անոնց տեղը շէնքեր պիտի կառուցուէին:
Թաղամասի բնակիչներուն մէկ մասին հետ Մուշի քաղաքապետարան կրցած էր համաձայնիլ, իսկ միւս բնակիչներու դէմ ըլլալուն պատճառով խնդիրը փորձած էր լուծած տուները հանրային գերակայ շահ ճանչնալու ճանապարհով: Արդիւնքով դատարանը հին տուները ճանչցաւ հանրային գերակայ շահ ու անոնք քանդուեցան պետութեան կողմէ, սակայն եկեղեցին հնարաւոր եղաւ փրկել:
Լուսանկարը՝ Կարէն Մաթևոսեանի
Հակընդդէմ հայցին արդիւնքով դատարանի որոշումով արգիլուեցաւ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ որեւէ շինարարական աշխատանքի իրականացումը:
1915-ին Սուրբ Մարինէ եկեղեցին թուրքերը վերածած են բանտի` հայ ֆետայիները ձերբակալելով եւ բանտարկելով այնտեղ: Յետագային եկեղեցին եւ շրջակայ տարածքը դարձած են աղբանոց:
Եղած է Մուշ քաղաքի Մայր եկեղեցին, գործած է մինչև 1915:
Մուշ քաղաքի եկեղեցիներէն (Սուրբ Աւետարանոց, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սուրբ Կիրակոս, Սուրբ Յարութիւն, Սուրբ Մարինէ, Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Ստեփանոս և Սուրբ Փրկիչ) ամենաշքեղն ու ամենագեղեցիկը Սուրբ Մարինէ եկեղեցին էր: