Մոնթրէալի մէջ ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»ի 40-ամեայ գործունէութեան փաստավաւերագրական շարժանկարը

Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»ի 40-ամեայ գործունէութեան վաւերագրական շարժանկարի ցուցադրութիւնը, հովանաւորութեամբ տիար Կարէն Տէր Ասատուրեանի եւ իր ընտանիքին, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանի, հոգեւոր հովիւներուն, Հայ Կեդրոնի հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, շարժանկարի բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանի, բարերարներու, «Հորիզոն»ի աշխատակիցներու եւ հաւատաւոր ընթերցողներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Հորիզոն»ի աշխատակից Թալիա Ճապրայեան, որ հաստատեց. ««Հորիզոն»ի քառասնամեայ առաքելութիւնը հայ մամուլի երկնակամարին վրայ իրագործուեցաւ շնորհիւ անոր խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն անշահախնդիր զոհողութեան ոգիին, որոնք իրենց պարտականութիւնը կատարեցին լրագրողի յանձնառու կեցուածքով», ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց հայրենի բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանը։ Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական» ծառայութեան գլխաւոր բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանը հեղինակ է տասնեակէ աւելի հայագիտական եւ հոգեւոր մշակութային ֆիլմերու: Իր Վաւերագրական ժապաւէնները ցուցադրուած են Անգլիա, Իտալիա, Հոլանտա Աւստրալիա, Գանատա, Ամերիկա եւ այլուր։ Հեռուստատեսային բնագաւառէն ներս ունեցած իր ներդրումներուն համար 2014 թուականին արժանացած է պետական պարգեւի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետալի։ Վաւերագրական տեսանիւթերու եւ ֆիլմերու հեղինակ Յակոբ Փափազեանի բեմադրած ժապաւէններու շարքին է՝ հայ գրատպութեան պատմութիւնը վաւերագրող «Գիրք Հայրենիքը. Յակոբ Մեղապարտ» երեք մասով փաստավաւերագրական ֆիլմաշարը, որ վերջերս ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ։

Խօսք առաւ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, ապա երեկոն ընծայեց «Անոնց, որոնք միշտ «Հորիզոն»ի կողքին մնացին», ըլլան անոնք ներկայ աշխատակիցներ, թէ մեզմէ առյաւէտ հեռացածներ: Խմբագիրը մատնանշեց Միացեալ Նահանգներու լրագրութեան տիտաններէն Ուոլթըր Գրոնքայթի խօսքը լրագրութեան մասին, թէ «Լրագրողին գլխաւոր առաքելութիւնն է հասարակութեան փոխանցել այն, ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ, եւ ոչ թէ այն, ինչ կը փափաքի կամ կը ցանկայ տեղեկանալ»: Ան հաստատեց նաեւ, որ ՀՅԴ մամլոյ ընտանիքի վահանակիր զինուոր «Հորիզոն»ը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը անվկանդ ու աննահանջ, որովհետեւ «Կը հաւատանք, որ մեր առաքելութիւնը ճշմարիտ է, եւ մեր ճանապարհը՝ արդար»:

Տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»ի 40-ամեայ գործունէութեան փաստավաւերագրական շարժանկարի ցուցադրութիւնը, որուն ընդմէջէն ներկաները տեղեկացան «Հորիզոն»ի հիմնադրութեան հանգամանքներուն, նախկին եւ ներկայի խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն, շաբաթաթերթի ներդիրներուն եւ յաւելուածներուն, տպագրական գործընթացին, հայեցակարգին, տեղեկատուական ասպարէզին, համայնքային կեանքի արխիւագրումին, պետական եւ քաղաքական ոլորտէն ներս ունեցած ներդրումին, յօդուածներուն եւ գրութիւններուն բնոյթին, խմբագրակազմի երիտասարդ եւ երէց անդամներուն եւ ընդհանուր գործելաոճին հիմնադրութենէն ցայսօր:

Ցուցադրութեան աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանը: Ան շնորհաւորելէ ետք «Հորիզոն»ի մեծ ընտանիքը, անդրադարձաւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ երթին, որ յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները՝ անխափան կերպով կը գործէ մինչեւ օրս: ««Հորիզոն»ը տեղեկութիւն փոխանցեց եւ կը փոխանցէ, վերլուծական զանազան եւ բազմաբնոյթ յօդուածներու բեմ է, գաղափարական ուղեցոյց է ՀՅԴ շարքերուն, համակիրներուն, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներուն, գաղափարական հնոց է, ան նաեւ հաւաքավայր է աշխարհասփիւռ մտաւորականութեան, երիտասարդ ու խոստմնալից գրիչներու դաշտ է, առաւել եւս սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ հայապահպանման հիմնական օրկան է» հաստատեց ան:

Խօսք առաւ հայրենի արուեստագէտ բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանը, որ յայտնեց. ««Հորիզոն»ի աշխատանքներուն մէջ խորանալով ես ցանկացայ ինձանից մի փոքրիկ յուշ թողնել այստեղ եւ վաւերագրել սփիւռքի մէջ գործող այս մամուլին պատմութիւնը: Ես ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել «Հորիզոն»ի բոլոր լրագրակազմին եւ շնորհաւորել զիրենք այս առթիւ»: Ապա ան խօսքը ուղղեց ներկաներուն ըսելով. ««Հորիզոն»ի յարատեւութիւնը ձեր ձեռքումն է, պէտք է կանգնել նրա կողքին»:

Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան: Ան գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ, ապա անդրադարձաւ, թէ վերջին տարիներուն «Հորիզոն»ը ունեցաւ նաեւ կրօնական բովանդակութեամբ ներդիր մը, որ ամսական դրութեամբ լոյս կը տեսնէ շաբաթաթերթին մէջ: «Մամուլը դպրոց է եւ կը դաստիարակէ: Մամուլը նաեւ զէնք է պայքարելու, ասպարէզ է ստեղծագործելու», ըսաւ ան, ապա հոգեւոր հայրերուն հետ «Պահպանիչ»ով փակեց երեկոն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.