Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ պատմագէտ Թալին Սուճեանի «Outcasting Armenians – Tamzimat of the provinces» գիրքին շնորհանդէսը

Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Միւնիխի համալսարանի արեւելագիտութեան դասախօս Թալին Սուճեանի «Outcasting Armenians – Tamzimat of the provinces» (Վտարանդի հայեր – գաւառներու Թանզիմաթը, անգլերէն) գիրքին շնորհանդէսը:

Նախ Գրական յանձնախումբի բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Նանոր Սնապեան, որմէ ետք օրուան զրուցավար Հրայր Բազէ ներկայացուց գիրքին հեղինակ պատմաբան Թալին Սուճեանը, որ ներկայիս Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի թրքագիտութեան ամպիոնի գիտաշխատող է:

Գիրքին ներկայացումը կատարեց նոյնինքն հեղինակը, որ պարբերաբար գիրքէն նկարներու ցուցադրութեամբ եւ անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր գիրքը: Պատմաբանը իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին սոյն շնորհանդէսը, ապա յայտնեց. «2014 թուականին, երբ այցելեցի Փարիզի «Նուպար» գրադարանը, հետազօտութեան նպատակաւ, պատահաբար հանդիպեցայ Հայոց Պատրիարքարանի 19-րդ դարու նամակագրութեան թղթածրարներուն, զոր գրադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեանը ցոյց տուաւ ինծի: Ես ուղղակի ապշած մնացի, երբ յայտնաբերեցի, որ ընդհանուր առմամբ 240 բնակավայրերու կը վերաբերէին անոնք», ապա աւելցուց, թէ երկու տարի տեւած էր, որ զանոնք ուսումնասիրելու իր ներքին վախը յաղթահարէ, մինչեւ որ 2016-ի աշնան վերջապէս կրցած էր սկսիլ այդ աշխատանքին՝ «Երբ նոր աշխարհ մը բացուեցաւ դիմացս՝ Օսմանեան հայերուն մասին» յայտնեց պատմագէտը:

Անդրադառնալով այդ նամակագրութեանց, Սուճեան ըսաւ. «Երբ կը կարդայի Պատրիարքարանի երկրի բոլոր կողմերուն հետ նամակագրութիւնները, անդրադարձայ, որ Թանզիմաթեան՝ արդիականացման եւ արեւմտականացման գործընթացը իսկապէս տեղի կ՚ունենար, բայց ոչ անպայման իրենց ամենադրական իմաստով: Բոլոր գաւառներէն խնդրագրերը, զեկոյցներն ու բողոքները, որոնք կ՚առաքուէին Պատրիարքարան կամ Օսմանեան կայսրութեան, կը բովանդակեն թանկարժէք տուեալներ Օսմանեան վարչակազմին վերաբերեալ»:

Սուճեան լուսաբանելով 19-րդ դարու իրադարձութիւնները, նշեց, որ գաւառային հարստահարութիւնները սկսած են ոչ թէ համիտեան շրջանին, ինչպէս համատարած ընդունուած է, այլ 19-րդ դարու առաջին կէսին եւ շարունակուած մինչեւ 1915: Ան մէջբերեց նաեւ Կիլիկիոյ պարագան եւ աւելցուց. «Կիլիկիոյ հայ գիւղացիներու աքսորը 1868-ին ցոյց կու տայ, որ Թանզիմաթը իրականութեան մէջ, հայերուն համար ուղղակի հակառակ նշանակութիւն ունեցաւ (կեանքի, պատուի եւ ունեցուածքի անապահովութիւն), քան այն ինչ կը սպասուէր որ պիտի իրագործէ: Հողատարածքն ու անոր բնիկ ժողովուրդը Թանզիմաթի իսկական թիրախն էին»: Ան նոյնպէս յիշատակեց Չարսանճագի պարագան, յայտնելով որ անոնց բողոքները սկսած էին դեռեւս 1850-կաններու կէսին:

Պատմագէտը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Բնաջնջնուած ժողովուրդներու պատմութիւնը յեղափոխականութիւն է, որովհետեւ այն միակ պատմութիւնն է, որ կը պարունակէ ամենամութ ճշմարտութիւնը յանցագործին եւ հետեւաբար՝ ամբողջ մարդկութեան մասին: Հայկական աղբիւրները ուսումնասիրելն ու անոնց ձայնը նորօրեայ պատմութեան մէջ լսելի դարձնելը հզօր պատգամ մը ունի փոխանցելիք, որն է արդարութեան ու կեանքի, պատուոյ եւ ունեցուածքներու ապահովութեան ի խնդիր մէկ դարու պայքարը. բնաջնջուած ու աքսորուած ժողովուրդի մը անդուլ պայքարը, որ բռնի կրօնափոխուեցաւ, փրկուեցաւ, բայց անանուն մնաց…»:

Աւարտին ներկաներուն հետ զրոյց մը տեղի ունեցաւ զրուցավարութեամբ Հրայր Բազէի:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Comments are closed.