Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան առթիւ տողանցք եւ Արցախի զօրակցական հաւաք
844
0
Կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ Կամքին, Կիրակի, 28 Մայիսին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին, Arena Marcelin Wilson-էն սկիզբ առաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան առթիւ տողանցքը, որուն կը մասնակցէին ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Մոնթրէալի եւ Լաւալի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական բոլոր խումբերը, փողերախումբը, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղը, Պատանեկան Միութեան «Դրօ-Գետաշէն» եւ «Ռաֆֆի-Վիգէն Զաքարեան» մասնաճիւղերը, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերը եւ Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղը:
Տողանցքի վերջին կայանն էր Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր յաւարտ Սուրբ Պատարագին տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Արցախի զօրակցական հաւաք, կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, մասնակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քահանայ Գոյունեանի, Արժանապատիւ Տէր Նշան Քհն. Մանուկեանի, Դպրաց դասին եւ հոծ բազմութեան:
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, եւ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՄԸՄ Կամք մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Արապեան եւ ըսաւ. «Այսօրուան մեր տողանցքը կը վերակենդանացնէ Մայիս 28-ի այն տողանցքը, երբ յաղթական հայ բանակը տողանցեց անկախ հայրենիքի մէջ եւ ծածանեց հայկական եռագոյնը»:
Զոյգ կոմիտէութիւններուն խօսքը փոխանցեց Արա Գաթարոյեան, որ ըսաւ. «Մենք պէտք է բռնցքուինք եւ ամէն գնով ձախողեցնենք Հայաստանի այսօրուան ղեկավարութեան դաւադիր ու սատանայական ծրագիրը: Մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու: Սարդարապատ, Բաշ Ապարան կերտողները իրաւունք չունին յուսահատելու»:
Գանատայի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան եւս փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ ըսաւ. «Հայաստան աշխարհն ու Արցախը այսօր վտանգուած են, բայց իրաւունք չունինք տկարանալու եւ յուսահատելու, ոչ մէկ ղեկավար եւ առաջնորդ իրաւունք ունի մեր ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի զիջում, մանաւանդ այն հողը, որ մեր հերոսներուն եւ մեր նահատակներուն արեամբ ձեռք բերուած է»:
Աւարտին յեղափոխական եւ ազգային երգերով հանդէս եկաւ Սագօ Թաշճեան:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները Մայք Թաշճեանի
Comments are closed.