Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւն»
Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի MCGill համալսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւն» թեմայով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, Université de Montréal-ի Հայ Ուսանողներու միութեան, Concordia-ի Հայ Ուսանողներու միութեան, McGill-ի Հայ Ուսանողներու միութեան եւ ներկայութեամբ յատկապէս երիտասարդներու հոծ բազմութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկան McGill-ի Հայ Ուսանողներու միութեան համանախագահներէն Խաչիկ Պալեանը եւ Concordia-ի Հայ Ուսանողներու միութեան նախագահ Կայել Գույումճեանը: Պալեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ կազմկերպող միութիւններուն, ապա Կայել Գույումճեան նշեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումին պատմական կարեւոր իրադարձութեան պատմագիտական հիմունքներով քննարկելու եւ անդրադառնալու կարեւորութիւնն ու բեմ հրաւիրեց օրուան զրուցավար դոկտ. Լալէ Մանճիկեան, որ կարճ նախաբան մը ներկայացուց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն, Սիմոն Վրացեանի, Արամ Մանուկեանի, Յովհաննէս Քաջազնունիի, Արմէն Գարոյի մասին, ինչպէս նաեւ նշեց, թէ սոյն նախաձեռնութիւնը կը վայելէ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան տիար Լեւոն Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը: Դոկտ. Մանճիկեան ներկայացուց օրուան երեք զեկուցաբերները. UCLA համալսարանի փրոֆեսոր եւ պատմաբան դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը, UCLA համալսարանի փրոֆեսոր, հեղինակ եւ գիտաշխատող դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանը եւ Ժընեւի Webster համալսարանի փրոֆեսոր եւ լրագրող դոկտոր Վիգէն Չըթըրեանը:
Դոտկ. Յովհաննիսեան անդրադառնալով Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման դժուարին պայմաններուն՝ ըսաւ. «Մեծ դժուարութեամբ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, երբ մարդիկ կը մահանային համաճարակներէ մեր ղեկավարները եւս աշխարհի չորս կողմէն համախմբուեցան Հայաստան, որոնցմէ շատեր մահացան իրենց ժողովուրդին հետ՝ նոյնպէս տառապելով համաճարակներէ: Անոնք բացառիկ մարդիկ չէին, նաեւ սխալներ գործեցին, բայց հաւատացին հայ ժողովուրդի տեսլականին, հաւատացին գերագոյն նպատակին եւ ամբողջովին նուիրուեցան անոր: Այս է պատճառը, որ այսօր մենք կը յարգենք եւ կը մեծարենք այդ օրերու մեր ղեկավարները»: Ան յիշեց, թէ Հանրապետութեան առաջին տարուան աւարտին Հայաստան կ’ապրէր քաոսային իրավիճակ, երբ շրջափակուած եւ անընդհատ կռիւներու մէջ էր. «Ղարաբաղի,Ախալքալաքի եւ Զանգեզուրի պայքարը նոր չէ, այլ այդ օրերուն մեր տկար եւ նորաստեղծ հանրապետութիւնը եւս կը մղէր այդ պայքարը», ըսաւ ան: Դոկտ. Ռիչըրտ նաեւ յիշեցուց, թէ հայ դատը վտանգուած չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն, այլ ամբողջ հայկական յեղափոխական շարժումը իր ստեղծման առաջին օրէն իսկ նուիրուած էր Երկրին, որ Վանն է, Կարինն է, Մուշն է…: Ան անդրադառնալէ ետք Սեւրի Դաշնագրին, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «1918-ին կերտուած Հանրապետութիւնը մեզի շնորհեց հայրենիքէն մասունք մը, այսօրուան մեր հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է պահպանել այդ մասունքը եւ կերտել այնպիսի հայրենիք մը, ուր փափաքի ապրիլ ամէ՛ն հայ»:
Երկրորդ զեկուցաբեր դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, թէ հայ պատմագիրները այսօր, երիտասա՛րդ պատմագիրները յատկապէս, որոնք կ’ուսումնասիրեն այս կարճ բայց յոյժ կարեւոր ժամանակաշրջանը մեր պատմութեան, նոր մօտեցումներ կը ցուցաբերեն, անկախ սովետական շրջանին իրենց աւանդուած մօտեցումներէն, ձերբազատուելով պոլշեւիկեան քարոզչութեան խեղաթիւրած պատմութենէն, որ մօտ 70 տարի մատուցուեցաւ մեր յաջորդական սերունդներուն: Դոկտ. Փիրումեան անդրադառնալով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին, ըսաւ. «Ես կ’երազեմ եւ կը հաւատամ, որ մեր այս երազը օր մը անպայման պիտի իրականանայ, որովհետեւ ես իմ մանկութենէս ականատես եղայ հօրս կեանքի տանջալից ընթացքին, երբ հալածուեցաւ որպէս դաշնակցական գործիչ եւ աքսորուեցաւ Սիպերիա, ան ինչպէ՛ս շարունակեց հաւատալ իր երազին եւ իր կեանքին մինչեւ վերջին շունչը նուիրուեցաւ հայ ժողովուրդի դատին»: Դոկտ. Ռուբինա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Նման խորհրդաժողովներ թող պատճառ եւ սկիզբ հանդիսանան մեր բոլորին համար՝ վերանորոգուելու, հոգեփոխուելու եւ անցեալի սխալներէն սորվելու եւ չկրկնելու. ա՛յս պիտի ըլլայ մեր ճանապարհը դէպի յաղթանակ»:
Խորհրդաժողովի վերջին զեկուցաբեր դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան իր զեկոյցը սկսաւ կենսական հարցադրումով մը, թէ՝ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է ուսումնասիրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը. ապա ըսաւ. «Մենք պարտաւո՛ր ենք սերտելու այդ ժամանակաշրջանը, որովհետեւ այդ մէկը մաս կը կազմէ համաշխարհային պատմութեան, նկատի առած որ ան կ’առնչուի համաշխարհային Առաջին պատերազմին եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան. այդ ժամանակաշրջանը ուսումնասիրելով մենք ոչ միայն կը վերյիշենք մեր անցեալի պատմութիւնը, այլ այդպիսով նաեւ մենք կը յայտնաբերենք մեր ներկայի՛ իրավիճակը, յատկապէս Միջին Արեւելքի հետ կապակցաբար»: Անդրադառնալով Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ երկար դարեր ապրած հայ ժողովուրդի հոգեբանութեան ան շեշտեց, թէ այդ տարիներուն հայ ժողովուրդին մօտ անկախութեան գաղափարը չքացած էր՝ որպէս արդիւնք ստրկութեան, սակայն 1915-1918-ի ժամանակահատուածի արիւնալի դէպքերը եւ ոչնչանալու սպառնալիքը ստիպեցին հայ քաղաքական միտքը՝ անկախութեան դիմելու որոշումին յանգելու: Դոկտ. Չըթըրեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հասկնալու համար թէ ի՛նչ կը պատահի այսօր Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս՝ Աֆրինի մէջ, պէտք է երթանք դէպի անցեալ եւ սերտենք մեր պատմութիւնը, որովհետեւ անոնք յար եւ նման են»: Ան աւելցուց, թէ մեծ պետութիւնները խոր յիշողութիւն չունին եւ կարիքը չունին ունենալու, սակայն մենք պարտաւո՛ր ենք սերտելու մեր պատմութիւնը եւ անկէ դասեր քաղելու:
Խորհրդաժողովի աւարտին տեղի ունեցան հարցադրումներ ներկաներուն կողմէ, որոնց լուսաբանական պատասխաններ տուին երեք զեկուցաբերները:
Սոնա Թիթիզեան