Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» գիրքին շնորհանդէսը
- (0)

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի՝ բարեխնամ առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին, Հինգշաբթի, 10 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի «Կէօնճեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»ի կողմէ արեւմտահայերէնով վերահրատարակուած Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» գիրքին շնորհանդէսը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Սոնա Թիթիզեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գիրքին հրատարակուելուն առթիւ «Հորիզոն»ի աւագ խմբագիր Վրէժ Արմէն, 2021 Օգոստոսին գրախօսական մը գրած էր, որուն մէջ ըսած էր. “Ընթերցողը չի կրնար չտեսնել այն կարմիր գիծը, որ անցած է մեր պատմութեան տարեգրութեան առաջին էջերէն մինչեւ այսօր։ Այդ՝ կերտելու, կերտածը աւերակի վերածուած տեսնելու եւ դարձեալ կերտելու մեր ժողովուրդի անվհատ վճռակամութիւնն է, թէկուզ կամայ թէ ակամայ երկիրը լքելու եւ օտարութեան ալ յանձնուելու երեւոյթներու ալ առկայութեամբ”»: Անկէ ետք ան ներկայացուց գիրքին հեղինակը:
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտուհիներ Առլի Քելլէեան եւ Վանա Գարայեան, յաջորդաբար ընթերցեցին «Մեծկերտ» եւ «Արդուին» քաղաքներուն մասին գիրքէն հատուածներ:
Գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ նախ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ գիրքին խմբագիրներուն՝ վաստակաւոր ուսուցիչ, գրագէտ եւ մտաւորական Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ «Ազդակ»ի փոխ խմբագիր Նորա Բարսեղեանին, որոնք գիրքը արեւմտահայերէնի վերծանած էին, գիրքի սրբագրիչներուն՝ Սոնա Թիթիզեանին եւ Քրիստափոր Միքայէլեանին, որ նաեւ հեղինակն էր գիրքին ձեւայղացքին, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Միութեան, որոնք ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ստանձնած էին գիրքին մեկենասութիւնը:
Ան նախ անդրադարձաւ գիրքին բովանդակութեան ըսելով. «Պատմաբան Թադեւոս Յակոբեանի այս աշխատութիւնը կը հանդիսանայ այն միակ հազուագիւտ աղբիւրը, ուր մէկ հրատարակութեան մէջ համախմբուած կրնանք գտնել Պատմական Հայաստանի, Արեւմտահայաստանի 72 հայկական բնակավայրերու տեղագրութիւնը։ Գիրքին մէջ ներառուած են հայկական բարձրավանդակի այն բնակավայրերը, որոնք մաս կը կազմեն Մեծ Հայքին եւ կարգ մը բնակավայրեր Փոքր Հայքէն», ապա աւելցուց. «Գիրքին հեղինակը, ոչ միայն հայկական քաղաքներու տեղագրութիւնն է, որ ուսումնասիրած է, այլեւ՝ յատուկ նախաբանով մը, պատմական յետադարձ ակնարկով ներկայացուցած է նշեալ տարածաշրջանի հայկական բնակավայրերու գլխաւոր պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնն ու ընկերային-տնտեսական պայմանները։ Գիրքի բնօրինակէն յապաւուած եւ զեղջուած են փոքր հատուածներ, ուր հեղինակը կը գրէ, թէ տնտեսական կամ ժողովրդագրական ինչպիսի կացութեան մէջ կը գտնուի նշեալ բնակավայրը Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ, գրքի հրատարակման օրերուն՝ այսինքն 1985-1987 թուականներուն»:
Ան գիրքին արեւմտահայերէնով վերահրատարակուելուն մասին ըսաւ. «Գիրքին արեւմտահայերէնով վերահրատարակելու ծրագիրը կը նպատակադրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներու Սփիւռքի չորրորդ սերունդին համար դիւրընթեռնելի ըլլայ գիրքը։ Հրատարակութիւնը նպատակ կը հետապնդէ նաեւ, որ ի հարկին, Սփիւռքի վարժարաններու տնօրէնութիւններ կամ կրթական մարմիններ գիրքը նկատի ունենան որպէս երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտութեան համար «Արեւմտահայաստանի քաղաքներն ու բնակավայրերը» խորագրով դասընթացքային ծրագիր»:
Խմբագիրը նաեւ անդրադարձաւ արեւմտահայաստանի բռնագրաւման եւ հայ ժողովուրդի հայրենազրկման յանցագործութեան Թուրքիոյ ժխտման կեցուածքին, ըսելով. «Պատմական բնօրրանի բռնագրաւումը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու ցեղասպանութեան յանցագործութեան ուրացումը՝ ցեղասպանութեան հոլովոյթի շարունակութիւնն են եւ Թուրքիոյ պետութիւնը կը դնեն մարդկութեան դէմ գործած իր յանցանքը ընդունելու պատասխանատուութեան դիմաց»։
Ան յայտնեց նաեւ, որ գիրքի աւարտին կը գտնենք քաղաքներու այբբենական կարգով բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ գիրքին մէջ հրատարակուած է արխիւային լուսանկարներու փոքր հաւաքածոյ, որ այսօր պահ դրուած է Պոսթընի ՀՅԴ Արխիւին մէջ:
Գարագաշեան յետադարձ ակնարկով մը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան օրերուն գերմանացի հոգեւորական, հասարակական գործիչ եւ արեւելագէտ Յովհաննէս Լեփսիուսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններուն եւ հրատարակութիւններուն, որոնց միջոցաւ ան մերկացուցած էր Օսմանեան կառավարութեան հայաջինջ քաղաքականութիւնը: Ապա ոստում մը կատարելով անդրադարձաւ գիրքին մէջ նշուած բնակավայրերուն ներկայ դրութեան եւ հոն բռնի հաւատափոխ եղած, բայց տակաւին յամառօրէն հողին կառչած մեր ժողովուրդի այն հատուածին՝ իսլամացած հայերուն, որոնց մասին խմբագիրը կատարեց հետազօտութիւններու արդիւնքներու մէջբերումներ: Ան նաեւ շեշտեց, որ այս գիրքը մեծ աղերս ունի նաեւ մեր այսօրուան իրականութեան հետ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները «իրական» Հայաստանը Պատմական Հայաստանին հակադրելու փորձութեան կ՚ենթարկուին։ Ան հաստատեց, որ Պատմական Հայաստանը հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան անբաժանելի մասնիկն է։
Իր ներկայացման աւարտին Գարագաշեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Ցեղասպանութեան օրերուն, Մուսա Լերան հերոսամարտի ընթացքին, ֆրանսական ռազմանաւերու կողմէ մուսալեռցիներու փրկութեան արխիւային լուսանկարներու այն հաւաքածոն, որ Ֆրանսայի մէջ յայտնաբերուեցաւ 2017 թուականին:
Գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին, որուն նախաձեռնութեամբ յաջողած էր գիրքին արեւմտահայերէն տարբերակի հրատարակութիւնը, ապա աւելցուց. «Այս գիրքը կու տայ ամբողջական պատկերը մեր Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն, գիւղերուն բնակչութեան, կեանքին, մշակոյթին, կոթողներուն, հարստութեանց եւ արժէքներուն»: Սրբազան Հայրը նաեւ խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ դնելու փորձութիւնը՝ ըսելով. «Այդ բոլորը ո՛չ նիւթ են խօսելու, ո՛չ վիճելու եւ ոչ ալ սակարկելու: Մենք նախեւառաջ պէտք է ճանչնանք մենք զմեզ, գիտնանք թէ ո՛ւր ապրած են մեր նախահայրերը, ապա յաջորդող սերունդներուն փոխանցենք զանոնք եւ անվերապահօրէն շարունակենք մեր արդար իրաւունքներուն տիրանալու պայքարը»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն եւ գիրքի վաճառք:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի