Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն՝ ի պատիւ «Runners for Armenia» վազքարշաւի նուիրատուներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ վերջերս տեղի ունեցած «Runners for Armenia» վազքարշաւի նուիրատուներուն, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներու եւ անդամներու:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ եւ «Runners for Armenia» ծրագրի յանձնախումբի անդամ Անի Թաշճեան, որ ֆրանսերէն եւ հայերէն իր խօսքին մէջ ներկայացուց մոնթրէալահայ երկու հայ երիտասարդները՝ Շանթ Շահինեանն ու Արէն Իմամէճեանը, որոնց մտայղացումն էր այս ծրագիրն ու անոր հասոյթի տրամադրումը ՀՕՄ-ի Հայաստանի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահութեան կեդրոնին համար խիստ անհրաժեշտ կրծքաշողանկարային (mammography) նոր սարքի գնման: Շանթ Շահինեանը (26 տարեկան), որ Université de Montreal համալսարանին մէջ ատամնաբուժութիւն կ’ուսանի, եւ Արէն Իմամէճեանը (22 տարեկան), որ Գոնգորտիա համալսարանի John Molson բաժանմունքին մէջ կը հետեւի տնտեսագիտութեան, յաճախած են Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը, մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն եւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին: Ապա Թաշճեան հրաւիրեց զոյգ երիտասարդները փոխանցելու իրենց սրտի խօսքը:

Իմամէճեան եւ Շահինեան ընդհանուր ակնարկ մը տուին ծրագրին մտայղացման ու ծրագրաւորման գործընթացին մասին, թէ ինչպէս փափաքեցան վազքարշաւի իրենց մասնակցութիւնը ծառայեցնել ազգօգուտ ծրագրի մը եւ այդ նպատակաւ դիմեցին ՀՕՄ-ին, որուն հետ գործակցութիւնը, ինչպէս ըսին, հոգեպարար փորձառութիւն մը դարձած էր իրենց համար: Անոնք յայտնեցին, թէ ՀՕՄ-ը անմիջապէս նեցուկ կանգնած եւ աջակցութիւն ցուցաբերած էր իրենց եւ ծրագրին:

Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պատրաստուած երկու տեսերիզներ՝ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահութեան կեդրոնին մասին, որ կը ծառայէ Շիրակի մարզին ու անոր շրջակայքի մեր հայրենակիցներուն, նաեւ կեդրոնի փոխ տնօրէնին շնորհակալական խօսքը:

Ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան, որ բարձր գնահատեց նախաձեռնութիւնը կազմակերպող երկու երիտասարդներուն տարած տքնաջան եւ կազմակերպուած լուրջ աշխատանքը: Ան մեծապէս արժեւորեց բոլոր նուիրատուներուն առատաձեռն մասնակցութիւնը, առանց որոնց կարելի պիտի չըլլար այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել: Կարապետեան յայտնեց, որ կրծքաշողանկարային նոր սարքի գնման ու առաքման գործընթացը արդէն սկիզբ առած ու կանխավճարը վճարուած է եւ կը նախատեսուի, որ 6 ամիսէն կեդրոնը ստանայ զայն, եւ որուն մասին տեսանիւթով մը դարձեալ պիտի զեկուցուի նուիրատուներուն:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան, որուն մէջ խօսքը նախ ուղղելով նուիրատուներուն՝ ըսաւ. «Այսօր դուք արժանի էք արդարօրէն հպարտանալու, քանի որ տուիք ձեր սրտէն եւ հոգիէն փրկելու համար հայ մայր մը կամ կին մը» ապա աւելցուց. «Շնորհակալական յատուկ խօսք ունիմ յատկապէս մեր այս կենսունակ երկու հայ երիտասարդներուն, որոնք ժրաջան կերպով աշխատեցան անցնող ամիսներուն եւ իրենց անխոնջ աշխատանքին եւ անսակարկ նուիրումին շնորհիւ 62 000 տոլար յաջողեցան հաւաքել: Շնորհակալական խօսք ունինք յատկապէս տէր եւ տիկին Արա եւ Մարալ Իմամէճեաններուն եւ իրենց դստեր՝ Կարինին, որոնք ճիգ եւ միջոց չխնայեցին աջակցելու այս մեծ գործի յաջողութեան: Անոնք անկախ իրենց կատարած մեծագումար նուիրատուութենէն, վազքի մրցումի շապիկներ նուիրեցին վազողներուն եւ բարոյական զօրակցութիւն ցուցաբերեցին ծրագրի ծնունդէն մինչեւ աւարտը»:

Աւարտին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Շանթ Շահինեանի եւ Արէն Իմամէճեանի, որոնք իրենց կարգին շնորհակալական բացիկներ պատրաստած էին ու բաժնեցին ներկաներուն:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարը՝ Արմէն Ալեմեանի

Comments are closed.