Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Սարէն ձորէն» գիրքին շնորհանդէսը
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Սարէն ձորէն» գիրքին, որ ձօնուած է հայրենիքի պաշտպան հայոց քաջարի բանակին եւ Արցախի պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն ու կամաւորներուն անթառամ յիշատակին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Սէրայտարեան, որ ներկաները ողջունելէ եւ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, յայտնեց. «Գիրքերու շնորհանդէսներու կազմակերպումը նպատակաուղղուած ձեռնարկներ են ընթերցասէր եւ գրասէր հանրութեան ծանօթացնելու տուեալ գիրքին, ընդհանրապէս նոր հրատարակուած, հեղինակը, գիրքին բովանդակութիւնը, արժեւորումն ու գնահատումը», ապա անդրադառնալով գիրքին Մոնթրէալի մէջ վերջերս հրատարակուելուն, հակառակ քորոնաժահրին առթած պայմաններուն, ան ըսաւ. «Այսօր շնորհանդէսի այս ձեռնարկով պիտի ներկայացնենք բժիշկ Օհան Թապաքեանի վերջերս հրատարակուած «Սարէն Ձորէն» գիրքը, որ եւս իր կարգին քորոնաժահրէն մազապուրծ ազատեցաւ եւ լոյս աշխարհ եկաւ Մոնթրէալի մէջ, շնորհիւ հեղինակին հետեւողական ջանքերուն»:
Ձեռնարկի բեմավար Սալբի Էլէյճեան Քելլէեան ներկայացուց հակիրճ կենսագրականները յայտագրին մաս կազմողներուն, որոնց առաջինն էր իրանահայ երիտասարդ երաժշտահան Արամ Խանլարեանը: Ան դաշնամուրի վրայ բացառիկ կատարողութեամբ հանդէս եկաւ «Արի իմ սոխակ» հայրենասիրական-օրօրոցային երգին իր մշակումով:
Գիրքը ներկայացուց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ նախ անդրադարձաւ գիրքին բովանդակութիւնը կազմող նիւթերուն այլազանութեան, յայտնելով թէ հատորը կը բովանդակէ զանազան յուշեր հեղինակին կեանքէն, թարգմանութիւններ, միջազգային գրականութենէն ներշնչուած գրութիւններ՝ կարճ պատմուածքներու ձեւով, մտորումներ եւ ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ գոհարներ միջնադարեան հայ գրականութենէն՝ Ներսէս Շնորհալիէն, Յովհաննէս Երզնկացիէն, Մխիթար Գոշէն, Վարդան Այգեկցիէն եւ այլոց քառեակներէ:
Թիթիզեան յայտնեց, թէ հատորը նուիրուած ըլլալով Արցախի պատերազմի զոհերուն, առաջին գրութիւնն ալ նուիրուած է հայու աննկուն ոգիին, ապա մէջբերեց հետեւեալը. «Յուզիչ է տեսարանը Երեւանի հրապարակին վրայ խռնուած հազարաւոր մայրերուն, հայրերուն ու հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք իրենց զինուորագրուած զաւակներն ու կամաւորները կ’առաքեն մարզադաշտ… Ամէն կողմէ կ’արձագանգէ «Յաղթելու ենք»ը, մինչ քիչ մը անդին նախորդ սերունդներու հսկաներ՝ Արամ Մանուկեան ու Գարեգին Նժդեհ, իրենց պատուանդաններուն վրայ հպարտօրէն կայնած, կարծես հոգի առած, բոցավառ աչքերով կը հետեւին պարզուած տեսարանին ու կը խրախուսեն հայ զինուորները»:
Ան անդրադառնալով հատորին զանազան նիւթերուն եւ հետաքրքրական մէջբերումներ կատարելով անկէ, խօսքը աւարտեց ըսելով. «Անկարելի է քանի մը վայրկեանուան ներկայացումով մը ամփոփել հատորին այլազան ու չափազանց հետաքրքրական նիւթերը: Թելադրելի է կարդալ զանոնք ու ըմբոշխնել անոնց այլազանութեան մէջ թաքնուած վերիվայրումները, որոնք մերթ մեզ կը մղեն լուրջ ու խոհուն մտորումներու, մերթ կը տանին դէպի միջնադար, մերթ կը հրաւիրեն հին օրերու բարքերու ու սովորութիւններու, ապրելակերպի ու մտայնութիւններու խորքը թափանցելու, մերթ կը տանին դէպի հայրենիք ու վիրաւոր Արցախ, մերթ դէպի զուարճալի մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ հեքիաթներու աշխարհին նման երազային, բայց միեւնոյն ժամանակ խորիմաստ պատմութիւններու ոլորտներ»:
Աւարտին բժիշկ Թապաքեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը, նախ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան սոյն հատորին ի կատար ածման, ապա յայտնեց. «Կեանքի ընթացքին կան պարապումներ, զորս չես կրնար ընել, մինչեւ որ չսորվիս զանոնք կատարելու կերպը: Այս դասին կը պատկանին գլխաւորաբար արհեստները: Սակայն կան նաեւ այլ պարապումներ, զորս չես կրնար սորվիլ, առանց փորձելու զանոնք: Այս դասին կը պատկանի գրականութիւնն ու արուեստները»:
Հեղինակը անդրադառնալով իր գրելու առաջին փորձերուն, յիշեց Հալէպի Հայկազեան Ազգային վարժարանին աշակերտած օրերուն տնօրէնութեան հրատարակած «Հայկազն» անունով պարբերաթերթը, որուն մէջ արձակ կամ չափածոյ գրութիւններով հանդէս կու գային գրասէր աշակերտներ, եւ որուն մէջ լոյս տեսած են նաեւ իր առաջին գրութիւնները:
Թապաքեան վեր առաւ Համազգայինի կատարած կենսական դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ՝ յանուն հայապահպանութեան եւ հայ մշակոյթի գոյատեւման ու զարգացման: Ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Անհրաժեշտ է ու համայնական, որ բոլորս մշակոյթի սիրով տեւաբար զօդուած մնանք իրարու, որպէս ազգ, որովհետեւ լեզուին զուգահեռ՝ մշակոյթն է, որ անսասան պիտի պահէ մեր ազգը»:
Վարչութեան շնորհակալական խօսքով ու յառաջիկայ ձեռնարկներու յայտարարութեամբ աւարտեցաւ շնորհանդէսը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ գիրքին վաճառքը:
Ս.Թ.