Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ Ղուկասեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուներուն շնորհանդէսը
- (0)

Հովանաւորութեամբ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, շաբաթ, 9 մայիս 2026-ին, իրիկուան ժամը 6:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի «Ժիրայր եւ Էլիզ Տէրվիշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան, հասարակական գործիչ, Սպանիոյ Արարատ Հայկական Միութեան նախագահ եւ բանաստեղծ Արարատ Ղուկասեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուներուն՝ «Փնտռտուքների ճանապարհին» (2018, 2020), «Ժամանակի հետքերով» (2023), եւ «Երեք յետգրութիւն» (2025) գիրքերուն շնորհանդէսը, գաղութիս գրասէր հանրութեան պատկառելի ներկայութեամբ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի «Masquerade waltz» կտորի նուագակցութեամբ, Հայկ Ներսէսեանի կողմէ, որմէ ետք օրուան հանդիսավարները՝ Մարիէթա Պետրոսեան եւ Հայկ Ներսէսեան ներկայացուցին բանաստեղծին կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, մերթընմերթ գեղարուեստական յայտագրի ընդմիջումներով:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին Արթուր Մարկոսեան՝ ասմունքով, Անի Մինասեան հեղինակին «Թիթեռնիկ» բանաստեղծութեան ասմունքով, դաշնակահար Արփինէ Գրիգորեան եւ սրնգահար Սիրանոյշ Մինասեան՝ Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք»-ի երաժշտական կատարումով, Արթուր Մարկոսեանի հեղինակին «Ժամանակի յորձանուտում» կտորի ասմունքով, Աստղիկ Մինասեանի Կոմիտասի «Ալ Այլուղս» կտորի ջութակի նուագակցութեամբ, Մարիէթա Պետրոսեանի՝ հեղինակին համանուն բանաստեղծութեան հիմամբ գրուած «Առանց քեզ» կտորի երգեցողութեամբ եւ տիկին Մարի Փաշայեանի հեղինակին բանաստեղծական երկու կտորներու ասմունքով: Մէջընդմէջ տեղի ունեցաւ նաեւ տեսերիզով ներկայացումներ, հեղինակին «Հայաստան», «Էմինի “Մենք”ից մինչ Սեւակի “Քիչ ենք”» եւ «Աշուն» բանաստեղծութիւններուն, դերասան Սարգիս Վարդեւանեանի կողմէ ասմունքով: Վերջին անգամ հանդէս եկան խումբ մը պատանիներ «Մեր լեզուն» խմբերգով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Արթուր Մարկոսեանի:
Խօսք առաւ հեղինակը եւ ներկայացուց իր վերջին հրատարակուած գիրքին բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, անդրադառնալով հատորին հիմնական գլուխներուն, գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը բանաստեղծութիւններուն ստեղծագործման շարժառիթներուն, անոնց ծնունդին տուն տուող խոկումներուն, ինչպէս նաեւ ընթերցելով անոնցմէ մէկ քանին: Հեղինակին բանաստեղծութիւնները ընդհանրապէս կը շօշափեն հայրենասիրական ու մարդկային թեմաներ, ներկայացուած՝ բանաստեղծական իւրայատուկ ոճով, ինչպէս նաեւ խորհրդածութիւններ կեանքի, ժամանակի ու մարդկային ապրումներու մասին: Ան յիշեց, թէ իր բանաստեղծական յաջորդ հրատարակուելիք հատորը՝ «2020՝ գողացուած տարի»-ն արդէն տպարան յանձնուած է՝ առ ի հրատարակութիւն:
Պատմաբանը նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Սպանիոյ հայ համայնքին, որ ներկայիս կը հաշուէ աւելի քան 17 հազար հայ, որոնք գաղթած են Սպանիա վերջին 20-30 տարիներուն, մեծաւ մասամբ Հայաստանէն ու Արցախէն, յատկապէս Արցախի վերջին պատերազմէն ետք: Ան յիշեց, թէ նոր կազմակերպուող համայնքը արդէն ճիգ չի խնայեր հայապահպանման ի խնդիր աշխատանքներ իրականացնելու հարցով եւ նշեց քանի մը հայկական միօրեայ վարժարաններ, որոնք նախապէս գործած են, կամ ներկայիս կը գործեն Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, նկատել տալով նաեւ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու զանազան դժուարութիւնները:
Նշենք, որ Արարատ Ղուկասեան մասնագիտութեամբ պատմաբան եւ պատմութեան դասատու է, 1999-ին հաստատուած է Սպանիա, եղած է Մատրիտ, Պարսելոնա, Սարագոսա քաղաքները, ապա վերջնականապէս հաստատուած է Վալենսիա: 2004-ին հիմնած է Սպանիոյ առաջին հայկական կազմակերպութիւնը՝ Արարատ Հայկական Միութիւնը, որուն նախագահի պաշտօնը կը վարէ, ինչպէս նաեւ անոր հովանիին ներքոյ գործող առաջին հայկական միօրեայ դպրոցը: 2008-ին հիմնած է Սպանիոյ առաջին հայատառ թերթը՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթը: Իր ջանքերով 2010 թուականին Միսլատայի մէջ (Վալենսիա) տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը՝ Ջիւան Միրզոյեանի «Կենաց խաչ» կոթողը: Միութեան ջանքերով նաեւ առ այսօր Սպանիոյ 3 մարզ եւ 45 քաղաք ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ շնորհիւ կազմակերպուած զանազան միջոցառումներու եւ պետական մակարդակի հեռուստակայաններու իր տուած հարցազրոյցներուն: Պարգեւատրուած ու զանազան մրցանակներու արժանացած է եւ այժմ անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»