Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ»-ի սերտողութեան դասախօսական շարքը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին,Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ, սկիզբ առաւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»-ի կամ «Նարեկ»-ի ծանօթացման եւ սերտողութեան դասախօսական շարքը, ներկայութեամբ 40-է աւելի մշակութասէրներու:
Համազգայինի«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նանոր Աշնա Սնապեան-Լիպարեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ ողջունեց ներկաները, բացատրեց դասընթացքի գաղափարին ծնունդն ու նպատակը։ Ան յիշեց, թէ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած նախկին ձեռնարկի մը ընթացքին, այլ դասախօս մը շեշտած էր հայ գրականութեան համար «Մատեան Ողբերգութեան»-ի անշրջանցելի կարեւորութիւնը։ Ապա հրաւիրեց ներկաները, որ իրենք զիրենք ներկայացնեն, եւ ըսեն իրենց մասնակցութեան դրդապատճառը: Ներկաներէն բոլորը աւանդաբար ունեցած էին «Նարեկ»-ը, ծանօթութիւն մը ունէին բովանդակութեան մասին, սակայն կ’ուզէին աւելի լաւ հասկնալ զայն։
Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսը՝ Արժ․ Տէր Գառնիկ Աւ․ Քհն․ Գոյունեանը: Անդրադարձաւ Տէր Գառնիկի հովուական ծառայութեան, մշակութային գործունէութեան, գրական վաստակին, «Նարեկ»-ի առաջին հինգ գլուխներուն նուիրուած անոր խոկումներու տետրին մասին, ապա հրաւիրեց դասախօսը։
Տ․ Գառնիկ շնորհակալութիւն յայտնեց«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, որ այս դասընթացքը իրեն վստահեցաւ։ Ներկայացուց Գր․ Նարեկացիի կենսագրութիւնը։ Պարբերաբար անոր կեանքին առնչուած զանազան նիւթերու մասին լուսաբանութիւններ տուաւ։ Մերթ ընդ մերթ իրեն ուղղուած հարցումներու պատասխանեց: Ան յայտնեց, թէ միայն գրաբարի քերականութիւն գիտնալով կարելի չէ «Նարեկ» կարդալ եւ հասկնալ, այլ գիտելիքներ ալ պէտք են, ինչպէս՝ գիտութիւն Աստուածաշունչի, գիտութիւն ճարտասանական կանոններու եւայլն: Ան ըսաւ, թէ նոյնիսկ գրաբարագէտ թարգմանիչներ դժուարութիւն ունեցած են աշխարհաբարի, կամ այլ լեզուներու թարգմանելու աշխատանքներուն մէջ։ Ամէն թարգմանութիւն ինքնին խնդրայարոյց է, իսկ «Նարեկ»-ի պէս գործի մը պարագային՝ առաւել եւս։ Տէր Հայրը ըսաւ նաեւ, թէ «Նարեկ»-ը կը թուի, որ մենախօսութիւն մըն է, բայց իրականութեան մէջ երկխօսութիւն է, ապա յետ կարճ բացատրութեան՝ ըսաւ, թէ նախատեսած է յառաջիկային անդրադառնալ այս նիւթին։
Յաւարտ դասախօսութեան, սերտողութեան համար Տէր Գառնիկ ընտրած էր «Նարեկ»-ի Բան Ա․1-ը։ Նախ կարդացուեցաւ գրաբարը, ապա Թորգոմ Արք․ Գուշակեանի արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Սերտողութեան ընթացքին, երբեմն կարդացուեցաւ Վազգէն Գէորգեանի արեւելահայերէն թարգմանութիւնը։ Տ․ Գառնիկ բառերու բացատրութիւններ տուաւ, նաեւ՝ կարեւոր տարրերու իր մեկնութիւնները։
Առաջին դասընթացքը աւարտեցաւ հետաքրքական եւ հոգեպարար մթնոլորտով:
Տիքի Թորիկեան