Մոնթրէալի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը
Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ին, Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման պաշտօնական հանդիսութիւն, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմինին։ Ձեռնարկին ներկայ էին Քեպէգի հայ համայնքի բոլոր կազմակերհութիւններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կղերականներ եւ մօտ հինգ հարիւր հայրենակիցներ։
Հայ Դատի յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Հրակ Չինչինեան, նշելով թէ այս ձեռնարկով մենք կը փաստենք, թէ թուրքերը չհասան իրենց նպատակին՝ ոչնչացնելու մեր ազգը, բնաջնջելու հայերն ու Հայաստանը. ահա մենք կանք ու կը բազմանանք։ Ան շարունակեց, ըսելով թէ որպէսզի կանխարգիլենք ջարդերը, որպէսզի ուրիշ ազգեր ու ժողովուրդներ չապրին մեր ներկայ իրավիճակը, պէտք է միջազգային գետնի վրայ դատապարտուի Թուրքիան:
Խօսք առին քաղաքական դէմքեր Եւա Նասիֆ, Սաուլ Փօլօ, Յարութ Շիթիլեան եւ Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս։ Բոլորը նշեցին հայերուն կարեւոր դերակատարութիւնը Քեպէգի հանրային մարզէն ներս եւ յայտնեցին իրենց ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը հայերուն եւ Հայ Դատին:
Բեմ բարձրացաւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան տիար Արմէն Եկանեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց Հայաստանի յառաջդիմութեան հարցով Գանատայի հայ գաղութին տարած աշխատանքը: Ան շեշտեց, թէ Թուրքիան պէտք է ընդունի ցեղասպանութիւնը, որպէսզի կարենանք բարելաւել մեր յարաբերութիւնները։
Նոյնպէս խօսք առաւ Հայ Դատի բարեկամ Ժիլ Տիւսէբ, որ անդրադարձաւ 2004 թուականին տարուած այն կենսական աշխատանքին, որուն իբրեւ արդիւնք Գանատան պաշտօնապէս ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Օրուան պատգամաբերն էր ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Մուրատ Փափազեան: Ան յայտնեց, թէ պէտք չէ ընդունինք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կատարած ոճիրները, որոնք սկսած են 100 տարի առաջ ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր։ Այս դարուս ընդունելի չէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւուքներու շարունակական խախտումները, ընդունելի չեն Ղարաբաղի դէմ կատարուած բռնարարքները, որոնք կը վտանգեն արցախցիներուն կեանքը։ Պահը հասած է Արցախի հարցով արդար ու խաղաղ լուծումի մը յանգման, ի միտի ունենալով թէ Արցախը երբեք պիտի չմիանայ Ատրպէյճանին։ Ան աւարտեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով Գանատայի կառավարութեան, որ ցոյց կու տայ, թէ միասնաբար կրնանք ոտքի կանգնիլ անարդարութեան դէմ եւ մէկ բռունցք դառնալ՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման ի խնդիր:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ միացեալ աղօթքով եւ ցեղասպանութեան նուիրուած արձանին տակ ծաղկեպսակի զետեղումով: