Մոնթրէալի մէջ նշուեցաւ Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի 65-ամեակը

Ընթացիկ տարին յատկանշական եղաւ Մոնթրէալի Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ վարժարանին համար։ Վարժարանը բոլորեց իր հիմնադրութեան 65-ամեակը ու այս առթիւ, վարժարանիս Տնօրէնութիւնը Հոգաբարձութեան հետ միասնաբար որոշեց նշել զայն յատուկ ձեռնարկով մը, որուն գլխաւոր նպատակն էր նախկին աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնները ի մի բերել ու արժանավայել կերպով տօնել 65-ամեակը այն կառոյցին, որ անխափանօրէն գործած է աւելի քան կէս դար, նախ որպէս կրթական գլխաւոր կառոյց, ապա որպէս լրացուցիչ տարր։
Այսպէս, Հինգշաբթի, Մայիս 30–ի երեկոյեան ժամը 7:00–ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ա․ Ահարոնեան սրահին մէջ սկիզբ առաւ ձեռնարկը: Օրուան բեմավարը՝ Շաբաթօրեայի նախկին շրջանաւարտներէն Սալբի Մարգարեան ողջունեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ․ Բաբգէն Արք․ Չարեանը, հոգեւոր հայրերը, Պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, նախկին տնօրէնները, ուսուցիչները եւ նախկին աշակերտները, ապա բեմ հրաւիրեց ներկայ աշակերտները, որպէսզի կատարեն վարժարանիս քայլերգը, ղեկավարութեամբ պարոն Կորիւն Գոյունեանի։ Ներկաներէն ոմանք վերյիշելով իրենց սիրելի վարժարանին քայլերգը ընկերացան երգչախումբին ու ծափողջոյններով գնահատեցին մատղաշ սերունդը։
Երգչախումբէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեան, իր խօսքը փոխանցելու։ Ան հաստատեց, թէ Շաբաթօրեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Մոնթրէալի հայ գաղութի կեանքին մէջ, պատրաստելով ապագայի ղեկավար տարրեր։ Ներկայիս իր առաքելութիւնը կը շարունակէ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն սորվեցնելով հայերէն լեզու եւ ջամբելով հայեցի դաստիարակութիւն:
Անկէ ետք, Թեմիս Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արք․ Չարեան օրհնեց սեղանը, եւ ներկաները հիւրասիրուեցան ու միեւնոյն ժամանակ առիթը ունեցան իրարու հետ զրուցելու։
Սրահին մէկ անկիւնը ցուցադրուած էր Շաբաթօրեայ վարժարանին հրատարակած պարբերաթերթերը, յուշանուէրները, թղթակցութիւնները, խմբային պատկերները, մշակութային ձեռնարկներու աշխատանքները, գնահատագրեր, եւ ի հարկէ աշակերտներուն վիճակացոյցներէն քանի մը օրինակներ:
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, 65-ամեակի յանձնախումբին պատրաստած վաւերագրական տեսերիզը ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս ներկայ տնօրէնուհի տիկին Շողիկ Ազարիկեան Ադամեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար։ Ան խրախուսեց բոլորը, որ մեր երեխաները յաճախեն հայկական վարժարան, իսկ եթէ պայմանները չեն ներեր, Շաբաթօրեայ վարժարանը ամէնէն ճիշդ ընտրութիւնը պիտի ըլլար երեխային, սորվեցնելու մայրենին ու անոր հոգիին մէջ սերմանելու սէրը դէպի հայերէն լեզու եւ մշակոյթ։
Տնօրէնին ելոյթէն ետք բեմավարը հրաւիրեց օրուան նախագահ տիկին Աննա Փիլիկեանն ու իր որդին՝ տիար Արիս Փիլիկեանը, հոգաբարձութեան ատենապետն ու տնօրէնուհին, որպէսզի հատեն կարկանդակը։ Ապա բեմավարը նշեց, թէ Շաբաթօրեան բախտաւոր եղած է Սեդրակ Բարաղամեանի եւ Վիքթորիա Յովսէփեանի նման հայեցի դաստիարակութեան սրբազան գործին նուիրեալ կրթական մշակներ ունենացած ըլլալուն համար, ուստի հրաւիրեց ներկաները, որ յոտնկայս յարգեն յիշատակը կրթական բոլոր մշակներուն, որոնք առյաւէտ հեռացած են այս աշխարհէն։
Բեմ հրաւիրուեցան վարժարանիս հիմնադրութեան օրէն ի վեր երեկոյթին ներկայ գտնուող տնօրէնները ու վարդեր նուիրուեցան անոնց, ապա հրաւիրուեցան նաեւ նախկին եւ ներկայ ուսուցիչներն ու անձնակազմի անդամները, եւ բոլորը միասին ունեցան յիշատակի նկար մը։
Հանդիսավարը ներկայացուց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս յոբելեանի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն՝ եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն, որոնց ջանասիրութեամբ մէջտեղ եկաւ այս հանդիսութիւնը։
Յանձնախումբին անունով յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ Արմէն Ալէմեանին, Սերժ Եսայեանին, Ատոմ Մալխասեանին եւ Էմմա Թիւթիւնճեանին, որոնց օժանդակութեամբ կարելի եղաւ այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակել։
Աւարտին բեմ բարձրացաւ Սրբազան հայրը ու իր սրտին խօսքը փոխանցեց՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով տնօրէնութեան, որ կազմակերպեց սոյն հանդիսութիւնը, ի մի բերելով Շաբաթօրեայի բոլոր անդամները, ապա անդրադարձաւ այս կարեւոր հաստատութեան կարեւորութեան, խրախուսելով բոլորս, որ տէր կանգնինք հայ դպրոցին ու մեր երեխաները ուղղենք դէպի հայկական դպրոց։
Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով իր աւարտին հասաւ ձեռնարկը։
Շողիկ Ազարիկեան

Comments are closed.