Մոնթրէալի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակը
25 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման նուիրուած տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն նաեւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան: Ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբագէն Արք. Չարեան, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեան, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, Ազգային Իշխանութեան, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի, Կեդրոնական վարչութեան, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, ընկերներ եւ համակիրներ:
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն աշակերտներ դրօշակներով մուտք գործեցին սրահ եւ բեմ բարձրանալով բացումը կատարեցին ձեռնարկին՝ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան բեմավարներ, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամներ՝ Արիանէ Թասլաքեան եւ Յովիկ Կէտիկեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ նշեցին. «Եկէք այսօր, հարիւրմէկերորդ անգամ ըլլալով, կրկի՛ն դառնանք եւ փառք ու օրհնանք տանք մեր ժողովուրդի քաջարի հերոսներուն, որոնք 28 Մայիս 1918-ի արշալոյսը պարգեւեցին մեր սերունդներուն՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազը իրենց արեամբ նուիրականացնելով: Դառնանք եւ հարիւրմէկ անգամ փառք ու օրհնանք տանք յատկապէս Արամ անունով մեր պատմութեան ուղին լուսաւորող Քաջաց քաջին, որ իր հաւատքի ուժով, գաղափարական անձնուիրումով եւ կազմակերպական մարտունակութեամբ մղում եւ թափ տուաւ համազգային մեր ոգորումին՝ ի խնդիր Հայաստան աշխարհը իր ոտքերուն վրայ հաստակակամ կանգնեցնելու մեծագոյն յաղթանակին»: Անոնք իրենց խօսքին աւարտին շեշտեցին. «Ճիշդ է, որ ճգնաժամային օրեր կ՚ապրինք, մթին ուժեր կը փորձեն խոչընդոտել մեր գնացքը, բայց մենք մշտանորոգ ուխտով, այլեւ եւ մանաւանդ՝ Արամի անպարտելի կամքով, ոգեղէն ուժով եւ անվեհեր վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք մեր յաղթական երթը»:
Կազմակերպող կոմիտէութիւններուն եւ Ուսանողական միութեան խօսքը փոխանցեց ընկերուհի Լուսին Փալանճեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ այս տարի կը զուգադիպի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 100-ամեակը: Փալանճեան շեշտեց, թէ Հայաստանի 1918 Մայիս 28-ի անկախացումը հիմնաքար հանդիսացաւ 1991 Սեպտեմբեր 25-ի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրումին, ինչպէս նաեւ սփիւռքի ազգային ջիղի ամրապնդման: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Պիտի շարունակենք եւ պէ՛տք է շարունակենք պատկանիլ հայ անկախ պետականութեան՝ ապահովելու համար մեր հայութեան բարօր կեանք մը եւ կերտելու լիիրաւ պետութիւնը միացեալ եւ ազատ Հայաստանի»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Քրիստիան Ղազարեան, որ ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, ապա երկու բեմավարները ընթերցեցին Արամ Մանուկեանի մասին վկայութիւններ Կարօ Սասունիէն, Գաբրիէլ Լազեանէն, Օննիկ Մխիթարեանէն եւ Հրաչ Տասնապետեանէն, որմէ ետք ընկեր Մուրատ Սանոսեան մեկնաբանեց «Գինի լից» եւ «Ձայն մը հնչեց» երգերը:
Խմբային ասմունքով ելոյթ ունեցան Ազգային Սուրբ Յակոբ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը: Բեմավարուհի Արիանէ Թասլաքեան ներկայացուց օրուան բանախօս ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք բանախօսը բեմ հրաւիրուեցաւ:
Թիւֆէնքճեան իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ հարիւրմէկ տարի առաջ այս օրերուն մեր ժողովուրդին ապրած ճգնաժամային պահերէն մէկը ըլլալուն, ազգովին կենաց մահու կռիւ դիմագրաւելուն ու ապա այդ կռիւէն յաղթական դուրս գալուն եւ «վեց դարերու խաւարին վրայ դրօշ եռագոյն» պարզելուն: Բանախօսը կարեւորութեամբ շեշտեց. «Չկան Հայաստանի Ա., Բ. կամ Գ. հանրապետութիւններ։ Կայ միայն մէ՛կ Հայաստանի Հանրապետութիւն, այն որ գոյացաւ 1918-ին, եւ որուն շարունակութիւնը եղան Խորհրդային Հայաստանի եւ այսօրուան հանրապետութիւնները։ Նոյնիսկ եթէ այժմու մեր հանրապետութիւնը իրաւական եւ անմիջական շարունակութիւնը չէ 1918-ին ստեղծուած հանրապետութեան, սակայն անոր գաղափարական խարիսխը կու գայ 28 Մայիս 1918-էն»:
Ապա ան ակնարկ մը նետելով Հայաստանի վերջին 30 տարիներուն անկախացած Հայաստանի իրագործումներուն, անդրադարձաւ նաեւ վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւններուն՝ ողջունելով Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին ապրած զարթնումը, ան յայտնեց. «Կ՚ուզէինք հաւատալ, որ նախկին վատահամբաւ եւ նոյնիսկ յանցագործ իշխանաւորներու մերժումէն ետք, հայրենի մեր ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող Հայաստանի նոր կառավարութիւնը պիտի ձեռնարկէր երկրի տնտեսութեան բարեկարգումին», ապա եզրակացուց. «Պահն է լրջանալու, պահն է ազգի միասնականութեան հայեցակարգը ուղենիշ ընտրելու, պահն է բովանդակալից քաղաքականութիւն մշակելու եւ զայն գործադրութեան դնելու»:
Ձեռնարկի ամբողջ ընթացքին բեմավարները հանդէս եկան լոզունգներով եւ բանաստեղծական հատուածներով, ապա ձեռնարկի փակումին Յովիկ Կէտիկեան ընթերցեց հատուած մը Եդուարդ Պոյաճեանի «Դաշնակցականը» արձակէն, իսկ Արիանէ Թասլաքեան՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» բանաստեղծութենէն:
Աւարտին Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը, որուն մէջ նախ քաջալերեց ձեռնարկին մասնակցող աշակերտ-աշակերտուհիներն ու երիտասարդները, որոնք մեր ազգի ապագան պիտի կերտեն, ապա շեշտեց. «Աւետարանը կ՚ըսէ՝ մի վախնաք մարմինը սպանողներէն. երբեմն թշնամին կը յաջողի մեզ ֆիզիքապէս ստրկացնելու, բայց երբ ոգի՛ն ուժեղ է՝ երբեք չի մեռնիր, երբ կայ միասնական կեցուածք, կայ միասնական տեսլական՝ այդ ոգին կը շարունակէ յաղթական կերպով իր երթը: Եւ մեր պարտականութիւնն է այդ ոգին փոխանցել սերունդէ սերունդ, այն ոգի՛ն, որ կերտեց Մայիս 28-ի անկախացումը, այն ոգի՛ն, որ կերտեց ներկա՛յ Հայաստանը, այն ոգի՛ն, որ պիտի կերտէ ամբողջակա՛ն անկախացումը, միացեա՛լ Հայաստանը»:
Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք ՀՄԸՄ Կամքի «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս տեղի ունեցաւ խրախճանք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղին, մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներու՝ Սամուէլ Երանեանի եւ Ռուբէն Սասունցիի:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները՝ Մուրատ Սանոսեանի