Մոնթրէալի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-րդ ամեակը
Շաբաթ, 21 Յունուար 2023-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ահարոնեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 132-րդ ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբագէն Արք. Չարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու՝ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, Ֆրանսայէն յատուկ այդ առթիւ ժամանած Մուրատ Փափազեանի եւ Ամերիկայէն Խաժակ Մկրտիչեանի, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, Լաւալի Շոմէտի շրջանի երեսփոխան Սոնա Լախոյեանի, Մոնթրէալի Քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Սան Լորան շրջանէն Վանա Նազարեանի, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Ռենօ շրջանէն Սեդա Թոփուզեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կերդոնական կոմիտէութեան անդամներուն, քոյր միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան բեմավարներ Յակոբ Հատիտեան եւ Եսենիա Քելլէեան: Անոնք նախ ողջունեցին ներկաները, ապա յաջորդաբար ըսին. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ ժողովուրդէն, հիմնուեցաւ փրկելու համար հայ ժողովուրդը ստրկութենէ եւ անոր ապահովելու արժապատուօրէն ապրելու պայմաններ», «Այսօր մենք դարձեալ դէմ յանդիման կը գտնուինք նոյն վայրագ ու բարբարոս թուրքին: Արցախի շրջափակումը Ատրպէյճանի նորագոյն փորձերէն մէկն է բնաջնջման ենթարկելու Արցախի մեր ժողովուրդը, բայց մենք ամէն ձեւով թեւ-թիկունք պիտի կանգնինք Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն»:
Հանդիսութեան յայտագիրը սկսաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Մոնթրէալի «Դրօ» եւ Լաւալի «Գետաշէն» մասնաճիւղերու պատանիներուն Պատանեկան Միութեան խոստումի կատարմամբ, գլխաւորութեամբ մասնաճիւղերու գլխաւոր վարիչ դաստիարակ Մոսիկ Արզումանեանի, որ յորդորեց պատանիները հաւատարիմ ըլլալու իրենց կատարած ուխտին եւ պատրաստ ըլլալու անսակարկօրէն ծառայելու հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:
Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան ատենապետուհի Թալիա Ճապրայեան փոխանցելու ԳԵՄ-ի խօսքը, որուն մէջ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ այս պահուն, մեզի կը թուի, թէ մեր պայքարը աւելի ու աւելի դժուարացած է, բայց ճիշդ այդ պատճառով է, որ այն աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է։ Չեմ կարծեր, որ երբեւէ աւելի լաւ ժամանակ եղած է ԳԵՄ-ի շարքերուն միանալու, որովհետեւ հիմա է, որ հայ ազգին պէտք է դաշնակցական երիտասարդութիւն։ Սերունդ, որ պատրաստ է պաշտպանելու հայրենիքը, սերունդ, որ չ’անարգեր մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակը, սերունդ, որ չի դաւաճաներ տակաւին չծնած սերունդներուն. մեր պատմութեան եւ ժառանգութեան արժանի սերունդ։ Մեր պայքարը երբեք դիւրին չէ եղած, սակայն մտահոգուելու չենք, որովհետեւ ՀՅԴ-ի նկարագիրը, հայ ժողովուրդին նկարագրին նման, պինդ է, արդիւնքն է իր ճանապարհին, մարտահրաւէրներուն եւ յաղթանակներուն»: Անկէ ետք Ճապրայեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութենէն անդամներ իրենց խոստումը կատարելով փոխանցուեցան ԳԵՄ-ի շարքեր:
Ելոյթ ունեցաւ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լեւոն Արապեանի, «Հայաստանի աղջիկներ» եւ «Եարխուշտա» խմբային պարերով:
ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան խօսքը փոխանցեց Վրէժ Հատիտեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. Ինչպէս գիտենք, հազարամեակներու ընթացքին հայոց պատմութիւնը ունեցած է փայլուն եւ տխուր էջեր. պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ դժբախտաբար այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք Հայաստանի եւ Արցախի գոյութիւնը վտանգող իրավիճակի մէջ, այս իրավիճակը մեծ մարտահրաւէր մըն է Դաշնակցութեան, անգամ մը եւս միասնական պայքարով պատմութեան յանձնելու այս տխուր էջը»: Ան աւելցուց. «Այսօր վիրաւոր է ու շրջափակման մէջ է Արցախը. Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ յայտարարութեամբ թէեւ ազգովին հիասթափուեցանք, սակայն կանգուն ենք: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յաճախ զգուշացուցած է Հայաստանի իշխանութիւնը, համաշխարհային հարթակներու վրայ որդեգրած իր պարտուողական քաղաքականութեան հարցով, սակայն, ինչպէս գիտենք, սխալը կը շարունակուի: Ճակատամարտի պարտութիւնը պատերազմի աւարտ չէ, պատերազմը կը շարունակուի, Հայ Դատի զինոււորները պատնէշի վրայ են եւ աշխարհով մէկ, օտար ոստայններու մէջ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն, հայանպաստ քաղաքականութիւն ապահովելու եւ աշխարհին լսելի դարձնելու հայուն պահանջքը»: Ապա ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրելինե՛ր, մենք միասնաբար, վերանորոգ թափով պիտի շարունակենք մեր ազգային պայքարը եւ դառնանք յաղթական ժողովուրդ, հզօր Հայաստանով, ազատագրուած Արցախով եւ բարգաւաճ սփիւռքով»:
ՀՅԴ պատմութեան մասին հակիրճ տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ խմբային ասմունք, Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ» արձակ կտորէն հատուածներու, կատարողութեամբ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեանի, Յուշիկ Բաբուճեանի եւ Յարութ Գայթանճեանի, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Ֆրնասայէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրնասայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, փոխանցելու օրուան պատգամը:
Պատգամաբերը յայտնեց, թէ հայ աշխարհը այսօր կ’ապրի պատերազմի մղձաւանջը, պարտութեան մղձաւանջը, յանձնումի, Արցախի մէկ մասի զիջումին, Հայաստանի թուլացման, Հայաստանի եւ Սփիւռքի բաժանումին մղձաւանջները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բացումի հեռանկարի մղձաւանջը: «Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ Փաշինեան Հայաստանի ժողովուրդը բաժնած է սեւերու եւ սպիտակներու, ժողովուրդի եւ ընտրանիներու, ներսի հայերու եւ դուրսէն եկածներու… Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ ան վարած է Սփիւռքը պառակտելու քաղաքականութիւն՝ լիազօրելով եւ միջոցներ տրամադրելով այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնց ղեկավարները ոչ մէկ օրինականութիւն կը վայելեն Սփիւռքի ղեկը իրենց ձեռքը առնելու: Մենք զայրացած ենք, քանի Արցախի պատերազմը հրահրելէ ետք, Հայաստանի ղեկավարը չէ ստանձնած իր պարտականութիւնները։ Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ երբ Ատրպէյճան 40 օրէ ի վեր Արցախի դէմ կիրառած է մարդասպան շրջափակում, Հայաստանի վարչապետը ակնյայտօրէն ձգած է Արցախը իր ճակատագիրին: Մենք զայրացած ենք, քանի Հայաստանի իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ ճնշումի քաղաքականութիւն կը վարեն մեր ընկերներուն դէմ՝ խուզարկութիւններով, ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութեամբ», ըսաւ ան:
Ապա Փափազեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրելի՛ բարեկամներ, սիրելի՛ ընկերներ, Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի հրաժարելու պայքարէն, Դաշնակցական ընկերները իրաւունք չունին հիասթափուելու։ Մենք առաքելութիւն ունինք. մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կազմակերպենք մեր ժողովուրդի վերկանգնումը, եւ մենք պիտի յաջողինք: Ամբողջ աշխարհով մէկ, մէկ բռունցք դարձած, մենք պէտք է շարունակենք պայքարը Հայաստանի ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին, Հայաստանի եւ Արցախի համար»։
Փունջ մը յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գօգօ Թիւթիւնճեան, որմէ ետք Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը ըսելով. «Մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ թոյլ պէտք չէ տանք մենք մեզի տկարանալու. մենք ինչպէս անցեալին, ինչպէս Վարդանանց պատերազմին, ինչպէս Սարդարապատի եւ Արցախի Ազատամարտին անվարան պայքարեցանք, այսօր եւս պիտի շարունակենք մեր պայքարը բոլոր մակարդակներուն վրայ… իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու: Այս պէտք է ըլլայ մեր ուղին եւ այս պէտք է ըլլայ մեր ճանապարհը»:
«Արիւնոտ դրօշ»ի եւ «Մշակ Բանուոր»ի երգեցողութեամբ եւ Մուրատ Փափազեանի իր հրատարակած «Le Régime d’Erdogan : une menace pour la France» գիրքի մակագրումով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան