Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ատրպէյճանական բռնութիւններն ու յարձակումը դատապարտող բողոքի հաւաք
24 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Մոնթրէալի parc Marcelin-Wilson-ի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշարձանին մօտ, ուր զետեղուած էին Արցախի, Հայաստանի, Գանատայի եւ Քէպէքի դրօշները։
Ցոյցի ամբողջ տեւողութեան, ցուցարարներ ճամբէն անցնող քաղաքացիներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար՝ ֆրսանսերէն եւ անգլերէն գրութիւններով Ատրպէյճանի արարքները դատապարտող պաստառներ պարզած էին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, Պելլա Ղարիպեան, որ ամփոփ տողերու մէջ ներկայացնելէ ետք, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը, յայտնեց, թէ հաւաքի անունով կոչ կ՚ուղղուի Գանատայի կառավարութեան անյապաղ դատապարտելու եւ պատժելու Ատրպէյճանը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ պատերազմ նախաձեռնելուն համար։ Ան հրաւիրեց Արիանէ Թասլաքեանը, փոխանցելու օրուան պատգամը անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, նոյն պատգամի հայերէն տարբերակը ներկայացուց Սիլվա Պաքարեան։ Պատգամաբերները յստակօրէն շեշտեցին թէ ատրպէյճանական յարձակումներու թիրախ դարձած են հայկական Գորիս, Սոթք, Ջերմուկ, Վարդենիս, Կապան քաղաքներն ու գիւղերը ինչպէս նաեւ յարակից 37 գիւղեր ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Պատգամաբերները նշեցին, թէ հայկական կողմէն կան զոհուածներ, մեծ թիւով վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ գերեվարուածներ։ Անոնք աւելցուցին, թէ Ջերմուկը ջերմային ջուրերու քաղաք է եւ խմելու ջուր կը մատակարարէ յարակից քանի մը համայնքներու. հետեւաբար, Ջերմուկի ջրամբարներու վրայ յարձակումները կ՚ունենան մարդկային եւ բնապահպանական աղետալի հետեւանքներ։
Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի սոյն պատգամով, ցուցարարներու անունով կոչ ուղղուեցաւ Գանատայի կառավարութեան՝ ռազմական եւ ֆինանսական պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ, այնպէս ինչպէս ըրած է Գանատայի կառավարութիւնը Ռուսաստանի դէմ, Ուքրանիոյ պատերազմի բովէն ներս, պահանջելով նաեւ, որ Օթթաուան Հայաստանի բնակչութեան ցուցաբերէ այն նոյն աջակցութիւնը, որ Գանատան կատարած էր Ուքրանիոյ ժողովուրդին։
Ապա խօսք առաւ Մեթր Վրոյր Մուղալեան, որ անդրադարձաւ վարչապետ Թրուտոյի 21 սեպտեմբեր 2022-ին կատարած յայտարարութեան, որուն առաջին բաժնին մէջ, եթէ գնահատելի էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան առթիւ արտասանուած ջերմ խօսքերը, ապա հարցադրումի տակ կարելի էր առնել իր կեցուածքը, յայտարարութեան վերջին բաժինով, երբ անդրադառնալով տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, վարչապետ Թրուտոյի խօսքերը կը սահամանափակուէին միայն նշելով, թէ Գանատան կ՚աջակցի հրադադարի եւ խաղաղաութեան պահպանման դիւանագիտական ջանքերուն։ Զեկուցաբերը յայտնեց, թէ կ՚ուզէ հաւատալ, որ վարչապետը ապատեղեկացուած է եւ պարզեց տիրող իրավիճակը, անդրադառնալով Ատրպէյճանի կատարած ռազմատենչ յայտարարութիւններուն ու յարձակման։ Վրոյր Մուղալեան իր խօսքը աւարտեց յայտնելով, թէ ժամանակն է Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատուն ունենալու եւ մօտէն հետեւելու իրադարձութիւններուն, հեռու ապատեղեկատութիւններէ եւ անսալու հայ ժողովուրդին, որ կը պայքարի իր գոյատեւումը ապահովելու համար. հետեւաբար, Օթթաուայի համար ժամն է գործել արդարօրէն այնպէս՝ ինչպէս որ եղած էր 16 տարիներ առաջ ընդունելով Ապրիլ 24-ը որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր, հակառակ Թուրքիոյ կատարած մեծ ճնշումներուն։
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Թամար Շահինեան, որ յայտնեց, թէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, 5000 կտրիճներու արիւնը տակաւին թաց է գետնի վրայ, եւ թէ Ատրպէյճանի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ, կը շարունակուի ծայր առած մշակութային ցեղասպանութիւնը, կոտորելով հայկական յուշարձանները, եկեղեցիները, գերեզմանները… Ան նշեց, թէ օգտագործելով իրենց բանակի յառաջացած արհեստագիտութիւնը եւ օգտուելով մանաւանդ միջազգային հանրութեան լռութենէն, Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ձեռք-ձեռքի տուած կ՚աշխատին ամէն հանգրուանի կորզել Հայաստանէն հողեր։ Ան ողջունեց բոլոր գանատացի քաղաքական գործիչները, որոնք կը դատապարտեն Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի գործած յարձակումները եւ կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան միջոցներ ձեռնարկելու որպէսզի Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկուի իր կատարած յանցագործութիւններուն եւ միջազգային օրէնքները խախտած ըլլալուն համար։
Ապա խօսք առաւ Սարօ Շիշմանեան, որ նշեց, թէ մարդկային թէ հողային կորուստներու, դաւաճանութեան եւ միջազգային անտարբերութեան իբրեւ արդիւնք՝ բարբարոսական բռնութիւնն է, որ կը հաստատուի։ Դժբախտաբար, ոչ ոք կը հասկնայ հայուն ցաւն ու տառապանքը։ Ո՞ւր են արդեօք աշխարհի բոլոր մեծ պետութիւնները. անոնցմէ իւրաքանչիւրը պահանջ մը ունի Հայաստանէն։ Իսկ Հայաստանի պահանջը բոլորէն, մէկ է՝ թողնել, որ հայ ժողովուրդը ապրի խաղաղ իր պապենական հողի վրայ։
Սարօ Շիշմանեան յայտարարեց, թէ մեծ պետութիւնները իրենց լռութեամբ մեղսակից են թուրք-ազերիական բարբարոսութեանց, եւ իրենց ձեռքերը նոյնքան արիւնաթաթախ են, որքան ազերիինը կամ թուրքինը, այդ մէկը ըլլայ անօդաչու սարքեր ուղարկելով դէպի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, կամ գերադասելով Պաքուի նաւթահորերը՝ մարդկային տարրական արդար իրաւունքներու դիմաց։
Զեկուցաբերը իր խօսքը ուղղելով լրատուամիջոցներուն, անդրադարձաւ թէ ինչպէս Գանատան, որ մարդկային իրաւունքներ պաշտպանող երկիր է, կրնայ այդքան միտումնաւոր շփոթել զոհին եւ յանցագործին միջեւ։ Ան խիզախաբար յայտնեց, թէ արտասանուած դատարկ խօսքերը պարզապէս կանաչ լոյս կը հանդիսանան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին առաւել վայրագութեամբ յարձակելու համար հայկական սահմաններէն ներս։ Սարօ Շիշմանեան իր խօսքի վերջին բաժինով յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը եւ ողջ աշխարհը պէտք է տեսնէ, թէ Արեւմուտքն ու այլ մեծ պետութիւններ չեն կորսնցուցած իրենց բարոյական կողմնացոյցը եւ կրնան ամուր կանգնիլ անարդարութեան դէմ։ Եւ խօսքը ուղելով իր ընկերներուն, ան շեշտեց, թէ ճակատագրական ու օրհասական այս պահերուն, պայքարի ոգին բարձր պահելու ենք։
Ապա Պելլա Ղարիպեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատգամաբերներուն եւ զեկուցաբերներուն, որոնք արժանացան ցուցարարներու բարձր գնահատանքին ու ծափողջոյններուն։ Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց Նոր-դեմոկրտական կուսակցութեան (NDP) փոխնախագահ Ալեքսանտր Պուլերիսը։ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Պուլերիս առաջին հերթին փոխանցեց NDP-ի ղեկավար՝ Jagmeet Singh-ի ցաւակցական խօսքերը վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ապա, ան ըսաւ, թէ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան միշտ պատեհ առիթներ կը փնտռեն յարձակումներ կատարելու հայկական տարածքներէ ներս. սակայն անոնք այսուհետեւ պիտի չյաջողին որովհետեւ պիտի հետեւինք իրադարձութիւններուն, պիտի պաշտպանենք Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայ ժողովուրդի ապահովութիւնը, պաշտպանելով խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը։ Ան կոչ ուղղեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան տէր կանգնելու այն բոլոր արժէքներուն, զորոնք որպէս քեպէգցիներ եւ գանատացիներ կը գնահատենք եւ կոչ ուղղեց Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան կատարելու աւելին, դատապարտելով ատրպէյճանական նախայարձակումները, նաեւ քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական թէ ռազմական պատժամիջոցներ կիրառելով Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Ան իր խօսքի աւարտին խոստացաւ Գանատայի խորհրդարանէն ներս պաշտպանել հայ համայնքի շահերը։
Հանդիսավարը իր փակման խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ խնդրեց որ այսուհետեւ օգտագործեն հաղորդակցութեան բոլոր հնարաւոր միջոցները եւ դիմեն դաշնակցային պատգամաւորներու գրասենեակներուն կոչ ընելով պատասխանատուութեան ենթարկել ու պատժել Ատրպէյճանը։
Անահիտ Պալեան
Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի