Մոնթրէալի մէջ գրագէտ Վեհանոյշ Թեքեան ելոյթ ունեցաւ «Յարութիւն Պէրպէրեան՝ Սփիւռքի բանաստեղծը» թեմայով
Կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամաը 7:30-ին, Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Յարութիւն Պէրպէրեան՝ Սփիւռքի բանաստեղծ» ներկայացումը, որուն համար յատկապէս Նիւ Ճըրզիէն հրաւիրուած էր սփիւռքահայ գրագէտ Վեհանոյշ Թեքեան:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան մօտ Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նանոր Աշնա Սնապեան, որ նաեւ ընթերցեց Վեհանոյշ Թեքեանի «Սփիւռք» եւ «Կանչէ՛, ես կու գամ» բանաստեղծութիւնը: Անկէ ետք «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքներու տնօրէն դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց գրող եւ բանաստեղծ Վեհանոյշ Թեքեանի հակիրճ կենսագրականն ու գլխաւոր գործերը:
Տեսերիզով ցուցադրուեցաւ հայրենի արուեստագէտներու՝ Դաւիթ Յակոբեանի, Սամուէլ Թօփալեանի եւ Արման Նաւասարդեանի յաջորդաբար կատարումները Յարութիւն Պէրպէրեանի «Ո՞ւր վերադառնալ», «Ամառնային զգայնութիւն» եւ «Կարիք» բանաստեղծութիւններուն:
Սփիւռքահայ գրող եւ բանաստեղծ Վեհանոյշ Թեքեան, որ յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած էր Նիւ Ճըրզիէն՝ ներկայացնելու մոնթրէալաբնակ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանը, իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Տարբեր է Յարութիւն Պէրպէրեանի քերթողութիւնը … Իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ, յստակ գիծերով կառուցուած բնակարան մըն է։ Լայնանիստ, տասնինը մուտքերով եւ բազմազան սենեակներով։ Իւրաքանչիւրը ունի իր պատշգամը՝ մաքուր օդ, արեւ ու անձրեւ ընդունող։ Լուսամուտեր՝ անծայրութիւն թելադրող, ու դարպաս մը, որ կը հրաւիրէ ընթերցողը իր նման եւ իրմէ տարբեր հոգեվիճակներու հանդիպելու։ Կ՚ընդունի ուրուականներ ու վաղանցիկ ճամբորդներ։ Պարտէզ ալ ունի, մեղմ բոյրերով ու գոյներով, հազուագիւտ բոյսերով»։
Թեքեան յիշեց բանաստեղծին հրատարակած հինգ հատորները՝ «Կորիզ» ( 1979, Պէյրութ), «Ոսպնեակ» ( 1984, Պէյրութ), «Անցման եղանակ» ( 1993, Մոնթրէալ), «Սահմաններ» ( 2007, Երեւան), «Առաձգական» (2021, Երեւան), ապա մէջբերումներ կատարելով հեղինակին հատորներէն ու բանաստեղծութիւններէն անդրադարձաւ անոր գրական վաստակին, բանաստեղծութիւններուն խորքին, ձեւին, լեզուին, ստեղծած պատկերներուն, «մտքի եւ սրտի բերք»ին (Թեքեանի բառերով), ապա խօսքը ուղղելով ներկաներուն եւ ընթերցասէր հանրութեան ըսաւ. «Բանաստեղծը իր փառապսակը կը ստանայ «Առաձգական»ով։ Խորասուզուեցէ՛ք այս հատորէն ներս, ուր կը թրթռայ հայուն կեանքը, քերթողութեան հմայքը բազմահիւս ու ճաշակաւոր, ամենատես ջահերու լոյսը։ Բագին ու խորան, կրակ ու խունկ։ Արտասուք, խնդուք, բերկրանք ու սուգ։ Եւ պիտի տեսնէք անոր ծալքերուն մէջ թէ՛ շփոթայորդութիւն եւ թէ՛աշխարհացնծութիւն։ Ու պիտի լսէք հեռո՜ւ հեռուները ապրող Միջերկրականի երգը, Պէյրութի արեւը, որ գրկած է նաեւ եղեռնահար խաւար մը։ Պիտի ունկնդրէք գրականութեան սօսիներու սօսափիւն, ու ձայներ, որոնք եթէ ծանօթ էք քաղաքին՝ կրնաք զատորոշել»։
Թեքեան իր ներկայացումը աւարտեց ըսելով. «Մեծարենց գեղահմայ գիւղի իր անկիւնէն ուրախութիւնն անանձնականը կ՚աղերսէր։ Մեր սերունդը, բազմաթիւ սահմաններու մէջ տատանող, կը ճգնի գտնել ու փրկել բառը կորսուած, որպէսզի մնայ մեր մշակոյթը, չդատարկուի մեր հոգեկան հայրենիքը, վարար ու պայծառ մնայ հայ գրականութան համալիրը»:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Պէրպէրեան, որմէ ետք ներկաներուն հետ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց, մասնակցութեամբ ներկայացուող եւ ներկայացնող սփիւռքահայ երկու բանաստեղծներուն:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.