Մոնթրէալի մէջ բացումը պիտի կատարուի գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի գծանկարներու ցուցահանդէսին
Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի «Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնէն ներս Փետրուար 21-ին պիտի կայանայ լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի նկարչական գործերու ցուցահանդէսը։
Ակոբեան մասնակցած է աւելի քան 300 խմբային ցուցահանդէսներու եւ 60 անձնական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Լիբանանի, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Ճաբոնի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:
Գերիրապաշտ ոճի լիբանանահայ ներկայացուցիչ Գրիգոր Ակոբեանին պատռուած կեղեւներով նուռերը հանրածանօթ են: Գրիգոր Ակոբեան նաեւ դասաւանդած է, իր փորձն ու գեղանկարչական գիտելիքները փոխանցած է նոր սերունդին:
29 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհեց նկարչական արուեստին մէջ նուաճումներ արձանագրած Գրիգոր Ակոբեանին: