Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղը վառ կը պահէ հայկական ասեղնագործութեան եւ գորգազարդութեան արուեստներու աւանդը

Վերջերս, Հայ Օգնութեան Միութեան Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը յանդուգն գաղափարը ունեցաւ միութեան երիտասարդ անդամներուն ու գաղութիս հայ տիկիններուն ծանօթացնել մեր ազգային դարաւոր ձեռարուեստը, եւ հաւատարիմ ՀՕՄ-ի առաքելութեան, որոշեց ազգային մեր թանկարժէք ժառանգութիւնը փոխանցել գաղութիս երիտասարդուհիներուն: Տարիներու ընթացքին, գաղութիս բարերար եւ ՀՕՄ-ուհի ընկհ. Շաքէ Կէօնճեանի աշխատած նրբաճաշակ հայկական նաշխերով գորգազարդարանքները մեծապէս գնահատուած էին գաղութիս անդամներուն կողմէ, հետաքրքրուած էին յատկապէս մեր երիտասարդ անդամները, որոնք այդ սքանչելի աշխատանքներու վառ երանգներէն ոգեւորուած՝ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էին սորվելու այդ աշխատանքը, ծանօթանալու հայկական գորգանախշերուն ու գոյներուն:

Ձեռագործութիւնը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ կուգայ շատ հինէն: Իւրաքանչիւր ձեռագործի տեսակը, ասեղը, թելը, կտորն ու գոյները յատուկ եղած են ու կը կրեն իրենց շրջաններու անունները, այսպէս՝ Այնթապի, Ուրֆայի, Մարաշի, Սվազի, Վանի եւայլն: Ձեռագործները, ինչպէս անցեալին, գործածուած են զարդարելու բարեկեցիկ կամ չքաւոր ընտանիքի տան սեղաններն ու պատերը, գեղեցկացնելու ազնուական դասակարգի, եկեղեցական, ինչպէս նաեւ   գեղջկական զգեստները, պայծառացնելու եկեղեցւոյ խորանները, մանաւանդ հարստացնելու հարսնցուին օժիտը:

Միջին Արեւելքի մէջ հանրածանօթ են ՀՕՄ-ի եւ այլ աշխատանոցներու կատարած հսկայ եւ գովելի գործը, որոնց միջոցաւ կը շարունակուի եւ կը տարածուի հայկական ձեռարուեստը: Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած հայ գաղթականը, եթէ իր ետին ձգած էր տուն տեղ, հանդ ու դաշտ ու սրբատեղիներ, ան, իր ճարտար ու հմուտ մատները եւ նուրբ ճաշակը պահած էր մինչեւ սուրիական տաք անապատներ ու հին յիշատակներու եւ նոր երազներու   հետ հայ կինը վերսկսած էր աշխատիլ նուրբ թելերով իր գեղեցիկ ձեռագործը:

Վերջերս նկատելի է մեծ հետաքրքրութիւն նաեւ Հայաստանի մէջ:

Ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաջեան հետեւեալ ձեւով կ’անդրադառնայ ձեռագործներու հանդէպ հայաստանի մէջ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան: «Աշխարհը փոխւում է, ժամանակները փոխւում են, նոր հետաքրքիր երեւոյթներ շատանում են, երբեմն թւում էր թէ հին աւանդական զբաղմունքները կարող են մոռացուել բայց բարեբախտաբար ասեղնագործութիւնը շարունակում է ապրել եւ զարգանալ»:

Նարեկ Վան Աշուղաթոյեան հայկական ձեռագործներու նուիրուած իր գրքին մէջ յիշած է «Ցուցահանդէսներում կամ վաճառասրահներում օսմանեան, թրքական կամ յունական անուան տակ կը ներկայացուին այս գեղեցիկ գործերը. հայկական բառը չի յիշւում: Ուրախ եմ այսօր հնարաւորութիւնը ունենք առանց որեւէ մէկին հաշուետու լինելու ասել, որ ասոնք մեր նախնիների ժառանգութիւնն են եւ շատ կարեւոր է, որ հանրութիւնը իմանայ»:

Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնած ձեռագործերու դասընթացքը եկաւ հիմնաւորելու վերոնշեալ միտքերը: Խանդավառուած ցուցաբերուած հետաքրքրութենէն ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ստեղծուած յատուկ յանձնախումբը գործի լծուելով որոշեց կազմակերպել հայկական գորգանախշերու եւ Սվազի՝ Սեբաստիոյ ձեռագործի դասընթացքներ:

Հմուտ եւ շնորհալի ՀՕՄ-ուհի ընկհ. Շաքէ Կէօնճեան մեծ սիրով ստանձնեց հայկական գորգանախշերու դասընթացքը, իսկ Պէյրութէն ընկհ. Սիրուն Մուշեան-Սեֆերեան, որ ժամանակաւոր կը գտնուի Մոնթրէալ, ձեռնհասօրէն կատարեց Սվազի ասեղի ուսուցումը:

Անսպասելի ու հաճելի անակնկալ մը եղաւ հետաքրքրուողներու ու դասընթացքներուն արձանագրուողներու մեծ թիւը: Աննկարագրելի է մասնակցողներու խանդավառութիւնը , շատ գեղեցիկ ու նուրբ են իրենց աշխատած գործերը եւ մանաւանդ մեծ է շարունակելու եւ նորը սորվելու բոլորին փափաքը: Գոհացնելու համար այս սէրն ու հետաքրքրութիւնը եւ նորերուն ալ առիթ տալու համար յանձնախումբը ծրագրեց ստեղծել դասընթացքներու երկրորդ շարք մը: Մեծապէս գոհացած ու խանդավառուած ստեղծուած արդիւնքէն ՀՕՄ-ի վարչութիւնը եւ ձեռագործի յանձնախումբը կուգան իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնելու ընկհ. Շաքէ Կէօնճեանին եւ ընկհ. Սիրուն Մուշեան-Սեֆերեանին իրենց սիրալիր համագործակցութեան, համբերութեան եւ նոր շրջան մը սկսելու պատրաստակամութեան համար:

Տիրուկ Մանճիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.