Մոնթէալի հայ համայնքը միասնական շարքերով ոգեկոչեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն հարիւրամեակը
Կիրակի, 13 Մայիս 2018-ին, Մոնթէալի Centre Arménie-ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Լեւոն Մարտիրոսեանի եւ ներկայութեամբ գաղութիս հայ համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ մօտ 1000 հայորդիներու:
Ձեռնարկի բացումը կատարեցին Հայ Կաթողիկէներու, ՀՄԸՄ «Կամք»ի եւ ՀԲԸՄ-ի փողերախումբերը՝ նուագելով Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներն ու օրուան խորհուրդը բնորոշող «Սարդարապատ»ը։
Գեղարուեստական բաժինին մէջ ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտ Կարէն Գանըմեան արտասանեց Ժագ Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի ատենապետ պրն. Վիգէն Սարգիսեան փոխանցեց կազմակերպիչ մարմնի խօսքը, որուն մէջ շնորհաւորեց Հայաստանի նորընտիր վարչապետ պրն. Նիկոլ Փաշինեանին, մաղթելով որ առաջնորդէ Հայաստանը դէպի նոր եւ փայլուն յաջողութիւններ, կոչ ուղղեց Քեպէգի բոլոր հայ կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, վարժարաններուն եւ եկեղեցիներուն, որ շարունակեն միասնական աշխատանքը, մէկդի դնելով բոլոր տարբերութիւնները՝ ի շահ հայրենիքի բարելաւման եւ հայապահպանման: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ սոյն ձեռնարկի համագաղութային ջանքերով իրականացումը երազ մըն էր, որ մեծ յաջողութեամբ իրականացաւ։ Ապա աւարտելով իր խօսքը՝ շնորհաւորեց Մայրերու տօնը։
«Նարեկ» վարժարանի երկրորդական Դ. կարգէն Սարին Ճանճիկեան Սարդարապատի ճակատամարտի հակիրճ պատմական մը ներկայացնելէ ետք արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սարդարապատը» բանաստեղծութիւնը։ Նշենք, որ գաղութիս երեք հայկական վարժարաններէն օրուան յայտագրին մաս կազմող աշակերտներուն ասմունքներու ընտրութիւնը կատարեց եւ փորձերուն հսկեց տիկ. Անահիտ Պալեան:
Հայասատանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան վսեմաշուք Լեւոն Մարտիրոսեանի ուղերձի ընթերցումը կատարեց, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, Գանատայի մօտ ՀՀ հիւպատոս պրն. Արա Մկրտչեան, որմէ ետք պրն. Համբիկ Ճապուրեան տուտուկի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Տլէ Եաման»ը եւ Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն Հաւուն»ը։
Բեմ բարձրացաւ հայրենի երգչուհի Կապի Կալոյեան, որ տուտուկի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը, ապա հայրենի երգիչ Ռուբէն Սասունցի մեկնաբանեց «Կենաց հայերի» երգը, զոր նուիրեց մեր հայրենիքին համար զոհուած հայ զինուորներուն։
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» երկրորդականի Ե. կարգի աշակերտ Ժագ Աւագեան արտասանեց Ժագ Յակոբեանի «Կարմիր, Կապոյտ, Նարնջագոյն» բանաստեղծութիւնը, ապա կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր, Հայաստանի Հանրապետութեան ԳԱԱ-ի Պատմութեան Ինստիտուտի տնօրէն դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանը, որ յայտնեց, թէ վերջերս Հայաստան անցուց ճակատագրական պահեր, սակայն իշխանափոխութիւնը կատարուեցաւ շատ սահուն ձեւով, ինչ որ արդիւնք էր պետականութեան բարձր գիտակցումին, որ կերտուած էր 1918 թուականին մեր արեան գնով պարտադրած եւ ձեռքբերած անկախութեամբ։ Ան պատմականը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ստեղծման, շեշտելով որ այն օրերուն գոյութիւն չունէր ներկուսակցական խնդիր, այլ կար միասնական գաղափար՝ կերտել Ազգային Պետութիւն եւ ստեղծել հայոց պետականութիւն։ Ան դրուատեց Քեպէգի հայ համայնքի միասնականութիւնը եւ մաղթեց, որ օր մը ազգովին տունդարձի ճամբան բռնենք դէպի Հայաստան։
Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը, Ռուբէն Սասունցի մեկնաբանեց «հայրենասիրական երգերու շարան», «Սասնայ եարխուշտա», «Հայ ֆիտայի», «ֆիտայական երգերի շարան», «Մշեցի» եւ «Սասնայ պար» երգերը եւ Կապի Կալոյեան մեկնաբանեց «Թամամ աշխարհ», «Մեր պարերը», «Սարի աղջիկ», «Գետաշէն», «Հայեր միացէք», «Սարերի հովին մեռնեմ» եւ «Հայաստան» երգերը։ Հանդիսատեսները շուրջպարերով խանդավառութիւն եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ։ Վերոյիշեալ երգերուն ընկերացան Համազգայինի «Անի» զոյգ պարախումբերը, գեղարուեստական ղեկավարներութեամբ՝ Եւա Հայրապետեանի եւ Ճօ Աւագեանի։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Կապի Կալոյեանի եւ Ռուբէն Սասունցիի՝ «Հայեր Միացէք» զուգերգով։
Ձեռնարկի աւարտին պրն. Վիգէն Սարգիսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի կազմակերպական աշխատանքին եւ յաջողութեան։
Ձեռնարկէն ետք ներկաները ուղղուեցան սրահի ներքնայարկը, ուր տեղի ունեցաւ սուրճի սպասարկութիւն եւ կարկանդակի հատում։
Մարալ Նազարեան