«Միացեալ Նահանգներէն Աջակցութիւն Ստանալու Հայաստանի Փորձերը Չեն Յաջողիր». Stratfor

Ամերիկեան Stratfor վերլուծական կեդրոնի մասնագէտները` նոր մեկնարկած տարուան հիմնական աշխարհաքաղաքական կանխատեսումներուն նուիրուած իրենց զեկոյցին մէջ կը յայտնեն, որ՝ 2025ին, Միացեալ Նահանգներէն լուրջ աջակցութիւն ստանալու՝ Հայաստանի փորձերը անյաջողութեան պիտի մատնուին։

«Թրամփի վարչակազմին համար առաջնահերթ են Պաքուի հետ սերտ կապերը` իբրեւ տեղական հակակշիռ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի տարածաշրջանային ազդեցութեան։ Փոխարէնը Հայաստան հիմնական շեշտը պիտի դնէ Ֆրանսայէն ռազմական սպառազինութեան ձեռքբերման վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ աւելցնել առեւտրական շրջանառութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ: Արեւմուտքի հետ քաղաքական եւ պաշտպանական աճող կապերը Հայաստանը պիտի փորձէ օգտագործել Ատրպէյճանի` կացութեան սրման վերաբերող քայլերը զսպելու, Պաքուի առաւել կոշտ պահանջներուն` նախեւառաջ Հայաստանի հարաւային շրջաններով տարանցիկ ուղի ստանալու պահանջին դիմադրելու համար», կը նշեն զեկոյցին հեղինակները, ըստ որոնց, 2025ին Հարաւային Կովկասը պիտի շարունակէ թատերաբեմ մնալ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան, իսկ Հայաստան եւ Ատրպէյճան՝ «բանակցային գործընթացին մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդելու համար պիտի շարունակեն արտաքին աջացկութիւն որոնել»:

«Հաւանական է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շարունակեն շարժիլ խաղաղ համաձայնագիրի կնքման ուղղութեամբ, սակայն տարակարծութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ամբողջական սահմանազատման եւ տարանցիկ ուղիներու բացման մանրամասնութիւններուն, ըստ ամենայնի կ՛արգելափակեն 2025ին խաղաղ համաձայնագիրի կնքման կարելիութիւնները», կ՛ըսեն վերլուծաբանները, որոնք համոզուած են, որ Ատրպէյճան այս տարի եւս պիտի շարունակէ իր ռազմական առաւելութիւնը իբրեւ լծակ օգտագործել բանակցային գործընթացին մէջ:

«Ատրպէյճան եւ Հայաստան պիտի խուսափին Մոսկուային հակազդելէ` Ուքրանիոյ մէջ կրակի հնարաւոր դադարեցումը եւ Վրաստանի մէջ գործող ռուսամէտ կառավարութիւնը յառաջիկայ տարիներուն իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Մոսկուայի ազդեցութեան լծակներու աճ նկատելով», կը գրեն զեկոյցին հեղինակները:

Comments are closed.