«Մեր պարտականութիւնն է արժանավայել կերպով նշել ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը». Հարցազրոյց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբայր Մոսիկ Թօփուզեանի հետ

Horizon Weekly Newspaper

«ՀՄԸՄ-ը ամբողջ դար մը մեր երիտասարդութիւնը դաստիարակեց, ոգեշնչեց եւ գօտեպնդեց իր սկաուտական եւ մարզական շարքերով, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է արժանավայել կերպով նշել ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը»

Հարցազրոյց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբայր Մոսիկ Թօփուզեանի հետ

Հ.- Այս տարի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, կը նշէ իր հիմնադրման հարիւրամեակը: Ինչպէ՞ս համադրուած են այս առթիւ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւնները, եւ ի՞նչ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին այս առթիւ Հայաստանի մէջ:

Մ.Թ.- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ինքն է, որ կը համադրէ ու կը հետապնդէ բոլոր միջոցառումներն ու նախաձեռնութիւնները: Անշուշտ յառաջացուցեր ենք զանազան յանձնախումբեր, որոնք մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր կը կազմակերպեն եւ կը համադրեն տեղի ունենալիք բոլոր ձեռնարկները: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն՝ շարքը բաւական երկար է.

Հայաստանի մէջ ձեռնարկները պիտի սկսին 19 Յուլիսին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 30 Յուլիս: 19 Յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի բացման հանդիսութիւնը Բիւրականի մէջ, նոյն օրը հոն յուշաքանդակի բացումը տեղի պիտի ունենայ, նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի 90-ամեակին առթիւ Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան համալիրին մէջ զետեղուած էր յուշաքանդակ մը, որ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին քանդուեցաւ, այդ պատճառով Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց հարիւրամեակին Տէր Զօրի այդ յուշաքանդակին նախագիծով այլ յուշաքանդակ մը պատրաստել եւ զետեղել Բիւրականի մեր բանակավայրին մէջ: 90-ամեակին շուրջ 100 մասնաճիւղեր ունէր ՀՄԸՄ-ը, հիմա արդէն 110-ի հասած է: Մասնաճիւղերուն անունները եւ հիմնադրութեան թուականները այդ յուշաքանդակին վրայ պիտի զետեղուին: Ամսուն 20-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ նախատեսուած է դրօշակի բացման արարողութիւն, ապա Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ՀՄԸՄ-ի իրերու ցուցահանդէսի բացում, այս առթիւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակը մէկ շաբաթ պիտի ծածանի թանգարանին առջեւ, որմէ ետք պիտի յանձնուի թանգարանին, իսկ թանգարանին կողմէ եռագոյն դրօշ մը պիտի յանձնուի ՀՄԸՄ-ին, որպէսզի զետեղենք զայն Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան թանգարանին մէջ: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ ջահավառութիւն եւ ծառատնկում. ջահավառութիւնը պիտի ըլլայ 3 երկիրներէ բերուած ջահերով, մէկը Փարիզէն, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն Գրիգոր Յակոբեանի գերեզմանէն, երկրորդ ջահը պիտի գայ Պոլիսէն, նոյնպէս ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Յովհաննէս Լնդեանի գերեզմանէն, երրորդ ջահը Լիբանանի Նահատակաց մատուռէն, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ: Երեք ջահերը պիտի բերուին, եւ ջահավառումը պիտի կատարուի, որուն ընթացքին ծառատնկում ալ տեղի պիտի ունենայ՝ հողին խառնելով այդ երեք երկիրներէն բերուած հող: Յուլիս 21-ին ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն քանդակի բացում նկատի առնուած է, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ Կեդրոնական վարչութեան կեդրոնի մուտքին: Ամսուն 21-ին Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ տողանցք՝ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներուն կողմէ, որոնց թիւը արդէն 1200-ի հասած է:

Կիրակի, 22 Յուլիսին, Եռաբլուր պիտի այցելենք, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Արցախաեան պատերազմի զոհերուն յիշատակին: 23 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժման հիմնադիր Վահան Չերազի արձանի բացումը պիտի ըլլայ Կիւմրիի մէջ, Վահան Չերազի անունով կոչուած պողոտային վրայ: Հոս ուրախութեամբ կ’ուզեմ նշել, որ Գանատայի շրջանը ստանձնեց կնքահայրութիւնը այդ արձանի զետեղման, որուն արժեգինը մօտաւորապէս 30000 տոլար է. այս մէկը իսկապէս մեծ պատիւ է Գանատայի շրջանին համար: 24 Յուլիսին հանրային պաշտօնական հանդիսութիւն՝ Օփերայի դահլիճին մէջ եւ պաշտօնական ընթրիք՝ Ֆլորանս ճաշարանին մէջ, որուն հրաւիրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու մեր երկու վեհափառները: 25 Յուլիսին նկատի առած ենք գիտաժողով մը՝ նուիրուած ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան: 26 Յուլիսին պիտի կատարենք ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի մեկնարկը: 28 Յուլիսին դրօշակի փակման արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ինչպէս նաեւ Բիւրականի մէջ բանակումի փակման հանդիսութիւն: Եւ վերջապէս, 29 Յուլիսին՝ հանրային փակման ճաշկերոյթ, Փարաւոն ճաշարանին մէջ: Սոյն ձեռնարկներուն նախահաշիւն է 400,000 տոլար:

ՀՄԸՄ-ը ամբողջ դար մը մեր երիտասարդութիւնը դաստիարակեց, ոգեշնչեց եւ գօտեպնդեց, իր սկաուտական եւ մարզական շարքերով, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է արժանավայել կերպով նշել 100-ամեակը:

Հ.- Իսկ մեծն Մոնթրէալի մէջ ինչպիսի՞ նախաձեռնութիւններ նկատի առնուած են այս առթիւ:

Մ.Թ.- Գանատայի մէջ Շրջանային վարչութիւնը երկու ձեռնարկ նկատի ունի Նոյեմբեր ամսուան վերջաւորութեան, մէկը Մոնթրէալի, իսկ միւսը՝ Թորոնթոյի մէջ: Մեծն Մոնթրէալի պարագային անշուշտ Մոնթրէալի եւ Լաւալի մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ, իսկ Թորոնթոյի պարագային՝ Օնթարիոյի մասնաճիւղերուն: Այս առթիւ Շրջանային վարչութիւնը հրաւիրած է Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը: Պաշտօնական հանդիսութիւնները պիտի ընդգրկեն բանախօսութիւն, խօսքեր, գեղարուեստական բաժին եւ հաւանաբար՝ պարգեւատրումներու ալ բաժին մը:

Հ.- Նոր սերունդին կազմակերպման եւ դաստիարակութեան ծիրէն ներս միշտ ալ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ՀՄԸՄ-ը: Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք այդ առնչութեամբ ներկայիս տարուած աշխատանքները:

Մ.Թ.- Այս ուղղութեամբ մեր լիագումարներուն ընթացքին յաճախ նման հարցեր կ’արծարծենք: Վերջին լիագումար ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ, որոշեցինք կազմակերպել երիտասարդական համագումար մը, որ նկատի առնուած է 2019-ի Մարտին: Այս համագումարը կը միտի ունկնդրել միութեան շարքերուն մէջ գործած եւ գործող երիտասարդներուն կարծիքները, քննարկել նախորդ մեր գործելաձեւը եւ ապագայի նոր ծրագիրներու առաջարկներ ունենալ: Այս միջոցաւ կը միտինք նաեւ ոչ տարազաւոր եւ ոչ մարզիկ երիտասարդներու ներդրումը ապահովել մեր միութեան աշխատանքներուն: Այս մէկը առաջին անգամ ըլլալով է, որ պիտի կազմակերպենք եւ յոյսով ենք, որ մեծ թիւով երիտասարդներ կը մասնակցին այս համագումարին:

Հ.- Այսպիսով ՀՄԸՄ-ը պիտի մտնէ իր երկրորդ հարիւրամեակը, կը քննարկուի՞ն նոր գործընթաց, նոր ուղեգիծ կամ նոր աշխատելաձեւ:

Մ.Թ.- Անշո՛ւշտ, նման քննարկումներ միշտ ալ առկայ են, եւ մեր վերջին լիագումարին այդ ուղղութեամբ քանի մը կէտերու անդրադարձանք: Մեծ ծրագիրները միշտ ալ նիւթական մեծ ներդրումներու կը կարօտին, այդ պատճառով իսկ անձեռնմխելի գումար մը ունենալու համար ստեղծեցինք ֆոնտ մը, որուն միջոցաւ պիտի փորձենք ապահովել յառաջիկայի մեր ծրագիրներուն հարկ եղած պիւտճէն: Նորարարութիւններուն հետ քայլ պահելու համար նաեւ ստեղծած ենք homenetmen.orgը, ուր կարելի է գտնել մեր «Մարզիկ» պարբերաթերթին առցանց տարբերակը, ներառեալ հին թիւերը, ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը, բոլոր արխիւները, ինչպէս նաեւ մեր առօրեայ լուրերը բոլոր շրջաններէն: Աշխատանք կը տարուի շուտով ստեղծելու ՀՄԸՄ-ի հեռաձայնային առբերում մը (app), որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն արագութեամբ տեղադրել մեր լուրերը: Սկսած է գործել նաեւ մեր առցանց գնումի ծրագիրը (online shop), որուն միջոցաւ կարելի է ստանալ մեր յուշանուէրները ամէնուրեք:

Հ.- Ի՞նչ է ձեր պատգամը մեր ընթերցողներուն:

Մ.Թ.- Բոլորս գիտենք, որ ՀՄԸՄ-ը, իր սկաուտական եւ մարզական շարքերով, մեր նոր սերունդն ու երիտասարդութիւնը կը դաստիարակէ ազգային, հայեցի եւ եկեղեցական ոգիով: Ես կոչ կ’ուղղեմ բոլոր ծնողներուն, որ իրենց զաւակները վստահին ՀՄԸՄ-ին, ուր անոնք պիտի ստանան ազգային, մարզական եւ միութենական դաստիարակութիւն:

Հարցազրոյցը վարեց

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.