Մեր պատանիները կը բարձրաձայնեն, ականջ տանք այդ ձայնին

Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեանի խօսքը՝ «ՊԱՏԱՆԻԻՆ ԱՇԽԱՐՀԸ» հրատարակութեան կապակցութեամբ.

Ահաւոր օրեր էին…

Հայրենի հողը մաս առ մաս կը կորսնցէինք, մեր արժէքները սրբութիւն առ սրբութիւն կը պղծուէին, հայաթափումը հոգեցնցիչ մղձաւանջի նման կ’ապրէինք, Միջին Արեւելքի ամենաեռուն համայնքները սարսափ կը շնչէին …

Այսուհանդերձ…

Այսուհանդերձ մեր սկզբունքներու ամրոցը չքանդեցինք:

Այսուհանդերձ մեր ազգային արժէքներու համակարգը չտապալեցինք:

Այսուհանդերձ մեր նպատակները ամրագրող մատեանը չայրեցինք:

Չէինք կրնար քանդել, տապալել, այրել: Կրնայինք անտարակոյս, սակայն ի՞նչն էր, որ արգիլեց, ի՞նչն էր, որ այսքան ահռելի կացութիւններու մէջ գտնուելով հանդերձ ոչ միայն ետ մղեց մեզ սխալ գործելէ, այլեւ մեր ուղին շարունակելու ուժ պարգեւեց:

Այդ մեր դաստիարակութիւնն է:

Հայրենանուէր անդաստաններուն մէջ հասակ առած, ազգային հոգու սնունդով պարարտուած, մարդկային արժէքներով մշակուած մեր հասկերը այլ կերպ չէին կրնար վերաբերիլ …Անոնք այս պայմաններուն մէջ յուսահատութեան գերին դառնալու փոխարէն ստեղծագործութեան հոսանքով թիավարեցին…

Այս անգամ մեր հերոսները մեր նորափթիթներն էին, որոնք իրենց գրիչներով զարմացուցին, ոգեշնչեցին եւ ամենակարեւորը հաստատեցին, որ մեր գործը ի զուր չէ գացած, որ մեր ուղին հարթելու աշխատանքը պիտի շարունակուի եւ որպէս այս հաստատման երաշխիք սեղան բերին պատանիներուն յատուկ «ՊԱՏԱՆԻԻՆ ԱՇԽԱՐՀԸ» հրատարակութիւնը:

84 էջերէ բաղկացած Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Գրասենեակի պարբերաթերթին մէջ մեր պատանիները գրեցին հայրենիքի, դաստիարակութեան, գիտակցութեան, պատմութեան, միութենական կեանքի, արհեստագիտութեան նորութիւններուն եւ այլ նիւթերու մասին: Այս հրատարակութիւնը լոյս աշխարհ հանեց մեր բանաստեղծ պատանիները եւ ապագայ շնորհալի մտաւորականները:

Պատանիներու կողքին պատանեկան միութիւններու մէջ աշխատանքային փորձառութիւն ու հմտութիւն ունեցող ընկերներ, հարստացուցին հրատարակութիւնը:

Ո՛չ պարտութիւնները, ո՛չ պատերազմները, ոչ հալածանքները կրնան ընկճել դաստիարակուած ազգը£ Ազգ, որուն զաւակները 21-րդ դարու ասելի ու անասելի մարտակոչերուն հանդերձ տարբեր ցամաքամասերու մէջ հայերէն կը գրեն: Ազգ, որուն զաւակները ցնցիչ ու զգլխիչ սպառնալիքներուն հանդերձ Հայ Դատ կը հետապնդեն: Ազգ, որուն զաւակները ոլորամոլոր մշակոյթներու յարդարանքները կը դիտեն, սակայն չեն խոտորիր:

Այս օրերուն երբ հայկական վարժարաններ կը փակուին, խմբագրատուներ կը գոցեն իրենց դռները, մեր պատանիները «Պատանիին Աշխարհ»ը հրատարակութեան ընդմէջէն կը բարձրաձայնեն ու կը յորդորեն, որ մեր քայլերը թէկուզ դանդաղին, սակայն կանգ չ’առնեն, որովհետեւ թիրախը կը նուաճեն անոնք, որոնք չեն գիտեր նահանջել:

Պարզապէս պէտք է ականջ տալ այդ ձայնին:

«ՊԱՏԱՆԻԻՆ ԱՇԽԱՐՀԸ» հրատարակութեան PDF ֆայլը՝ այստեղ BADANII ASKARH 2024-compressed (1)

Comments are closed.