«Մեր Պայքարը Միայն Տաւուշի Համար Չէ, Այլ Ամբողջ Հայաստանի Համար». Բագրատ Արք. Գալստանեան

Յունիս 5-ին Սոթքի մէջ  տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին հանրահաւաքը` Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ:

«Վարդենիսը դարձած է ամբողջութեամբ սահման», հանրահաւաքի ժամանակ սահմանազատման նիւթով ըսաւ Բագրատ սրբազանը` հարց բարձրացնելով, թէ ինչո՞ւ սահմանազատումը չեն սկսիր այստեղէն:

«Ո՞ւր էին սահմանները մինչեւ հիմա, առաջնագիծը ո՞ւր էր 4-6 տարի առաջ, հիմա ո՞ւր է. այս բոլոր արօտավայրերը, քիչ առաջ նախկին համայնքապետի հետ կը խօսէի, իր թուղթով վաւերացուած հողերը այլեւս թշնամիի ձեռքն են, մարդոց հողերը, մեր երկրի հողերը: Ես Տաւուշէն կու գամ, 10 տարի Տաւուշը եղած է Հայաստանի ամէնէն երկար սահմանագիծը, ամէնէն պաշտպանուածը, Վարդենիսի կամ այս շրջանին մէջ փոքրիկ հատուած մըն էր ընդամէնը, հիմա ամբողջութեամբ սահման դարձած է, այն ալ չենք գիտեր ի՛նչ կարգավիճակով», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:

«Սուտի ճամբան պէտք է կտրուի, ի՛նչ գին ալ մեզմէ պահանջուի», ըսաւ ան:

Բագրատ սրբազանը նշեց, որ «պայմանագրային ուսուցիչներուն ստիպած են չգալ հաւաքի»` հարցնելով, թէ ինչէ՞ն կը վախնան:

Երէկ աւելի կանուխ շարժումը ինքնաշարժներու երթով Երեւանէն շարժած էր Վարդենիս:

Բագրատ սրբազանը երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ պայքարը միայն Տաւուշի համար չէ, ուրկէ սկսած է սահմանազատման գործընթացը, այլ` ամբողջ Հայաստանի:

«Մեր շարժումն ու պայքարը իրենց բովանդակութեամբ այն մեծ ահազանգն են, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ ամբողջ Հայաստանի մէջ: Նաեւ այս պատճառով կ՛երթանք Վարդենիս», նշեց ան:

Բագրատ սրբազանը կարեւոր նկատեց մարզային այցելութիւնները, այդուհանդերձ, տեղեկացուց, որ շարժումը չեղեալ կը նկատէ դէպի Սիւնիք այսօրուան այցելութիւնը, պատրաստուելու համար Երեւանի կիրակի օրուան մեծ հանրահաւաքին:

Comments are closed.