«Մեր ուժը սպառած չէ». Քրիստինէ Վարդանեանի կոչը հայ երիտասարդութեան
- (0)

«Հայաստան» դաշինքի հանդիսաւոր հաւաքի ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան հանդէս եկաւ յուզիչ պատգամով՝ ուղղուած հայ երիտասարդութեան: Իր ելոյթին մէջ ան շեշտեց, որ քաղաքականութեան մէջ գտնուելու իր հիմնական շարժառիթը հայրենի տունը պահպանելն է, քանի որ առանց ապահով տան կարելի չէ հանգիստ կեանք ունենալ:
Վարդանեան անդրադարձաւ հայ երիտասարդութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ինչպիսիք են յուսահատութիւնը, թմրամոլութիւնն ու խաղամոլութիւնը: Ան ներկայացուց դաշինքի կարեւորագոյն յանձնառութիւններէն մէկը, այն է՝ Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը ամբողջութեամբ անվճար դարձնելը: Ըստ պատգամաւորին, ասիկա պարզապէս նախընտրական խոստում չէ, այլ ապագայի հիմնաքար, որպէսզի նոր սերունդը ոչ թէ կործանարար սովորութիւններով զբաղի, այլ իր տեղը գտնէ գիտութեան եւ գործարարութեան աշխարհին մէջ:
Ելոյթի ընթացքին պատգամաւորը նաեւ ընդգծեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները ոչ թէ անուններու կամ կուսակցութիւններու միջեւ են, այլ արժէքներու եւ պետութեան զարգացման ուղիի: Ան կոչ ուղղեց չսպասել օտար մայրաքաղաքներու որոշումներուն, այլ սեփական ուժերով կերտել երկրի յաջողութիւնը:
Վարդանեան շեշտեց, որ այս ընտրութիւնը նաեւ պարտաւորութիւն է յանուն նահատակուած հերոսներու եւ տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան: Եզրափակելով իր խօսքը՝ ան վստահութիւն յայտնեց, որ հաւաքական ուժով հնարաւոր է բեկել պատմութեան ընթացքը եւ միասին անցնիլ դէպի երազանքներու Հայաստան տանող պատուաբեր ճանապարհը: